Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, 22 յունուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով գրական երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն այս նախաձեռնութիւնը` խոստանալով շարունակել կազմակերպել գրական երեկոներ` առօրեայէն պահ մը հեռանալու համար:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Գեղանի Էթիէմեզեան, որ «Խենթ գիշերներու թափառումներ»-ը նկատեց մեծ ծրար մը ընդհանրապէս բողոքի նամակներու` արձակ բանաստեղծութեան հագուստով պաճուճուած, ինչպէս նաեւ ներդրում մը հեղինակէն` «բան»-ին ու «գեղեցիկ»-ին բագինին վրայ` «Հայ գիրքի տարուան» եւ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով: Ապա ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին 3 բաժիններուն` մէջբերումներ կատարելով հեղինակին բանաստեղծութիւններէն: Ան իր խօսքը եզրակացնելով ըսաւ. «Թող իրականանան երազներդ, շնորհակալութիւն նամակներու ծրարիդ համար, վարծքդ կատար»:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ժիրայր Դանիէլեան, որ իր կարգին խօսելով Խաչիկ Տէտէեանի նոր հատորին մասին ըսաւ, որ Տէտէեան իր բանաստեղծութիւններով աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ներկայ է մեր գրական հանդէսներուն եւ օրաթերթերուն մէջ: Ան խօսեցաւ Տէտէեանի լոյս ընծայած 3 գիրքերուն խորագիրներուն մասին` շեշտելով, որ հեղինակը սանձարձակութիւններու մարդը չէ, այլ` նոյնիսկ սիրային բնոյթի քերթուածներուն մէջ բանաստեղծը զուսպ է, խոհերը տիրապետող են իր գործերուն մէջ, լեզուն պարզ է, իսկ միտքերը` յստակ, ընդգծելով, որ միջին ընթերցողը ոչ մէկ դժուարութեան կը բախի հասկնալու համար գրուածը` ընկալելու համար պատգամը, զոր բանաստեղծը կը փորձէ փոխանցել իրեն:
Շուշիկ Տասնապետեան իր կարգին ուղղեց իր սրտի խօսքը: Տասնապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակ Խաչիկ Տէտէեանին` այս գիրքին համար, որ «ժամանակակից լիբանանահայ գրականութեան այլապէս կիսամեռ կացութեան մէջ նոր յոյսով եւ նոր հաւատքով մը կը զինէ մեզ` գրականութեան բոլոր խենթերս»:
Տասնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Տէտէեանը գաղափարներու եւ զգացական պահերու բանաստեղծ է, եւ այս բոլորը բառի ճշդագոյն օգտագործումի մը ընդմէջէն մաքրամաքուր հայերէնի կիրարկումով:
«Տէտէեան ըսելիք ունեցող մարդն է, կեցուածքի տէր մարդ անհատը, որ անտարբեր չէ բանի մը նկատմամբ: Կը խոկայ, կը զգայ, կը յիշէ, կը յուզուի, կը պոռթկայ, կը թելադրէ, ան երբեք խուլ չէ իր ներքին ձայներուն նկատմամբ», ըսաւ Տասնապետեան եւ իր խօսքը փակեց ըսելով. «Թող հայ գրականութեան աստուածը ընդմիշտ հովանի ըլլայ քեզի»:
Դոկտ. Երուանդ Քասունի եւս այս առիթով փոխանցեց իր սրտի խօսքը` յայտնելով, որ Խաչիկ Տէտէեան բանաստեղծը կրողն է մարդ եւ լիբանանցի հասկացողութեան: «Ամբողջ գիրքը ընթերցողին է, կարդացէ՛ք զայն ձեր մտերմութեան մէջ առնելէ ետք»:
Սրտի խօսքերէն ետք օրուան բանախօսները կատարեցին աւանդական գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ հեղինակ Խաչիկ Տէտէեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրուան բանախօսներուն, իր կնոջ ու զաւակներուն եւ բոլոր ներկաներուն` մաղթելով, որ բոլորն ալ մասնակից դառնան մշակոյթի վերելքին նպաստող նախաձեռնութիւններուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով զուգանուագ կատարեցին Նարէ եւ Հայկ Աշգարեաններ` ջութակի եւ կիթառի վրայ, ինչպէս նաեւ դաշնակի վրայ նուագեց Նարէ Աղասարգիսեան:
Յայտնենք, որ շնորհահանդէսին ընթացքին Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ընթերցեց Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններէն, իսկ Հերա Տէտէեան առ ի գնահատանք իր հօր դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Անտանթինօ»-ն, որ անակնկալ մըն է իր հօր` Խաչիկ Տէտէեանի համար: