ՋԱՀ-ի հրաւէրով Լիբանան գտնուող Արցախի տաղանդաւոր երաժիշտ պատանիներու խումբին ընկերակցող, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի եւ գեղարուեստական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեան 7 ապրիլի առաւօտեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան եւ խմբագիրներուն հետ:
Արմէն Յովսէփեանի հետ զրոյցի նիւթ դարձան Արցախի իրավիճակը, տեղեկատուական խնդիրներու եւ մշակութային արժէքներու պահպանումն ու անոնց հայապատկանելիութիւնը միջազգայնացնելու աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս Լիբանանէն եւ յատկապէս լիբանանահայութենէն տաղանդաւոր պատանիներուն ունեցած տպաւորութեան, շեշտը դրուեցաւ Լիբանանի եւ Արցախի միջեւ նման փոխադարձ այցելութիւններով կապը աւելի շօշափելի դարձնելու եւ ծանօթացումը իսկապէս գործնական դարձնելու կարեւորութեան վրայ:
Արմէն Յովսէփեան նաեւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն, հակառակ ամէն դժուարութեան` թերթին անխափան երթին, անոր բաժանմունքներուն: