Հինգ շրջան յանձնելու մասին խօսակցութիւնները Ատրպէյճանը կը տարածէ կա՛մ իր, կամ՝ այլ անձերու միջոցով, նման բան գոյութիւն չունի: Այս մասին, Մարտ 19-ին, Ազգայի Ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Ըստ News.am-ի՝ անդրադառնալով բանակցութիւններուն, Քոչարեան ընդգծած է. «Մենք միշտ պէտք է գիտակցինք, որ բանակցութիւնները ունին երկու հարթութիւն` նախ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար, միւսը` բուն բանակցութիւնները, որոնք ուղղուած են յառաջընթացին: Բնական է, որ ատիկա համանախագահները յստակ կը գիտակցին եւ ուղղակի յայտարարած են, որու մասին կը խօսին ե՛ւ Վիեննայի, եւ Ս․ Փեթերզպուրկի, ե՛ւ Կրակովի պայմանաւորուածութիւնները, որպէսզի բանակցային գործընթացին մէջ հնարաւորութիւն ըլլայ խօսիլ յառաջընթացի մասին, անհրաժեշտ է, որ կողմերուն միջեւ ըլլայ վստահութիւն: Վստահութեան հիմնական մասը այն է, որ կողմերը չկրակեն, սադրանքներ չկազմակերպեն: Այդ իսկ պատճառով խօսուած է եւ հետաքննութեան մեքանիզմի ձեւաւորման մասին, եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի` Քասփրչիկի մշտադիտարկման խումբի կարողութիւններու աւելացման մասին: Ատիկա անհրաժեշտ պայման է, եւ առանց ատոր վստահութիւն չ՛ըլլար»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ ցաւօք, Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով, խօսիլ որեւէ զարգացման մասին այսօր անհնարին է:
Ինչ կը վերաբերի հինգ շրջան յանձնելու մասին պայմանագրի առկայութեան, որու մասին վերջերս խօսած էր «Միջազգային եւրասիական շարժման» ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Տուկինը, որ ատիկա Ատրպէյճանի ցանկութիւնն է, որ ինք պարբերաբար կամ իր շուրթերով կամ այլ անձերու շուրթերով կը փորձէ սփռել մամուլին. «Մենք ատոր լուրջ չենք ալ վերաբերիր, որովհետեւ այդպիսի բան գոյութիւն չունի»,- ընդգծած է ԱԳ փոխնախարարը ու աւելցուցած. «Երբ հայկական լրատուամիջոցները չեղած բանը մատի փաթթոց կը դարձնեն, ատիկա ինծի համար անընդունելի է»: