ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոս 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման կարիքներուն։
Այս առթիւ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, ըսելով.- «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս հանգրուանին Լիբանանի ընկերա-տնտեսական տագնապին պատճառաւ լիբանանահայութիւնը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր։ Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին համատեղ ջանքերով այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս պիտի գանք եւ պիտի շարունակենք մեր հայապահպանման եկեղեցանուէր, ազգաշէն եւ հայրենակերտ առաքելութիւնը»։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ