Վերջերս Մանկավարժական համալսարանի նախագահի պաշտօնակատար, փրոֆեսէօր Աշոտ Խոեցեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, դոկտոր, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր:
Յուշագիրին նպատակն է երկու հաստատութիւններուն միջեւ ձեւաւորել ակադեմական եւ գիտական համագործակցութիւն: Յուշագիրին համաձայն, համալսարանները պիտի իրականացնեն` գիտնականներու, դասախօսական կազմի եւ ուսանողներու, գիտական հրատարակութիւններու փոխանակում, գիտական ամպիոններու գործակցութիւն: Նաեւ կը նախատեսուի միացեալ գիտական հետազօտութիւններու, գիտաժողովներու, սեմինարներու, հանրային դասախօսութիւններու, տարատեսակ միջոցառումներու կազմակերպում եւ իրականացում:
«Միջազգային համագործակցութիւնը եղած է, կայ ու պիտի մնայ Մանկավարժականի զարգացման կարեւոր պայմաններէն մէկը, իսկ 100-ամեայ համալսարանին համար ան նոր որակ եւ այլ խորհուրդ ունի: Կէս դարէ աւելի պատմութիւն ունեցող Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը, որ նախապէս եղած է քոլեճ, ըլլալով սփիւռքահայ կրթական կառոյցներու շարքին մէջ միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը` իր ուրոյն տեղը ունի: Երկու համալսարաններու կրթական բովանդակութիւնն ու կառուցուածքը ընդհանուր շատ գիծեր ունին. կը զբաղինք կրթական գործունէութեամբ, որ հայ մարդուն ապագան է», իր խօսքին մէջ նշեց ՀՊՄՀ-ի նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Խոեցեան եւ յոյս յայտնեց, որ երկու համալսարաններու համագործակցութիւնը պիտի ունենայ մէկ հիմնական նպատակ` խորացնել կրթական համագործակցութեան դաշտը, ըլլալ կողք կողքի` մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, դոկտոր, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան առաջին անգամ ըլլալով Մանկավարժական համալսարանին մէջ յայտնեց, որ անցեալէն համագործակցող համալսարաններուն համար յուշագիրը լաւ առիթ է` միասնաբար արձանագրելու աւելի շօշափելի արդիւնքներ. «Հայկազեանը տարիներ շարունակ կատարած է իր առաքելութիւնը. կառոյցի շրջանաւարտները ամենատարբեր ոլորտներու մէջ կը ծաւալեն մասնագիտական լուրջ գործունէութիւն` նպաստելով հայապահպանման եւ հայ ուսուցիչներու պատրաստման աշխատանքին: Այդ առումով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը եւս կամրջող իրականութիւն է, հայագիտութիւնը` իբրեւ զարգացող գիտութիւն տեսնելու առումով», յայտնած է վեր. Փ. Հայտոսթեան:
ՀՊՄՀ Գիտական գրադարանի տնօրէն Տիգրան Պետրոսեանց նշեց, որ յուշագիրը պէտք չէ իբրեւ փաստաթուղթ մնայ. մեծ նուաճում պիտի ըլլայ, եթէ բովանդակային առումով դառնայ համալսարաններու միջեւ ծաւալող գործունէութեան հիմք եւ ունենայ գործնական նշանակութիւն:
Յուշագիրին կնքման յաջորդեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի գիտական կեդրոնի յոբելենական հատորի շնորհահանդէսը, որ ներկայացուց բանասէր, թարգմանիչ Արծուի Բախչինեանը: Ան ըսաւ. «Այսօր ունինք իր տեսակին մէջ անսովոր հրատարակութիւն, որուն նախաբանին մէջ գիտակից վերտառութեամբ գրուած է. «Հատորն այս կէս դարու ընթացքին կը մնայ հաւատարիմ` գիտական ազատ կարծիքի ամպիոն եւ Հայաստան-սփիւռք հայագիտական կամուրջ ըլլալու իր կոչումին»:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ կայացաւ շնորհահանդէս «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 41-րդ հատորին, որուն գլխաւոր խմբագիրը` Անդրանիկ Տաքեսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսին 41-րդ հատորին երեւանեան շնորհահանդէսին` յատկապէս Մանկավարժական համալսարանին մէջ կազմակերպուելուն համար: Ան շեշտեց, որ համալսարանին հետ գործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, իսկ այսօր աւելիով ամրապնդուեցաւ յուշագիրին ստորագրութեամբ:
«Հանդէսի խմբագրակազմը այն հաւատքը ունի, որ հայագիտութիւնը միայն դասական բանասիրութիւն չէ, այլ կը վերաբերի հայուն, եւ հայագիտական նիւթ է: Մենք մարտահրաւէր ունինք յաւելեալ ընդլայնելու հայագիտութեան շրջանակները` ձգտելով զայն տեղաւորելու համաշխարհային գիտութիւններու քարտէսին վրայ», շեշտեց Անդրանիկ Տաքեսեան եւ խոստովանեցաւ, որ թէեւ դժգոհ չեն կատարուող աշխատանքէն, սակայն բաւարարուած ալ չեն, որովհետեւ մտահոգ են:
Վերջինս «Հայագիտական Հանդէս»-ի խմբագրակազմին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի անունով վստահեցուց, որ կը գիտակցին կատարուող աշխատանքին կարեւորութեան, ջանք ու եռանդ չեն խնայեր իրենց նպատակը իրագործելու համար:
«Հանդէսին խմբագրակազմը ունի դրական քանի մը բարդոյթ` անհանգիստ եւ չբաւարարուող, միշտ զգօն եւ ականջալուր զարգացումներուն, որոնք գիտականութեամբ կ՛արձագանգեն նոր հարցերուն», եւս մէկ անգամ ընդգծեց հանդէսի խմբագիրը եւ աւելցուց, որ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու` բարոյական-ազգային արժեհամակարգի արդիւնաւէտութեան առաւելագոյնին հասնելու համար:
Հանդէսին գոյութիւնը լուրջ իրողութիւն եւ մեծ նուաճում է մեզի համար: Հանդէսին յօդուածագիրները վստահ են, որ «Հայկազեան»-ը կարծես օտար ափերու մէջ դեգերող զաւակ ըլլայ, եւ որուն առանձնակի քնքշանքով եւ իւրայատուկ սիրով կը վերաբերին:
ՀՊՄՀ-ի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ համագործակցութեան սկիզբը ազդարարուեցաւ փրոֆեսէօր Անդրանիկ Տաքեսեանի` «Լիբանանի հայերը. անընդհատ կը յարմարին տագնապներու շարքին, 1920-2020 թուականներուն» նիւթով հանրային դասախօսութեամբ:
Վերջինս պատմաբաններու հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուց` Լիբանանի Հանրապետութեան ձեւաւորումը, լիբանանահայերու պատմութիւնը, համայնքներու գործունէութիւնը, իւրօրինակութիւնները, նոր մարտահրաւէրներն ու անոնց ազդեցութիւնը լիբանանահայերուն վրայ:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մշակութային կեանքին, հայ աւետարանականներու, կաթողիկէներու եւ առաքելականներու պատմութեան, տպագրուած հայատառ գիրքերուն, պատմական շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններուն եւս:
Հաղորդենք, որ դասախօսութեան աւարտին ծաւալեցաւ շահագրգիռ քննարկում եւ հարց ու պատասխան: