Գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Անիս Մաքտեսի» գրականութեան ծրագիրին, 5 փետրուար 2021-ին Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքը Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով կազմակերպեց միօրեայ առցանց սիմփոզիում մը` «Մեծն Լիբանանը կը վերամշակէ «Լիբանանեան ինքնութեան» գաղափարը. լիբանանեան արուեստի եւ գրականութեան դիտանկիւններ»:
Լիբանանեան յառաջատար համալսարաններէն եկած միօրեայ ձեռնարկին մասնակցեցան պատմութեան, փիլիսոփայութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան աւելի քան 10 մասնագէտներ:
Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Անիս Մաքտեսի» գրականութեան ծրագիրի ներկայացուցիչ դոկտ. Հայաթ Պու Ալուան:
Փրոֆեսէօր Ահմատ Պայտուն (Լիբանանեան համալսարանի դասախօս) սպառիչ կերպով ներկայացուց «Համայնքայնութեան դերը երկրի եւ հաւաքականութեան կազմակերպման մէջ. գործունէութիւն եւ խոչընդոտներ» խորագիրով:
Հայկազեան համալսարանէն դոկտ. Պերճ Թրապուլսի վարեց առաջին կլոր սեղանը, որուն նիւթն էր` «Պատմութիւն, պատմագրութիւն եւ փիլիսոփայութիւն»: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն դոկտ. Հայաթ Պու Ալուան ներկայացուց «Ֆիլիփ Հըթի. պատմաբան մը Լիբանանէն» նիւթը: «Էն. Տի. Եու.» համալսարանէն դոկտ. Էտուարտ Ալամ ներկայացուց «Այդ հսկայ լեռը. փիլիսոփայական լուսարձակներ լիբանանեան ինքնութեան վրայ» նիւթը: Առաջին կլոր սեղանը եզրափակուեցաւ դոկտ. Փասքալ Լահուտի (Անթունիէ համալսարան) կողմէ, որ ներկայացուց «Ռենէ Հապաշի. Մեծն Լիբանանի հռչակաւոր փիլիսոփայ» նիւթը:
Յաջորդ կլոր սեղանի նիւթը կեդրոնացաւ արուեստի եւ գրականութեան մարզերուն վրայ, որ վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մշակութային նիւթերու դասախօս դոկտ. Զէյնա Ֆայատը: Կլոր սեղան-զրոյցին մասնակցեցաւ Անթունիէ համալսարանէն դոկտ. Նիտա Ապու Մուրատը, որ ներկայացուց «Երաժշտութեան վերածնունդի ձեւաչափը Մեծն Լիբանանի մէջ» նիւթը, իսկ դոկտ. Ռայ Ճապրէ Մուաուատ (Սեն Ժոզեֆ համալսարան) ներկայացուց «Լիբանան»-ը լիբանանեան նախշագրութեան մէջ» նիւթը:
Վերջին զրոյցը, որ վարեց դոկտ. Ժոզեֆ Ալաղան (Հայկազեան համալսարանի դասախօս) կը վերաբերէր «Լիբանանեան ինքնութեան վերամշակում» նիւթին: Զրոյցին մասնակցեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն դոկտ. Զէյնա Ֆայատը` ներկայացնելով «Նախայեղափոխութեան շրջանին ֆրանսախօսութեան երեք տեսլականներ» նիւթը, եւ դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեանը (Հայկազեան համալսարան)` լուսարձակի տակ առնելով «Հայկական ինքնութիւնը լիբանանեան աւանդական լրատուամիջոցներուն մէջ` 1953-էն 1975 ժամանակահատուածին» նիւթը:
Սիմփոզիումը լուսարձակի տակ առաւ Մեծն Լիբանանի զանազան երեսներ` անոր հռչակման 100-ամեակին առիթով պատշաճ, գիտական եւ քննական զրոյցներ ծաւալելով: Դասախօսներու կողմէ ներկայացուած վերեւ նշուած նիւթերը շուտով հրատարակութեան պիտի արժանանան:
Հայկազեան համալսարանին կողմէ նախաձեռնուած Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով ձեռնարկը եզրափակեց եւ իր անձնական տպաւորութիւններն ու եզրակացութիւնները կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:
«Եւրոպական Միսիոնարական Շարժումները Եւ Բողոքական Եկեղեցիները Միջին Արեւելքի Մէջ. 20-րդ Դարու Համատեղ Պատմութիւն» Առցանց Խորհրդաժողովի Կազմակերպում
Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի (Action Chrétienne en Orient – ACO) 100-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 28 եւ ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ին, Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց խորհրդաժողով մը` «Եւրոպական միսիոնարական շարժումները եւ բողոքական եկեղեցիները Միջին Արեւելքի մէջ. 20-րդ դարու համատեղ պատմութիւն» խորագիրով, որուն ընթացքին 6 երկիրներէն 11 զեկուցաբերներ հանդէս եկան զեկուցումներով: Երկու օրերու վրայ երկարած խորհրդաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 90 հետեւողներ` Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն: Առցանց խորհրդաժողովին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանն ու Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական շարժում կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Մաթիւ Պուշը:
Առցանց խորհրդաժողովի առաջին զեկուցումը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական միսիոնարական շարժումներու աշխատանքը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ` ընդգծելով յատկապէս բրիտանական Bible Land-ի եւ գերմանական Hilfsbund-ի աշխատանքները:
Վեր. Թոմաս Ուիլտ (Ֆրանսա) ներկայացուց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի համահիմնադիրներէն Փոլ Պերոնի (1887-1970) կեանքն ու ծառայութիւնները, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու նկատմամբ անոր ունեցած գործը:
Պատմութեան դասախօս դոկտ. Ֆիլիփ Պուրմօ (Լիոն 3 համալսարան, Ֆրանսա) ներկայացուց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութեան տարիներուն միսիոնարական շարժումներու եւ շրջանի ֆրանսական իշխանութիւններուն միջեւ բարդ յարաբերութիւնները:
Դոկտ. Ռիմա Նասրալլա (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի դասախօս) ներկայացուց Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ժամանակահատուածին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժում կազմակերպութեան քոյր միսիոնարականներու եւ Միջին Արեւելքի կիներու կապ-յարաբերութիւնը:
Առցանց խորհրդաժողովին 2-րդ օրը` 29 յունուար 2021-ին, վերապատուելի դոկտ. Ժան-Քլոտ Պասեթ (Զուիցերիա) ներկայացուց Իրանի բողոքական եկեղեցին եւ անոր եկեղեցական-ընդհանրական կապերը:
Իսկ վեր. դոկտ. Սարուաթ Ուահպա (Եգիպտոս) զեկուցեց եւրոպական միսիոնարականութեան ջանքերուն եւ եգիպտական բողոքական եկեղեցիներու մասին:
Վեր. դոկտ. Վիլիպերթ Վան Սաանը (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի եւ Հայկազեան համալսարանին մէջ դասախօս) ներկայացուց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի տարիներու ընթացքին զարգացումը` աւանդական առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութենէ վերածուելով եկեղեցիներու միջեւ հաւասարութեան հաւատացող համայնքի: Զեկուցումին յաջորդեց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի ներկայ աշխատանքներու արժեւորում, որ ներկայացուց վեր. Անտրէ Ժոլի (Զուիցերիա):
Աւարտին դոկտ. Հելեն Մուր-Վան տը Պըրկը (Նետրլանտներ) իր ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ եւրոպական եւ միջինարեւելեան քրիստոնէութեան կապը:
Խորհրդաժողովին փակումը կատարուեցաւ դոկտ. Մարինա Պեհերայի (Օքսֆորտ, Առաքելութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոն) կողմէ` առիթ տալով խորհրդաժողովի մասնակից-հետեւողներուն կատարելու իրենց մատնանշումներն ու նկատողութիւնները: