ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ղրղզիստանի մէջ կայացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ իբրեւ ԵՏՄ մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, կատարեց բացման խօսքը եւ յայտարարեց, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընդհանուր ֆինանսական շուկայի ստեղծման:
Հայաստանի վարչապետը շեշտը դրաւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ Միութեան երկիրներուն միջեւ խոչընդոտներու վերացման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկաներուն մէջ արտածումները խրախուսել: «Կարեւոր ենք համարում Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւնների բիւջէների միջեւ ներմուծման մաքսատուրքերի բաշխման վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացումը: Արդէն երկար ժամանակ այս հարցը քննարկւում է մեր կազմակերպութիւնում, եւ անհրաժեշտ է այն հնարաւորինս արագ լուծել», նշեց ան:
Ըստ Հայաստանի վարչապետին՝ ԵՏՄ ընդհանուր ֆինանսական շուկայի ստեղծման հասնելուն պիտի նպաստէ, մասնաւորապէս, «Ֆինանսական շուկայի ոլորտին մէջ ԵՏՄ անդամ պետութիւններու օրէնսդրութեան ներդաշնակեցման մասին համաձայնագիրը», որ պէտք է ուժի մէջ մտնէ 2020 թուականին: «Մեր միութեան բոլոր երկրները հաստատում են հետաքրքրուածութիւնը Անդրսահմանային տեղեկատուական փոխգործակցութեան հայեցակարգի համաձայնեցման հարցում: Այս փաստաթղթի կեանքի կոչումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Միութեան երկրների պետական եւ մասնաւոր հաստատութիւնների միջեւ բիզնես գործընթացների իրականացման վրայ», յայտնեց ան:
Վարչապետը նաեւ տեղին նկատեց «Վտանգաւոր թափօններու՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային տարածքով անդրսահմանային տեղաշարժի մասին» համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որուն դրոյթներու իրականացումը համահունչ է առողջապահութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն:
Փաշինեան նաեւ խօսած է Յուլիսի սկիզբը Սինկափուր եւ Վիեթնամ իր՝ իբրեւ ԵՏՄ մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, տուած պաշտօնական այցելութեան՝ դիտել տալով, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է այս երկու երկիրներուն հետ կազմակերպութեան համագործակցութեան հարցերուն: «Քննարկուել են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները եւ, մասնաւորապէս, ԵՏՄ-ի եւ Սինգապուրի միջեւ ազատ առեւտրի մասին համաձայնագիր ստորագրելու հարցը: Ձեռք է բերուել սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն առ այն, որ բանակցային գործընթացը ժամանակին աւարտելու եւ համաձայնագրի նախագիծը համաձայնեցնելու դէպքում Սինգապուրի վարչապետը պատրաստ է մասնակցել Երեւանում կայանալիք Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհրդի նիստին, որի ընթացքում կը ստորագրուի այդ համաձայնագիրը: Այս հարցում ես ստացայ մեր բոլոր երկրների ղեկավարների համաձայնութիւնը: Օգտուելով առիթից՝ ցանկանում եմ դիմել ԵՏՄ անդամ պետութիւններին եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի ղեկավարութեանը՝ խնդրելով հնարաւորինս արագացնել համաձայնագրի նախագծի համաձայնեցման հետ կապուած բոլոր անհրաժեշտ ընթացակարգերը, որպէսզի Հոկտեմբերի 1ին Երեւանում այն յաջողութեամբ ստորագրուի», նշեց ան։
Փաշինեան տեղեկացուց, որ 30 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբերի Երեւանի մէջ կայանալիք Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ պիտի կայանայ միջազգային համաժողով «Եւրասիական մայրցամաքի տարանցիկ ներոյժը» թեմայով, որուն հրաւիրուած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին փոխադրութեան տարբեր հարցեր։