ԵՐԵՒԱՆ.- 21 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի` խորհրդարան անցած խորհրդարանական խմբակցութեան նիստը, զոր վարեց Դաշինքի առաջնորդ Ռոբերթ Քոչարեան:
Քննարկուեցան խորհրդարանին մէջ Դաշինքի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Նիստին ընթացքին, խմբակցութեան ղեկավար ընտրուեցաւ պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-գնդապետ Սէյրան Օհանեան, քարտուղար` Արծուիկ Մինասեան:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յանձնաժողովի արտահերթ նիստէն ետք յայտարարեց, որ ութերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Օգոստոսին:
Յանձնաժողովը հրապարակեց նաեւ խորհրդարանի անդամներուն անունները՝ որոնք են. «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն պատգամաւոր դարձան Բաքոյեան Ռուստամ, Սանդիկով Ալեքսէյ, Հասանով Կնեազ, Սուքիասեան Խաչատուր, Նազարեան Լենա, Սիմոնեան Ալեն, Դաւոյեան Արփինէ, Թորոսեան Արսէն, Բաղդասարեան Նազելի, Ռուբինեան Ռուբէն, Արսէնեան Գուրգէն, Մելքոնեան Գուրգէն, Արշակեան Յակոբ, Տիգրանեան Հերիքնազ, Կոնջորեան Հայկ, Ջուլհակեան Արուսեակ, Աղաջանեան Էդուարդ, Քոչարեան Անդրանիկ, Կարապետեան Մարիա, Թունեան Բաբկէն, Թորոսեան Շիրակ, Վարդանեան Ծովինար, Յովակիմեան Վահագն, Պապոյեան Գէորգ, Գրիգորեան Հռիփսիմէ, Խաչատրեան Վիգէն, Վարդանեան Վլադիմիր, Ղազարեան Սոնա, Բաթոյեան Զարուհի, Ստեփանեան Լիլիթ, Համբարձումեան Կարէն, Գաբրիէլեան Վիլեն, Գալստեան Մերի, Գաբրիէլեան Սիսակ, Խաչատրեան Արմէն, Գասպարեան Տաթեւիկ, Յակոբեան Վաղարշակ, Սարգսեան Հայկ, Մանաւազեան Արուսեակ, Բագրատեան Սերգէյ, Ղազարեան Թագուհի, Յակոբեան Հրաչեայ, Ասատրեան Մաթեւոս, Բադալեան Լուսինէ, Ղալումեան Վահէ, Թեւոնեան Սեդրակ, Պօղոսեան Քրիստինէ, Մովսիսեան Սերգէյ, Եղոյեան Արման, Ղազարեան Ալխաս, Սարգսեան Տրդատ, Մկրտչեան Արէն, Ղազարեան Մարինա, Զեյնալեան Նարեկ, Յովհաննիսեան Արթուր, Բեղլոյեան Անուշ, Աղազարեան Յովիկ, Բաբայեան Նարեկ, Պալեան Էմմա, Ասլանեան Յակոբ, Մինասեան Լիլիթ, Գրիգորեան Նարեկ, Ալեքսանեան Վահագն, Յակոբեան Յասմիկ, Ղահրամանեան Նարեկ, Դանիէլեան Դաւիթ, Պօղոսեան Մարիամ, Դաւթեան Արթուր, Խանդանեան Սարգիս, Յունանեան Հռիփսիմէ, Ցիրունեան Հայկ։
«Հայաստան» դաշինիքէն՝ Սաղաթէլեան Իշխան, Գրիգորեան Աննա, Յակոբեան Վահէ, Գէորգեան Արմէն, Գալստեան Լիլիթ, Ռուստամեան Արմէն, Օհանեան Սէյրան, Վարդանեան Էլինար, Մինասեան Արծուիկ, Ղազինեան Արթուր, Վարդանեան Քրիստինէ, Մանուկեան Գեղամ, Վարդանեան Աղուան, Խամոյեան Ագնեսա, Թեւանեան Անդրանիկ, Զաքարեան Մխիթար, Ստամբուլեան Հռիփսիմէ, Սիմոնեան Աշոտ, Չարչեան Արմէն, Կիրակոսեան Ելենա, Սեդրակեան Դաւիթ, Կիւրեղեան Արմենուհի, Վարդեւանեան Արամ, Աւետիսեան Թադեւոս, Սարգսեան Արթուր, Խաչատրեան Արթուր, Մանուկեան Արեգնազ, Նազարեան Գեղամ, Միրզոեւա Զեմֆիրա։
«Պատիւ Ունեմ» դաշինքէն՝ Վանեցեան Արթուր, Մարգարեան Տարօն, Մկրտչեան Աննա, Զաքարեան Իշխան, Մամիջանեան Հայկ, Թովմասեան Թագուհի, Աբրահամեան Տիգրան։