Յակոբ Չոլաքեան-Բախտաւոր կը զգամ, որ կարդացած եմ այս մարդուն գիրքերը, սեղմած եմ ձեռքը ու հիացած նաեւ այն մարդոց վրայ, թուրք ըլլան, թէ քիւրտ, որ Տիգրանակերտի մէջ դեռ անոր ողջութեան անոր անունով փողոց նշանակեցին, անոր ինքնութեան կանչը յարգանքով ու սիրով կարդացին, լսեցին։ Մկրտիչ Մարկոսեան գրողը իր թրքերէն եւ հայերէն գործերով Արեւմտեան Հայաստանը կենդանացուց թուրքերուն եւ քիւրտերուն մէջ, վերակենդանացուց մեր մէջ։
Իրեն յայտնա՞ծ էի արդեօք, որ միջնակարգ-երկրորդական դասարաններու համար իմ պատրաստած Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկին՝ Անդաստանի առաջին գիրքի (Հալէպ, 2009) առաջին դէմքը Մկրտիչ Մարկոսեանն է՝ «Հայերէն առաջին լրագիրս»։
Անգամ մըն ալ կարդացէք։
ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱԳԻՐՍ
Տարիներ առաջ, երբ հազիւ ութը կամ ինը տարեկան տղայ էի, երբ մեր Տիգրանակերտի փողոցներուն մէջ իմ ընկերներուս հետ թռչուն կ’որսայի կամ իշամեղուներուն բոյնը կ’աւրշտկէի, ինչպէ՞ս եղաւ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ՝ չեմ գիտեր, հայերէն տպագրուած թուղթի կտոր մը գետնէն գտայ։
Տէր Արսէնէն հայերէն մասնաւոր դաս կ’առնէի, այսինքն՝ «այբ»ը, «բեն»ը, «գիմ»ը եւ նոյնիսկ «չա»ն ալ կը ճանչնայի։ Աւելին՝ գիտէի, թէ երբ «չա» գրես՝ «չամիչ» ալ կրնաս գրել, իսկ երբ «չա»ով «ջուր» գրես՝ ըսել է, թէ մեղք կը գործես…։ Այո՛, այդ տարիներուն Տիգրանակերտի ժամուն մէջ Աւետարաններ ալ տեսած էի։ Գիտէի, թէ Աստուծոյ խօսքը հայերէն լեզուով իջած էր երկինքէն, եկած եւ ուղղակի մտած էր մեր Տէր Արսէնին Աւետարանին մէջը եւ եղած էր Սո՜ւրբ Աստուած, Սո՜ւրբ Պատարագ, Սո՜ւրբ «Հայր մեր որ յերկինս ես…»։ Աւետարանը ճանչցած էի, որովհետեւ այդ տարիներուն ամէն Կիրակի հայրս ձեռքէս կը բռնէր ու զիս կը տանէր մեր Սուրբ Կիրակոսի ժամը, եւ ես մօրս կարած ճերմակ շապիկը հագուելով եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն կ’ընէի։ Անոր համար՝ փողոցին մէջ, գետինը ինկած, հայերէն տպագրուած թուղթի մաշած կտորը երբ տեսայ՝ հասկցայ, թէ ատիկա մեր գիտցած Աւետարանի սո՜ւրբ էջերէն մէկը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ թուղթի կտորը ո՛չ բուրվառ տեսած էր եւ ոչ ալ խունկ կը հոտէր…:
– Ասիկա հայերէն լրագիր է,- որոշեցի: Երբ խորհեցայ, թէ մեր Տէր Արսէնին խոշոր Աւետարանին, սեւ Աւետարանին, կարմիր կողքով Աւետարանին գիրերն ալ հայերէն էին, ուրեմն՝ կը նշանակէր, թէ հայերէն գրուած ամէն թուղթի կտոր սո՜ւրբ է եւ սո՜ւրբ էր…։ Է՜հ, Աստուծոյ սիրոյն, կամ ինչպէս պիտի ըսէինք մենք՝ Աստուա՛ծդ սիրես, հիմա դուն իմ տեղս ըլլաս՝ ի՞նչ կ’ընես: Մենք մեր սո՜ւրբ բաները, մենք մեր մասունքը փողոցը՝ գետինը, ցեխերուն մէջ կը ձգե՞նք…
-Չէ, չեղնի, չ’ըլլար… Առի թուղթի կտորը, ըրի այնպէս՝ ինչպէս ամէն Կիրակի կ’ընէի Տէր Արսէնին Աւետարաններուն։ Համբուրեցի, անգամ մը եւս համբուրեցի։ Երբ երրորդ անգամ համբուրելս վերջացաւ՝ տարի ճակտիս ու կրկին համբուրեցի…։ Յետոյ թուղթի այդ կտորը աղուոր մը ոլորեցի, պզտիկցուցի, գնդակի մը վերածեցի եւ մեր տան դրացի Հերսոտ Վանէսենց մաշած, ծակծկած պատին խոռոչներէն մէկուն մէջ երկիւղածութեամբ եւ մեծ հաւատքով տեղաւորեցի, առջեւն ալ փոքր քար մը դրի, որպէսզի սատանայ աչքերէն հեռու մնայ…։ Երեսս խաչակնքեցի։ «Հայր մեր»ս ըսի։ Գոհ էի, ուրախ էի եւ գիտէի, թէ Աստուած Պապան զիս վերէն կը դիտէր ու ինծի «Ապրի՛ս» կ’ըսէր…։ Այդ թուղթի կտորը ինծի համար սովորական, պարզ թուղթ մը չէր, այլ սուրբ էր այն բրդօն մը հացին պէս, որուն երբ հանդիպինք փողոցը, գետինը ինկած, կ’առնենք կը համբուրենք եւ պատի մը խորշը կը դնենք մեր գլխէն վեր…:
Հիմա, երբ տարիներ ետք այս դէպքը կը յիշեմ՝ անշուշտ բացարձակապէս չեմ գիտեր, թէ այդ թուղթի կտորը ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ եկեր եւ ինկեր էր Տիգրանակերտի փողոցներուն մէջ։ Մեր մանկութեան օրերուն, երբ կը խաղայինք փողոցներուն մէջ, ամէն տեսակ բան կրնայինք գտնել հոն։ Այո՛, բայց հայերէն տպագրուած թուղթի կտոր մը մեր փողոցներուն մէջ գտնել կը նշանակէր բաց աչքով երազ տեսնել։ Չէ՛, ասիկա մեծ հրաշք էր…: Այո՛, ես այդ հրաշքով, այդ երանելի մանկական օրերուն, առաջին անգամ ծանօթացայ մեր լրագիրներէն մէկուն հետ։ Այդ տարիներուն ինծի համար հայերէն գրուած, տպագրուած թուղթի կտորները սո՜ւրբ էին, որովհետեւ Աւետարաններն ալ այբ-բեն-գիմով հրաշք կը գործէին…։ Եւ այբ-բեն-գիմ ըսել՝ սուրբ ըսել էր։
Այո՛, ժամանակ անցաւ, անցաւ նաեւ մանկութիւնս, անցաւ ու գնաց նաեւ Հերսոտ Վանէսենց մաշած, ծակծկած ողորմելի պատը, տարաւ իր հետը իմ փոքր թուղթի սուրբ յիշատակը եւ պատմութեան վերածեց։
Հիմա, սա պահուս, երբ այս տողերը կը գրեմ, կարծես կը զգամ, թէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը կ’արթննայ իր յաւիտենական քունէն, կ’ելլէ կու գայ, կը համբուրէ ճակատս ու կ’ըսէ. – Ա՛ռ այս սուրբ համբոյրը, բաշխէ՛ մեր բոլոր այբ-բեն-գիմը սիրողներուն եւ անոր սիրահարներուն։ Տա՛ր բաժին մըն ալ մանաւանդ այդ խմբագիրին եւ այդ գրաշարներուն, որոնց միջոցաւ առաջին անգամ ծանօթացար հայ թերթի մը հետ, երբ դուն լակոտ մըն էիր եւ կը խաղայիր մանկական խաղերդ Տիգրանակերտի փողոցներու ցեխերուն մէջ։
ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ