ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Չորեքշաբթի, 25 Յուլիսին հանդիպեցաւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթըր Սուիտալսքիի հետ:
Դեսպանին խնդրանքով նախարարը ներկայացուց երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքը, անդրադաձաւ տնտեսութեան ազդակներուն, ներդրումային քաղաքականութեան, գործարար միջավայրի բարելաւման հարցերուն:
Անդրադառնալով յատկապէս տնտեսական ցուցանիշներուն, նախարարը նշեց, որ տարուան առաջին կիսամեակի դրութեամբ արձանագրուած է 8.9 տոկոս տնտեսական աճ. աճած են արտածման եւ ներմուծման ծաւալները, զարգացում կայ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով, ինչ որ կը փաստէ, որ տնտեսութիւնը դրական արձագանգած է կաշառակերութեան դէմ իրականացուող գործողութիւններուն եւ կառավարութեան՝ մրցակցային միջավայր ձեւաւորելու յանձնառութեան: