ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 Մարտին, «Ֆէյսպուք»ի ուղիղ եթերի միջոցով յայտարարեց, որ բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասերը կանգ պիտի առնեն մինչեւ 23 Մարտ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար: Ան աւելցուց, որ 18-19 Մարտին պիտի անդրադառնան այս նիւթին, ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, դպրոցներուն փակումը պիտի երկարաձգուի։
Փաշինեան կոչ ուղղեց նաեւ՝ չկազմակերպելու զանգուածային ձեռնարկներ, իսկ հիւանդութեան ախտանշաններ ուենցող մարդոց՝ հեռու մնալու հաւաքական վայրերէ:
Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ համաշխարհային տնտեսական վերադասաւորումներուն՝ ըսելով, որ Հայաստանի համար կրնան թէ՛ կարելիութիւններ ստեղծուիլ եւ թէ հարցեր ծագիլ։
«Համաշխարհային տնտեսութեան մէջ տեղի են ունենում էական խմորումներ: Եւ, ի հարկէ, տեւական խմորումները կարող են էական խնդիրներ առաջացնել նաեւ բոլոր երկրների տնտեսութիւնների համար: Բայց ուզում եմ ասել, որ մեր կարծիքով Հայաստանի տնտեսութեան համար այս ժամանակաշրջանը ոչ միայն խնդիրներ կը ստեղծի, այլ նաեւ կը բացի հնարաւորութիւններ, որովհետեւ անխուսափելիօրէն համաշխարհային շուկայում վերաձեւումներ են տեղի ունենալու, վերադասաւորումներ են տեղի ունենալու: Կարծում եմ, որ այդ վերադասաւորումները Հայաստանի տնտեսութեան համար բացելու են նաեւ նոր հնարաւորութիւններ՝ չնայած պարզ է, որ կարող են առաջանալ նաեւ խնդիրներ: Մենք ուզում ենք մեր գործարար հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հնարաւորութիւնների վրայ, որոնք այսօր բացւում են եւ վաղը կը բացուեն՝ կապուած ընդհանուր առմամբ համաշխարհային տնտեսութեան վերադասաւորումների հետ», ըսաւ Փաշինեան: