2013-ի վերջաւորութեան՝ Երեւանի «Գիտութիւն» հրատարակչատան լոյս ընծայած այս ընդարձակ ժողովածոն կ՚ընդգրկէ յօդուածները եւ նիւթերը միջազգային գիտաժողովի մը, որ տեղի ունեցաւ 2010 Հոկտեմբեր 7-9-ին, եւ որ նուիրուած էր Վան քաղաքի առաջին յիշատակութեան։
Ժողովածոյին խմբագիրը՝ Հնագիտութեան եւ ազգաբանութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեան, «Ներածութեան» մէջ կը նշէ (էջ 9), որ ժողովածոն ընդամէնը մէկ գիտաժողովի ընթացքին հնչած զեկուցումներու մեծագոյն մասին հանրագումարն է միայն, ուստի չի յաւակնիր «համընդգրկունութեան». այսուհանդերձ, ժողովածոյին յօդուածներուն մէջ ընթերցողը վստահաբար պիտի գտնէ բազմաթիւ նորութիւններ, ծանօթ իրողութիւնններու նորովի մեկնաբանութիւններ։
Դժբախտաբար, հայաստանցի հետազօտողները տակաւին կարելիութիւնը չունին ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ՝ պատմական Վան-Վասպուրականի տարածքին հնագիտական պեղումներ կազմակերպելու եւ ազգագրական-բանահիւսական գիտարշաւներ կատարելու։ Այս իրավիճակը կը շարունակուի հարիւրամեակէ մը ի վեր։ Սակայն հայ հնագէտները, պատմաբանները եւ մշակութաբանները լայնօրէն եւ համակողմանիօրէն կ՚օգտագործեն եւ կը վերլուծեն հրապարակի վրայ եղած տուեալները, որոնք կը վերաբերին Արեւմտեան Հայաստանի հնագիտական, վիմագրագիտական եւ մշակութաբանական տուեալներու։
Ժողովածուին առաջին յօդուածին մէջ հնագէտ Արսէն Բոբոխեան կը ներկայացնէ «Վասպուրական» պատմական եւ աշխարհագրական տարածաշրջանին ունեցած դերը Հայկական լեռնաշխարհին մշակութային զարգացումներու ծիրին մէջ։ Անդրադառնալով պրոնզ-երկաթէդարեան ժամանակաշրջանի հնագիտական պատկերին՝ հեղինակը կը բնութագրէ ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը որպէս մէկ միասնական մշակութային տարածք, միաժամանակ Վասպուրականը կը դիտարկէ իբրեւ ատոր զարկերակ եւ ներքին հաղորդակցութեան կարգաւորիչ։
Ուրարտագէտ Երուանդ Գրեկեան կը գրէ Վանի թագաւորութեան կազմաւորման խնդիրներու շուրջ։ Սեպագիր արձանագրութեանց եւ նիւթական մշակոյթի վերլուծութեան հիման վրայ ան կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Ուրարտուի նշանաւոր արքաներէն Իշպուինիի նախնական թագաւորական ոստանը եղած է ոչ թէ Վանայ, այլ Ուրմիոյ լիճին շրջանը։
Լեզուաբան Տորք Դալալեանի յօդուածը նուիրուած է Տուշպա-Վան մայրաքաղաքի առաջին յիշատակութիւններուն եւ մշակութաբանական այն ժառանգականութեան, որ գոյութիւն ունի քաղաքին սեպագիր եւ վաղմիջնադարեան վկայութիւններուն միջեւ։ Հեղինակը կը փորձէ ցոյց տալ, որ Վանի Շամիրամակերտ անուանումը կ՚առընչուի ոչ միայն հին հայկական աւանդազրոյցներուն, այլեւ ունի իրական պատմական յետնախորք եւ ըստ էութեան թարգմանութիւնը պէտք է ըլլայ Վան քաղաքին սեպագրային անուանումի մը։
Ուրարտագէտ եւ հնագէտ Սիմոն Հմայակեան եւ բանագէտ Լիլիթ Սիմոնեան իրենց միացեալ յօդուածին մէջ կը զարգացնեն այն միտքը, որ Վանը կամ Տուշպան եղած է արեւի երկու հեթանոսական աստուածութեանց պաշտամունքի կեդրոն։ Յետագային Հայոց դիցաբանութեան մէջ այս աստուածութիւնները հանդէս կու գան Միհր/Մհեր եւ Արեգ անուններով։ Ինչ կը վերաբերի Վանի հնագոյն անուանումին՝ Տոսպ կամ Տուշպա, հեղինակները համաձայն են զայն կապելու Տուշպուեա դիցուհիի անուանումին, եւ վերջինս ալ կը համարեն արշալոյսի դիցուհի մը։
Ուրարտագէտ Միքայէլ Բադալեան բաղդատական վերլուծութեան կ՚ենթարկէ սեպագիր արձանագրութիւններով ժայռափոր դուռերը, որոնք ենթադրաբար կապուած էին Վանի թագաւորութեան գերագոյն աստուծոյ պաշտամունքին եւ հետեւաբար կարեւոր դեր ունէին երկրին կրօնական գաղափարախօսութեան մէջ։
Վանի թագաւորութեան կիրառական արուեստը ուսումնասիրող Արտաւազդ Զաքեան, առկայ պատկերներու հիման վրայ, կը վերականգնէ ուրարտական զինուորին հանդերձանքը եւ սպառազինութիւնը։
Հնագէտ Հայկ Աւետիսեան կը գրէ Վանի թագաւորութեան մշակոյթին ուսումնասիրութեան հիմնախնդիրներուն շուրջ։ Ան կը փորձէ տարբերակել ուրարտագիտական զանազան դպրոցներու մօտեցումները, առաջարկելով յստակօրէն սահմանազատել մշակութային երեք իրավիճակներ՝ տեղական, ներմուծուած եւ խաչասերած։
Հնագէտ Հայկ Յակոբեան կը ներկայացնէ Վանը՝ յետ-ուրարտական ժամանակաշրջանին՝ Աքեմենեան դարաշրջանէն մինչեւ վաղ միջնադար։ Ան կ՚եզրակացնէ, որ Վան քաղաքը եւ շրջանը կարեւոր տեղ ունէին հին Հայաստանի թէ՛ վարչական ու քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ հոգեւոր կեդրոններուն շարքին։
Հնագէտ Արմինէ Գաբրիէլեան կ՚անդրադառնայ Վանէն յայտնաբերուած կնիքի մը, որուն վրայ պատկերուած է նապաստակ որսացող արծիւ մը։
Հայագէտ Փիթըր Քաուիի յօդուածը խորագրուած է՝ «Վասպուրականի արքայ Գագիկ Ա.ի օրօք յառաջացած թագաւորական եւ վանական գաղափարախօսական բանավէճի նոր փուլը որպէս ժամանակշրջանի առեւտրական եւ տնտեսական վերելքի արդիւնք»:
Ձեռագրագէտ Արփենիկ Ղազարոսեան կը գրէ Վասպուրականի գրչութեան կեդրոններուն մասին (Նարեկայ վանք, Վարագայ Ս. Նշան, Ախթամար, Մեծոփավանք, եւայլն), ուր ընդօրինակուած են միջնադարեան ձեռագիր մատեաններ, ստեղծուած՝ պատմագրական, դաւանաբանական, փիլիսոփայական, մեկնողական, եւայլն երկեր։
Ազգագրագէտ Սերգէյ Վարդանեանին յօդուածը՝ ակնարկ մըն է, ուր կը նկարագրուի Վանը միջնադարէն մինչեւ 1915ի Մեծ Եղեռն։ Արխիւային նիւթերու օգնութեամբ հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ Վանի ազնուական տոհմերուն, քաղաքի բնակչութեան, կրթական եւ առեւտրական կեանքին, 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան առընչուող որոշ տեղեկութիւններ։
Պատմաբան Էմմա Կոստանդեան կ՚անդրադառնայ Վան-Վասպուրականի հանրային եւ մշակութային գործիչներուն, որոնք ապրած են 20րդ դարուն երկրորդ կէսին. անոնց շարքին կ՚առանձնացուին՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ, Գարեգին Սրուանձտեանց, Արսէն Թոխմախեան, Երեմիա, Արիստակէս եւ Սեդրակ Տեւկանցներ, Նաթանեաններ, Համբարձում Երամեան։
Պատմաբան եւ քարտէսագէտ Գեղամ Բադալեան, իբրեւ օրինակ ունենալով Վանի սանճաքը, կ՚արծարծէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին 1912ի վիճակագրութեան տուեալները։
Պատմաբան Գէորգ Ստեփանեան կու տայ Վան-Վասպուրականէն գաղթած այն Հայերուն պատկերը, որոնք 19րդ դարավերջին եւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն հաստատուած էին Պաքու։
Պատմաբան Սուրէն Սարգսեան համառօտ գիծերով կը ներկայացնէ Վանի հերոսամարտը, մինչ պատմաբան Աւետիս Յարութիւնեան կը քննարկէ Վան-Վասպուրականի հայ ազգաբնակչութեան կատարած Մեծ Գաղթին պատճառները, անոր ընթացքը, հետեւանքները եւ պատասխանատւութեան խնդիրը։ Հեղինակը յօդուածին վերջաւորութեան կ՚եզրակացնէ, որ Վան-Վասպուրականի հայ բնակչութեան՝ 1915ի յուլիսեան գաղթը արհեստականօրէն կազմակերպուած էր ռուսական բանակային սպայակոյտին մէկ մասին կողմէ, քանի որ անոնց ձեռնտու չէր զինեալ հայ բնակչութեան եւ ազգային կառավարութեան գոյութիւնը։
Պատմաբան Ռուբէն Սահակեան կը ներկայացնէ Վան-Վասպուրականի վերաշինութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն ընթացքին (1915 աշուն – 1916):
Գրականագէտ Անուշաւան Զաքարեանի յօդուածը կը կոչուի «Վանը եւ Սերգէյ Գորոդեցկին»: Կորոտեցքի՝ ծանօթ ռուս բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ նկարիչ, 1916ին իբրեւ թղթակից կը գործուղուի Վան։
Գրականագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեան կը գրէ Թումանեանի՝ 1915ին Վան կատարած այցելութեան մասին։ Կենսաբան Լեւոն Եպիսկոպոսեան կը ներկայացնէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքային տարբեր խումբերու ծինաբանական բնութագիրը։
Բանագէտ Լիլիթ Սիմոնեան կ՚անդրադառնայ Հայոց նախաքրիստոնէական Աստղիկ դիցուհիի պաշտամունքին՝ Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ։ Մատենագիտական վկայութեանց եւ ժողովրդական աւանդազրոյցներու քննութեամբ հեղինակը կը յանգի այն մտքին, որ Աստղիկի հիմնական գործառոյթներէն մէկը՝ ծովագնացները եւ առհասարակ ճամբորդները հովանաւորելն էր, իսկ անոր պաշտամունքի վայրերն էին աշտարակները եւ բնական սեպաձեւ ժայռերը, որոնց վրայ գիշերները խարոյկներ կը վառէին։
Բանագէտ Սվետլանա Պօղոսեան իր յօդուածին մէջ կը նկարագրէ Վասպուրականի զարդահամալիրը (արծաթագործական գօտիներ, ճարմանդներ, թասակներ, կրծքազարդեր եւայլն): Ան կ՚եզրակացնէ, որ Հայուհիի՝ ներառեալ վասպուրականցի կնոջ գործածած զարդերը շատ աւելի ճոխ եւ հարուստ էին, քան տղամարդոցը, քանի որ հանրութեան մէջ կը գործէր «աղջիկը որս է, տղան՝ որսորդ» արժէքային մօտեցումը։
Բանագէտ Աստղիկ Իսրայէլեան կը գրէ մանկական եզակի ապարանջանի մը մասին, որ պատրաստուած է 1915ին Վանի մէջ՝ արծաթէ։ Համալիր վերլուծութեամբ՝ հեղինակը դիցաբանական եւ ազգագրական զուգահեռներ կը գծէ: Սոֆիա Գալֆայեան կը ներկայացնէ Վանի դպրոցի ասեղնագործ ժանեակները, որոնց մէջ նոյնպէս կ՚ընդգծուին առասպելաբանական յատկանիշները։ Մշակութաբան Կարինէ Բազէեան կը գրէ Վասպուրականի ասեղնագործ ծածկոցներու, հագուստի, գոգնոցներու, սրբիչներու, անձեռոցիկներու, եւայլնի առանձնայատկութեանց մասին։
Բանասէր Մոհամմադ Մալէք-Մոհամմադի կ՚անդրադառնայ Վասպուրականի տարածքին արձանագրուած՝ «Շահնամէ»ի հայկական բանահիւսական տարբերակներուն։ Բարբառագէտ Հայկանոյշ Մեսրոպեանի յօդուածը կը ներկայացնէ հայ երախտաւորները, որոնք գրի առած են Վանի բարբառը եւ բարբառային բառագանձի նմոյշները։
Բանագէտ Վերժինէ Սվազլեանի յօդուածը կ՚անդրադառնայ բանահիւսական գրառման եւ հրատարակման դրուագի մը, որ կը վերաբերի վանեցիներու պատմական յիշողութեան։ Բանագէտ Թամար Հայրապետեան կը գրէ Վան-Վասպուրականի ժողովրդական հէքեաթներու մասին, որոնք գրի առնուած են 19րդ դարու երկրորդ կէսին, իսկ բանագէտ Եսթէր Խեմչեան իր յօդուածին մէջ ուսումնասիրած է Վասպուրականի հրաշապատում հէքեաթներուն մէջ առկայ կայուն բանաձեւերը։
Բանագէտ Արմէն Սարգսեանի յօդուածը վերնագրուած է՝ «Վանեցիները անեկդոտ-զուարճապատումներում»: Հեղինակը կը նշէ, որ ժլատ եւ տնտեսվարող «վանեցիներ»ու մասին զուարճալի մանրապատումները այսօր ալ կը շարունակեն գոյատեւել եւ ծիծաղ պարգեւել ունկնդիրներուն։
Տորք Դալալեան
«Նոր Յառաջ»