ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Պրիւքսէլի մէջ լաւ եւ առարկայական քննարկումներ ունեցանք Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ` հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու եւ այդ հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան շուրջ», գրած է Քլաար։