Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտին, հինգշաբթի 3 փետրուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ֆոնտին կազմակերպած միջդպրոցական նկարչական մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Թիւթիւնճեան ընտանիքին, ֆոնտի եւ դատական կազմի անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ ծնողներու:
Ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ այս ձեռնարկը անդրանիկ նախաձեռնութիւնն է «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտին, որ կ’առաջադրէ նորահաս սերունդին մօտ կերպարուեստի տաղանդը զարգացնել եւ հետաքրքրութիւնները ծաւալել:
Հաւաթեան աւելցուց, որ իբրեւ ֆոնտի նախաձեռնողներ` Թիւթիւնճեան ընտանիքը եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը համոզուած են, որ բարոյական կտակ մըն է, որ ժառանգած են բարերարուհի տիկին Լիւսիին կողմէ, որ միշտ ալ նախանձախնդիր եղած էր նորահաս սերունդին մօտ հայ կերպարուեստը զարգացնելու եւ անոր հորիզոնները անոնց դիմաց բանալու: Ան հաստատեց, որ հաւատարիմ մնալով այս կտակին, պիտի շարունակուին ցուցասրահին եւ ֆոնտի նախաձեռնութիւնները ցուցահանդէսներով, մրցանքներով, դասընթացքներով (մասթըր քլաս)` վառ պահելու համար տիկին Լիւսիին յիշատակը եւ ծաղկեցնելու համար հայ կերպարուեստը` ի խնդիր մեր մշակոյթի զարգացման:
Ապա խօսք առաւ դատական կազմի անդամներէն` Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի ուսուցչուհի Տարիա Խտըշեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն` Սիլվա Թիւթիւնճեան-Էօրտեքեանին, Միսաք Թերզեանին, Միրէյ Կոկիկեանին, Նորայր Պուտաքեանին, որոնց համար շատ դժուար էր մասնակցող 100 աշակերտներու գործերէն ընտրել լաւագոյնը: Խտըշեան անդրադառնալով ծնողներուն թելադրեց, որ մօտէն հետեւին իրենց զաւակներուն եւ զարգացնեն անոնց տաղանդը:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Տեսիլ Այվազեան (Ազգային միացեալ վարժարան, 9-րդ դասարան),
երկրորդ` Մարգրիտ Ղազարեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, 8-րդ դասարան),
երրորդ` Ռիթա Նալպանտեան (Ազգային միացեալ վարժարան, 7-րդ դասարան),
չորրորդ` Կարուժ Արոյեան (Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, 7-րդ դասարան):
Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Աբիկ Արբաճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, 12-րդ դասարան),
երկրորդ` Վառակ Նարեկ Մանուկեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, 12-րդ դասարան),
Երրորդ` Ալին Սարաֆեան (Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարան, 10-րդ դասարան),
չորրորդ` Սէրա Թորոսեան (Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարան, 10-րդ դասարան):
Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու առաջին հանդիսացող աշակերտներուն ֆոնտին կողմէ տրամադրուեցաւ Պէյրութ- Երեւան երթուդարձի տոմս, իսկ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ հանդիսացողները յաջորդաբար ստացան երեք, երկու եւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի նիւթական պարգեւ: