Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը մասնակցած է Մարտ 15-18 Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամէնամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը նշեն, որ հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու, նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, հայոց պատմութեան վերաբերեալ հայ եւ օտարազգի հեղինակներու աշխատանքներ:
Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան հանդիպած է տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Օլիվըր Ցիլլէի, ինչպէս նաեւ տարբեր խոշոր հրատարակչութիւններու ղեկավարներու հետ:
Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդլայնելու տօնավաճառին Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ձեռք բերել շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:
Դեսպանը կարեւոր համարած է նաեւ Երեւանի մէջ Կէոթէի կեդրոնի բացումը` Հայաստանի մէջ գերմաներէնի տարածման, գերմաներէն լեզուով հայ գրականութիւնը ընթերցողին հասանելի դարձնելու հարցերով:
Լայպցիկի Գիրքի միջազգային տօնավաճառը երկրորդն է Գերմանիոյ` Ֆրանքֆուրթի Գիրքի տօնավաճառէն ետք: Անիկա սկիզբ առած է 17-րդ դարուն, կ՛ընդունի աւելի քան 200 000 այցելու: