Երեքշաբթի 12 Յունուար 2016-ի առաւօտեան Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան այցելեց Հալէպի Կրթական Տնօրէն՝ Տիար Իպրահիմ Մասօ, ընկերակցութեամբ՝ կրթական փոխ տնօրէն՝ Տիար Ապտուլ Խալէգ Զուղէյրիի եւ սեփական ուսումնառութեան տնօրէն՝ Տիար Մուսթաֆա Քատիրիի:
Տիար Իպրահիմ Մասօ, վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսեանի, պետական տնօրէն՝ Տիար Ապտուլ Համիտ ԱլՀարիրիի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Վաչէ Տիշոյեանի հետ շրջեցաւ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի քննութեան սրահները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշակերտներուն ուսումնական վիճակով եւ քաջալերելով զանոնք յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ վարժարանիս տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հետ, շնորհաւորական մաղթանքներ ուղղեց Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առիթներով եւ մեծապէս գնահատեց տարուած օրինաւոր եւ բծախնդիր աշխատանքը: Ապա կրթական Տնօրէնը այցելեց Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզ, ուր դիմաւորուեցաւ փոքրիկներու անուշ երգեցողութեամբ, ծափողջիւններով եւ ծաղկեփունջով՝ ամենափոքրիկ երեխայի ձեռամբ: Ան իր գնահատական եւ քաջալերանքի խօսքերով լաւագոյնը մաղթեց մանկապարտէզին:
Աւարտին, վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսեան իր երախտագիտական ջերմ զգացումները յայտնեց կրթական տնօրէնին եւ իրեն ընկերակցողներուն:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն
Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարան