Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, երէկ` ուրբաթ, 19 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացումը կատարուեցաւ Ռազմիկ Պերթիզեանի եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` գոյներ եւ գիծեր» խորագրեալ ցուցահանդէսին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ ներկայացուց արուեստագէտները, անոնց անցած արուեստի ուղին: Ան նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր նախարար Նիքոլա Սահնաուիին: Չոլոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին` հաստատելով, որ այս եւ նման այլ ձեռնարկներու կայացումը այս օրերուն խօսուն վկայութիւնն է այն անհերքելի իրողութեան, որ հակառակ Թուրքիոյ ի գործ դրած հայաջնջման քաղաքականութեան եւ մշակութային սպանդին, հայութիւնը շարունակեց իր ստեղծագործ երթը: Ան աւելցուց, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ հայը թանգարանային ներկայութեան վերածելու սադրանքներուն, հայութեան մշակութային բարձրորակ արուեստի նմուշներն են, որոնք կը զարդարեն այսօր աշխարհի մեծագոյն թանգարանները:
Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց օրուան հովանաւորը: Աւարտին նախարար Սահնաուի արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց ներկայացուած ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայութեան դիմադրականութեան եւ բոլոր արհաւիրքներէն վերջ գոյատեւելու ու զարգանալու անկոտրում կամքին: Ան հաստատեց, որ հայութեան հաւաքական յիշողութեան դիմաց բոլորս պէտք է ցուցաբերենք յանձնառու եւ պատասխանատու մօտեցում:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 Ապրիլ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մնչեւ երեկոյեան ժամը 7:30: