ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս 40 տարի բանտարկուած մնալէ ետք վերջերս ազատ արձակուած եւ Հայաստան հաստատուած Համբիկ Սասունեան 17 Նոյեմբերին այցելեց կազմակերպութեան Երեւանի կեդրոնատեղին, միանալով հիմնարկի նուիրատուներու փաղանգին։
Համբիկ Սասունեանը դիմաւորեցին Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան եւ բժշկական հարցերու վարիչ Միհրան Նազարէթեան, որոնք Սասունեանին տեղեկութիւններ փոխանցեցին հիմնարկի աշխարհատարած աշխատանքներուն մասին։
Համբիկ Սասունեան դրուատեց հիմնարկին աշխատանքը եւ յայտնեց, թէ հպարտ է, որ մաս կը կազմէ անոր ջանքերուն, որոնց շնորհիւ կարելի է կեանքեր փրկել։
Տոքթ․ Սեւակ Աւագեան «պատմական օր» որակեց 17 Նոյեմբերը, հիմնարկին համար պատիւ մը համարելով Համբիկ Սասունեանի նման ազգային հերոսի մը այցելութիւնը եւ անոր ցուցաբերած գործնական զօրակցութիւնը։ Այս առիթով, ան յիշեցուց, որ հայերու իւրայատուկ կազմուածքին պատճառով, յոյժ կարեւոր է բազմացնել ոսկրածուծ նուիրելու պատրաստ հայերուն թիւը, առաւելագոյն թիւով կեանքեր փրկելու հաւանականութիւնը բարձրացնելու նպատակով։
Հիմնադրամը 1999էն ի վեր ոսկրածուծի եւ ցօղունային բջիջներու համապատասխան նուիրատուներ կը գտնէ հիւանդներու համար։ Ցարդ անիկա ունի առաւել քան 32,000 նուիրատուներ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (323) 663-3609 թիւին կամ այցելել abmdr.am կայքը: