Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ, ուրբաթ 6 եւ կիրակի 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հոծ բազմութեան դիմաց երկու միացեալ ելոյթներով հանդէս եկան Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, պարուսոյցներ` Կարէն եւ Ժագլին Մակինեան ամոլը, եւ Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը, պարուսոյցներ` Արթիւր Յակոբեան եւ Էտկար Աւետիսեան: Ուրբաթի ելոյթին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:
Զոյգ ելոյթներուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Քնար» պարախումբի անդամներ Կալի Խիւտավերտեանը` հայերէնով, իսկ Աշոտ Աբգարեան` անգլերէնով:
Անոնք նկատել տուին, որ 2018 տարին խորհրդանշական թուական մըն է, որովհետեւ կը զուգադիպի յատկանշական յոբելեաններու, ինչպէս` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Առ այդ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի զարգացման գործընթացին, ուզած է անգամ մը եւս երկու երկիրներուն միջեւ կամուրջ մը ստեղծել` առաւել եւս ամրապնդելու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող արդէն իսկ ամուր կապը եւ Լիբանան հրաւիրած է Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը` միացեալ ելոյթ մը ունենալու «Քնար» պարախումբին հետ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Բիւզանդ Գէորգեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր զոյգ ելոյթներուն նախագահութիւնը, որովհետեւ ան կը հաւատայ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան կարեւոր դերակատարութեան` հայ մշակոյթի զարգացման յաջողութեան մէջ:
Այնուհետեւ, աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը իրենց գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով լիբանանահայ հանդիսատեսին ներկայացան հայահունչ եւ հայկական մթնոլորտ ստեղծող յայտագիրով` լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը:
Ելոյթի երկու արարներու ընթացքին հանդիսատեսին հրամցուեցան 31 պարեր: Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան` «Բերդ», «Գիւմրի», «Շուշի», «Զանգեզուր», «Հովիւներու պար», «Սայաթ Նովա», «Կոմիտասեան», «Կապոյտ թռչուն», «Զարթօնք», «Վրացական», «Տաւիղ», «Քոչարի», «Կուժերով պար», «Ազգագրական պար» պարերը:
«Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերու 55 անդամներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միացեալ ելոյթին երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան «Կինտօ», «Մեղեդի», «Ազգագրական պար», «Ուզունտարա», «Թամզարա», «Կարօտ», «Յաղթանակ», «Կռունկ», «Մարտական», «Չինար են», «Գնչուական», «Սղերդի քոչարի», «Մախմուր աղջիկ», «Հայաստան», «Քոչարի» պարերը, որոնց ընդմէջէն փոխանցուեցաւ` հայրենասիրական վճիտ զգացում նաեւ`, ազգային ապրումներու եւ ըմբռնումներու անաղարտ հասկացողութիւն, արուեստի բարձրորակ ճաշակ եւ ստեղծագործական հմայք: Անոնք յաջողեցան իրենց ելոյթներով հոգեկան հաղորդակցութիւն մը ստեղծել հանդիսատեսին եւ հայ մշակոյթին ու արուեստին միջեւ:
Յայտագիրի ընթացքին փոքրիկն Արսէն Սահակեանը իր անուշ ձայնով, մեկնաբանեց երկու երգ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ, բեմական կեցուածքին ու շարժուձեւերուն համար:
Արդարեւ, զոյգ պարախումբերը իրենց պարուսոյցներու հսկողութեան ներքոյ կրցած էին թափանցել աւանդական պարերուն եւ հայկական հարուստ մշակոյթի խորքը, ինչ որ արտացոլաց պարերու արհեստավարժ կատարման ընդմէջէն:
Պարային այս միացեալ ներկայացման մէջ առանձնակի դեր ունէին գունազարդ տարազները. իւրաքանչիւր պար ունէր իրեն համապատասխան տարազը` գեղեցիկ ու հմայիչ տեսքով, ներդաշնակ գոյներու համադրումով, վայելուչ եւ հրապուրող զարդերով:
Վերջապէս, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը առիթ տուին ներկաներուն` ապրելու հաճելի եւ հայկական մթնոլորտի մէջ, զանոնք դուրս բերելով իրենց առօրեայէն եւ փաստելով մեր մշակոյթի, պարի, երաժշտութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքը: