Դպրոցները, Համալսարաններն Ու Մանկամսուրները
Փակ Պիտի Մնան Մինչեւ 14 Մարտ 2020
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Աքքարի Արիտա սահմանային անցքը, ուր ստուգեց «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առումով կատարուող աշխատանքները:
Ապա ան այցելեց Հալպայի «Ապտալլա Ռասի» կառավարական հիւանդանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բժիշկներու անձնակազմին հետ:
Կէսօրէ ետք, Հասան այցելեց Պուարի կառավարական հիւանդանոցը, ուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ պահելու փուլէն անցած ենք, որովհետեւ այդ ժահրը սկսած է տարածուիլ:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, նուազագոյնը տրամադրութիւն բարձրացնելու առումով:
Հասան ընդգծեց, որ ներկայիս բանավէճերու ժամանակաշրջան չէ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները, առանց հրաժարելու իր պատասխանատուութիւններէն:
Հասան վերստին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ջնջելու ամէն տեսակի հաւաքոյթ եւ համախմբում, ինչպէս նաեւ նուազագոյնի իջեցնելու ֆիզիքական անկարեւոր շփումները:
Նախարարը նշեց, որ նախորդ 48 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են անկանխատեսելի զարգացումներ, որոնց հիման վրայ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 3 կամ 4 պարագաներ, որոնց վարակման միջավայրը անծանօթ է:
«Այսօր, այս կացութեան ընթացքին բոլորս պատասխանատու ենք, յատկապէս քաղաքական այն անձնաւորութիւնները, որոնք քինախնդրութեամբ կը վարուին», ըսաւ ան:
Երեկոյեան վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբին նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով որդեգրուելիք քայլերը:
Նիստին նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար:
Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ որդեգրելու կարգ մը քայլեր, որոնք պիտի ներկայացուին վարչապետ Հասսան Տիապին եւ որոնց լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել քաղաքացիներուն ընդհանուր ապահովութիւնը` առողջապահութեան նախարարութեան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նշած զարգացումներուն լոյսին տակ:
Յանձնախումբը որոշեց Լիբանանի տարածքին գործող դպրոցները, համալսարանները, երաժշտանոցները, արհեստից վարժարաններն ու մանկամսուրները փակ պահել մինչեւ շաբաթ, 14 մարտ 2020:
Յանձնախումբին որոշումով թատերասրահները, զբօսավայրերը, ցուցահանդէսներ ու խորհրդաժողովներ հիւրընկալող սրահները պիտի մնան փակ:
Յանձնախումբը քաղաքացիներէն պահանջեց խուսափիլ խճողուած վայրերէ:
Յանձնախումբը Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն պահանջեց գործակցիլ «IATA»-ի հետ` յստակացնելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուելիք միջոցառումները, որոնք կը վերաբերին «Քորոնա» ժահրին:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 22-ի:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 87 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 20-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 127 պարագաներ ենթարկեց բժշկական քննութեան. անոնցմէ 121-ին պարագային քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց չտուաւ, իսկ 6-ին քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց տուաւ:
Նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 20 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 19 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
«Իսկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մնացեալ 22-ը եւս կը գտնուին հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ: Անոնց առողջական վիճակը կայուն է, բացի իրանցի քաղաքացիէն եւ Ժիպէյլի Մաունաթ հիւանդանոցին մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ հերքեց այն լուրը, թէ բանակայիններուն շարքերը «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլող կարգ մը միջոցառումներու դիմած են` կոչ ուղղելով տարբեր լրատուամիջոցներուն իրենց տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը ստուգելու` նախքան անոնց հրապարակումը: