ԵՐԵՒԱՆ.- Պատասխանելով Արցախի տագնապի լուծման վերջին ջանքերուն եւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութիւններուն ընդարձակման մասին «Թերթ»ի հարցումներուն՝ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի գրասենեակը ուշադրութիւն հրաւիրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու տարածաշրջան այցէն ետք կատարուած յայտարարութեան վերջին նախադասութեան վրայ։
Նշեալ նախադասութեան մէջ կ՛ըսուի, որ համանախագահները կ՛ողջունեն կողմերուն արտայայտած մտադրութիւնը՝ շարունակելու բանակցութիւնները, նկատի առնելով ներկայի ընտրական շրջանը։
Յայտնենք, թէ Յունուարին կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Քասփըրչիքի գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդարձակելու գծով, սակայն ցարդ այդ կապակցութեամբ գործնական քայլեր չեն առնուած։