Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը, հաւատարիմ մնալով հայ մանուկին ու տարեցին հոգեւոր եւ մարմնաւոր սնունդ մատակարարելու եզակի առաքելութեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, ուրբաթ, 12 օգոստոս 2022-ին նախաձեռնեց ուխտագնացութիւն-այցելութիւն մը: Սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ համայնքի ընկերային եւ բժշկական տարբեր կեդրոններու կողմէ ներկայացուած տարեց մայրերն ու հայրերը:
Այցելութիւնը կը նպատակադրէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ մօտէն հանդիպում մը ունենալ, զրուցել Լիբանանի դիմագրաւած անցեալի ու ներկայի իրավիճակը եւ այս վերջինին ազդեցութիւնը` անոնցմէ իւրաքանչիւրին առօրեային վրայ, ինչպէս նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնել վեհափառին` լիբանանահայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան համար:
Այս ընկերային այցելութեան ընկերացաւ Նիւ Եորքէն Լիբանան ժամանած դոկտ. Քարլօ Պայրագտարեանը` տարեցներու մասնագէտ-հոգեբուժը (geriatric psychopharmacologist):
Հայ համայնքին մէջ գործող տարբեր կառոյցներու կողմէ ներկայացուած 80 տարեցները ներկայ գտնուեցան Աստուածամօր նուիրուած բացօթեայ աղօթքի արարողութեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աղի եւ խունկի օրհնութիւնը:
Դպրեվանքի սաներու երգեցողութենէն ետք անոնք ունկնդրեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը, հայրական խրատներն ու բարեմաղթութիւնները:
Իրենց կարգին, տարեցները իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին վեհափառ հօր, որմէ ետք լիբանանահայութեան եւ հայ համայնքէն ներս գործող բոլոր ընկերային ծառայողներուն անունով վարչութիւնս յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառին` առ ի երախտագիտութիւն անոր տածած խնամքին:
Օրհնուած խունկն ու աղը ստանալէ ետք տարեցները մայրավանքի շրջափակին մէջ խմբային նկար մը ունեցան:
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ ներշնչուած մեր հայրերն ու մայրերը մեկնեցան Մրուժ, ուր ունեցան իրենց ճաշն ու ընկերային պահերը: Անոնք երգով եւ ասմունքով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Աւարտին, պաղպաղակի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
Թող Աստուածամայրը պահպանէ մեր ազգի բոլոր զաւակները, եւ մեզ` ընկերային ծառայողներուս, պարգեւէ առաւել եւս լայն եւ բարեգութ սիրտ, որպէսզի կարենանք առաւել եւս ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Շնորհաւոր բոլոր անոնց, որոնք Աստուածամօր անունը կը կրեն:
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ