Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2013-ին, համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Միրէյ Կոկիկեանի 12-րդ անհատական ցուցահանդէսին` «Քաղաքներ եւ լոյսեր» թեմայով: Սոյն ցուցահանդէսին բացումը կը զուգադիպէր Կոկիկեանի արուեստի ասպարէզի 25-ամեակին:
Ներկայացուած էին 63 իւղաներկ եւ Փասթել գեղանկարներ, որոնք կը մարմնաւորէին արուեստագիտուհիին հին եւ նոր գործերը:
Բացման հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստասէր ներկաներուն, որոնք միշտ քաջալեր կը հանդիսանան նման ցուցահանդէսներու իրենց ներկայութեամբ:
Արդարութեան նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար խօսք առնելով բարձր գնահատեց Միրէյ Կոկիկեանի արուեստը` իբրեւ լուրջ եւ արժէքաւոր գեղանկարիչ:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միրէյ Կոկիկեան: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք 25 տարիներու ընթացքին հետեւած են իր գործերուն` քաջալեր հանդիսանալով իրեն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան նախագահ Մորիս Սահնաուիի, որ մեկենասն է այս առիթով հրատարակուած քաթալոկին, որ կը ներառէ իր գործերէն 15 գեղանկարներ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 20 ապրիլ 2013: