ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Ա-ին
Հիւանդանոցի սենեակիս մենութեան մէջ
կեանքին կը նայէի սերոմին թըփ-թըփ-թըփ կաթկթումով
բան չէր լսուեր սակայն
«սա անիծեալ շիշը մինչեւ առտու պիտի պարպուի հարկաւ»
կը փիլիսոփայէի
երբ փոթորիկ ընկերս ներս խուժեց եւ թելը փրթաւ
«լաւ որ գացինք աչքի տոքթորին
գիտե՞ս ինչ լաւ բան է երկու տեսնելը
հիմա եթէ գրպանդ հազար տոլար ունիս
կը կարծես որ երկու հազար ունիս»
նախադասութիւնները ետեւ-ետեւի թափեց վրաս
եւ քրքջաց զիս ալ խնդացուց
մտահոգութիւններս փարատեց
սերոմը ուզէ թող պարպուի ուզէ թող չի պարպուի
բայց արդեօք պահարանին մէջ կախուած տաբատիս գրպանին մէջ
մէ՞կ միլիոն լիբանանեան ոսկի կայ թէ երկու միլիոն լիբանանեան
ինչպէ՞ս պիտի գիտնամ
ահաւասիկ նոր մտահոգութիւն մը
սերոմի կաթիլներէն աւելի կենսական…
Մէկ ժամէն ընկերս մեկնեցաւ
ստուգեցի
տաբատիս գրպանին մէջ ունիմ
հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի
եւ հարիւր տոլար
հաշիւիս մէջ երկու տեսնել չկայ… մէկ մէկ ալ երկու կ՛ընէ
այս մտահոգութիւնն ալ փարատեցաւ
Հիմա գլխաւոր մտահոգութիւնը գլուխ ցցեց
բժիշկ-բժիշկուհիներ յաջորդաբար եկան
եւ տեսակաւոր քննութիւններ կատարելէ ետք
պարզեցին թէ գլուխիս մէջ աւելորդ ջուր կուտակուած է
եւ այդ ջուրը պէտք է դեղերով ցամքեցնեն
նախ վախցած էին թէ աւելի լուրջ բարդութիւններ կրնան յառաջանալ
յամենայն դէպս ընկերոջս կատակը լուրջի վերածուեցաւ
կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամԷն օր երեք տեսակ դեղ
կ՛առնեմ
եւ խորապէս կ՛անդրադառնամ
թէ մարդու մը կեանքը շատ բարակ թելէ մը կախուած է
եւ կեանքին հետ կատակ չ՛ըլլար…
նոյնիսկ եթէ կեանքը երկու տեսնես եւ կամ ապրելիք երկու կեանք
ունենաս
չմոռնամ յիշեցնելու թէ կեանքի թելին ճախարակը Աստուծոյ ձեռքին
մէջն է
եւ մենք միայն կրնանք աղօթել որ այդ ճախարակը դառնայ «եղիցին
կամք քո» աղօթքին կշռոյթով…
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որ աղօթեցին
եւ կը շարունակեն աղօթել բոլոր հիւանդներուն համար…
Անթիլիաս – Լիբանան
28 դեկտ. 2021