ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին իրավիճակին մասին: Ըստ անոր՝ մեկուսացման մէջ գտնուողներուն երկուքին մօտ եւս յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրը՝ այսպիսով Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը կը հասցնի 8ի։
«Մեկուսացուած անձանց շրջանակից, որոնք մեկուսացուել էին Էջմիածնում կորոնավիրուս ունեցող մի պացիենտի (հիւանդի-Խմբ.) հետ շփում ունենալու պատճառով, երկու դրական հաստատուած թեստ (քննութիւն-Խմբ.) ունենք: Այս պահին նրանք իրենց լաւ են զգում, յատուկ գանգատներ չունեն», յայտնեց Թորոսեան։
Այդ անձերուն ընտանիքներուն անդամները արդէն մեկուսացուած են: Կը ճշդուի նաեւ՝ արդեօք մեկուսացման կարիք ունեցող այլ անձեր կա՞ն, թէ ոչ:
Թորոսեան նկատել տուաւ, որ ժահրով վարակուածներէն 5ը նոյն խումբէն են: «Դա ի հարկէ վատ է, բայց համաճարականաբանական տեսակէտից աւելի լաւ է, քան 8 անկախ դէպք ունենալը: Հետեւաբար՝ կարող եմ փաստել, որ սրանք 4 անկախ դէպքեր են, ոչ թէ 8», դիտել տուաւ Թորոսեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ դիմած են Իրան բնակող, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող հայեր՝ Հայաստան տեղափոխուելու համար: «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման հարցերու յանձնաժողովի նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին խօսեցաւ յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ ըսաւ, թէ պետութիւնը կը փորձէ անոնց օգնելու ձեւաչափ գտնել:
«Սփիւռքից դիմումներ կան, սակայն շատ քիչ՝ 5 անձ: Անձ կայ, որ Իրանում է բնակւում, ՀՀ քաղաքացի չէ, եւ ուզում է ինչ-որ ձեւով Հայաստան գալ: Փորձում ենք այդ մարդկանց օգնելու ձեւաչափ գտնել, սակայն դժուար է օգնել այն իմաստով, որ քաղաքացի չեն: Եւ մենք այն աստիճանի պարտաւորութիւն չունենք, ինչպիսին ունենք Հայաստանի քաղաքացիների նկատմամբ», ըսաւ Սինանեան:
Նոյն նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրուցեց նաեւ Քաղաւիացիայի կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեան, որ դիտել տուաւ, թէ Կիրակի, 15 Մարտին Իտալիայէն դէպի Հայաստան նախատեսուող թռիչքով ժամանողներուն մէջ պիտի ըլլան ուսանողներ, զբօսաշրջիկներ, մնայուն կերպով հոն բնակող Հայաստանի քաղաքացիներ:
«Կազմակերպական փուլում ենք, բոլոր հարցերի պատասխանները չունեմ, աշխատում ենք առողջապահութեան նախարարութեան, արտգործնախարարութեան հետ՝ հասկանալու վերջնական քանակը, հասկանանք, թէ ինչպէս կարող ենք չուերթը կազմակերպել, որ իրար վարակելու հաւանականութիւնը նուազեցուի», դիտել տուաւ Ռեւազեան: Ան նշեց, որ մանրամասն տուեալները կը փոխանցէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը՝ վստահեցնելով, որ ժամանող այդ անձերուն համար ամէն ինչ տարանջատուած պիտի ըլլայ, եւ անոնք 14 օր պիտի մեկուսացուին։
Նախքան թերթը տպարան յանձնելը տեղեկացանք, թէ վարչապետ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն թիւը հասած է 13ի։ Վարչապետը նաեւ կը յայտնէ, թէ ինք եւ իր տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւս պիտի ենթարկուին «Քորոնա» ժահրին յատուկ քննութեան։