Հայկազեան համալսարանի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ քուէյթաբնակ, նախկին հալէպահայ Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերու եւ անոնց զոյգ թարգմանութիւններու շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ներկայացնելով ձեռնարկին առիթն ու այս առթիւ խօսք առնողները:
Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ հայ թարգմանական աշխատանքին մէջ սուրիահայերու կարեւոր ներդրումին եւ ընդգծեց, որ սուրիահայեր, հալէպահայեր քիչ մը աւելի առնչութիւն ունին ոչ-հայկական մամուլին հետ, յատկապէս` արաբական մամուլին: Տագէսեան բարձր գնահատեց քուէյթաբնակ Կիրակոս Գույումճեանի ստորագրած գրութիւնները լիբանանեան ու առհասարակ արաբական մամուլին մէջ, ինչպէս` «Նահար», «Հայաթ», «Շարք Աուսաթ», «Քապաս» (քուէյթեան), «Ուաթան» եւ այլն: Ապա ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակ Կիրակոս Գույումճեանն ու անոր գիրքերու խորագիրները: Ապա ան հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսները:
Նախ խօսք առաւ դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, որ ներկայացուց Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերն ու անոնց թարգմանութիւնները` «Կայաններ ու դիրքորոշումներ» եւ` «100 տարի ցեղասպանութենէն վերականգնում»: «Ըլլալով գործարար մը, ան նոյնքա՛ն ժրաջանութեամբ ստորագրած է յօդուածներ», ընդգծեց Աղպաշեան` նշելով, որ այդ յօդուածներու ամբողջութիւնը լոյս տեսած է զոյգ հատորներու մէջ: «Ան խորապէս զգացած է մեր ազգային գերխնդիրները աւելի իրապաշտ ձեւով օտար հանրային կարծիքին ներկայացնելու անխուսափելի հրամայականը», շեշտեց Աղպաշեան` դրուատելով Գույումճեանի գրական ոճն ու վերլուծական մօտեցումը:
«Պատահական չէ, որ հայ եւ ոչ հայ մտաւորականներ անդրադարձած են Գույումճեանի գրութիւններու կարեւորութեան», դիտել տուաւ Աղպաշեան` թուելով այդ անձնաւորութիւններէն կարգ մը անուններ: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ նշեալ գիրքերուն եւ անոնց թարգմանութեանց ընդգրկած յօդուածներն ու անոնց կարեւորութիւնը: Պ. Աղպաշեան տասը կէտերու մէջ ընդգծեց Գույումճեանի գրութեանց հիմնական երեսները:
Ապա խօսք առաւ «Նահար» թերթի անձնակազմէն` Ժոզեֆ Պասիլ, որ արաբերէնով ներկայացուց Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերը` արաբ մտաւորականի դիտանկիւնէն: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս «100 տարի, ցեղասպանութենէն վերականգնում» գիրքի արաբերէն օրինակին բովանդակութեան, կարեւորութեամբ շեշտելով Գույումճեանի մօտեցումը այս մասին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Պասիլ իր ակնածանքն ու զօրակցութիւնը արտայայտեց հայոց պահանջատիրական ոգիին նկատմամբ: Պատմական ակնարկով ան վերյիշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ մեղսակից են թուրքերն ու իսրայէլացիները` նշելով, թէ ինչպէս իսրայէլացիք խոստացած են հատուցել սուլթան Ապտել Համիտի իշխանութեան մեծագումար պարտքերը, փոխարէնը ստանալ Համիտի զօրակցութիւնը Իսրայէլի պետութեան հռչակման: Սակայն սուլթան Համիտ մերժելով հանդերձ նշեալ առաջարկը, գործակցած է Թէոտոր Հերցոլի սիոնական կազմակերպութեան հետ պատժելու հայերը եւ բարելաւելու Թուրքիոյ վարկը յաչս աշխարհին: Հանգամանք մը, որ ընդվզեցուցած է նշեալ կազմակերպութեան անդամ եւ հայոց բարեկամ Պերնառ Ապարը, որ հրաժարած է սիոնական կազմակերպութենէն եւ հրապարակած է բաց նամակ մը բուռն կերպով քննադատելով Հերցոլը: Պասիլ յատուկ ակնածանքով դրուատեց արաբական երկիրներ ապաստանած ու այդ տեղերու քաղաքացիութիւնը ընդունած հայերու հաւատարիմ, օրինապահ կեցուածքը, որ չարգիլեր անոր ազգային պատկանելիութեան յանձնառութիւնը: «Հարիւր տարի անցաւ ու տակաւին կրնայ հարիւր տարի եւս անցնիլ սակայն վախ չկայ, որովհետեւ հայկական հարցի ջահը կը բոցավառի Արարատի գագաթին», շեշտեց Պասիլ` հարց տալով, թէ «եթէ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը իրենց հողին վրայ ցեղասպանութիւն չէ, ապա ի՞նչ է ուրեմն ցեղասպանութիւնը»:
Իր կարգին խօսք առաւ նաեւ հեղինակ Կիրակոս Գույումճեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար ու յատկապէս անոր իրագործման նպաստողներուն:
«Երբեք չեմ զղջացած թիրախ ընտրելով արաական մամուլը եւ կը փորձեմ ու յաջողեցայ կամուրջ կառուցել հայ-արաբական բարեկամութեան մէջ»: Ան անհրաժեշտ նկատեց տպագիր խօսքի կողքին աշխուժ ներկայութիւն ըլլալ նաեւ ընկերային համացանցի եւ դիմատետրի վրայ` ջրելու ազերիական խեղաթիւրումները եւ օտար հանրային կարծիքին ներկայանալ իրապաշտ ոճով:
Ապա Գույումճեան մէջբերումներ կատարեց իր գրութիւններէն, հայերէն եւ արաբերէն ընթերցումներու իր բառերով` նախաճաշակներ հրամցնելով ներկաներուն:
Ապա ան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ: