2011 թուականի սեպտեմբեր 2-9 Պէյրութի մէջ կազմակերպուած է «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագիրով գիտաժողով, որուն ընթացքին յայտարարուած է հիմնումը Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի: Օրերս Հայաստան ժամանած է կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան` մասնակցելու «Հայկական ինքնութեան խնդիրները 21-րդ դարուն» խորագիրով գիտաժողովին: Անոր հետ զրոյց ունեցած է «Հայերն այսօրի» թղակիցը:
– Պարո՛ն Տագէսեան, Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը հիմնադրուած է մէկուկէս տարի առաջ : Կեդրոնը ի՞նչ գործունէութիւն կ’իրականացնէ:
– Կեդրոնի հիմնական նպատակը այն է, որ կը զբաղի Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու պատմութեամբ, ուսումնասիրութեամբ: Առաջ կը մղէ այդ բնոյթի ուսումնասիրութիւնները, յատկապէս յետեղեռնեան հանգրուանը, որովհետեւ Սփիւռքի մասին կը խօսինք: Արխիւայնացման աշխատանք, գիտաժողովներ կամակերպելու խնդիր ունինք, նաեւ կը քաջալերենք, որ հայագիտական, սփիւռքագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարուին, կ’օգնենք նիւթեր հայթայթել, գիտական, մասնագիտական խորհուրդներ տալով:
– Պարո՛ն Տագէսեան, անդրադառնանք «Հայկական ինքնութեան խնդիրները 21-րդ դարուն» խորագիրով գիտաժողովին. դուք ներկայացուցիք «Հայ ազգանունները իբրեւ ինքնութեան խորհրդանշան եւ անոնց աղաւաղումը» զեկոյցը: Ինչու՞ ընտրած էիք այս թեման:
– Փափաքեցայ տեսնել, որ մեր մականունները, ազգանունները որքանով առնչուած են ինքնութեան խնդրին եւ ինչ փոխադարձ ազդեցութիւն ունին: Կարծես քիչ մը ձեւական, մակերեսային վիճակ կայ. եթէ միջավայրը չըլլայ, լրիւ ուրիշ պատկեր կրնայ յառաջանալ: Այս պատճառով առաջարկեցի, որ եթէ Ցեղասպանութեան հետ յիշողութեան խնդիրը սկսած է արդէն նահանջել (ինչ որ մեր ինքնութեան հիմնական բաղադրատարրն է), ոչ թէ պէտք է փոխարինել այն, այլ անհրաժեշտ է նոր, ժամանակակից գործօններով մեր ինքնութիւնը վերաթարմացնել: Սա է իմ գլխաւոր մտասեւեռումը: Երբ երիտասարդը չիմանայ ընտանիքի, գերդաստանի պատմութիւնը, չի կրնար սահմանել, արտայայտուիլ այդ մասին, միայն ենթագիտակցութեան մէջ որոշ բաներ առկայ են, ապա զգացականէն անդին ոչինչ արմատաւորուած չէ անոր մէջ: Սա մեծ խնդիր է. եթէ այսօր չարմատաւորուի, յաջորդ սերունդը աւելի մակերեսային կրնայ դառնալ: Հետեւաբար պէտք է ուրիշ աշխատանք տանիլ, պէտք է ոչ թէ այն փոխարինել, այլ անհրաժեշտ է նոր գործօններ, նոր ազդակներ, բաղադրատարրեր աւելցնել ինքնութեան վրայ :
– Ազգանուններու աղաւաղումը ինչու՞ կամ ինչպէ՞ս կը կատարուի:
– Հիմնականը լեզուական խնդիրն է: Համեմատենք հայերէն եւ արաբերէն լեզուները. Արաբերէնի մէջ «չ» «ձ» հնչիւններ չկան, որոնց բացակայութիւնն ալ խնդիրներ կը յառաջացնեն եւ ամբողջութեամբ իմաստափոխութիւն տեղի կ’ունենայ, ամբողջ պատկերը կը փոխուի, եւ որոշ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ: Օրինակ` Մարինա Դիարբի, այս անուան ո՞ր մասը հայկական կարող ես զգալ, եթէ պարզապէս անունը կարդաս, բայց ան հայ աղջիկ է, կամ Թլզին, ով եւս հայ աղջիկ է:
– Ազգանուններու աղաւաղումը ինքնութիւնը կարո՞ղ է վտանգել:
– Եթէ ենթական հայկական միջավայրի մէջ է, այնքան ալ չէ: Որովհետեւ միշտ իրեն գիտակից կը պահենք, օրինակ` յաճախ կ’ըսենք, որ դուն հայ ես, հայերէն կը խօսիս, բայց «եան» չունիս, ի՞նչն է պատճառը: Եւ ան միշտ գիտակից վիճակի մէջ կ’ըլլայ: Բայց երբ ան ոչ հայկական միջավայրի մէջ է եւ հայերէն չի խօսիր, ոչ ոք անոր չըսեր, թէ գիտե՞ս` հայ ես, բայց ինչու՞ մականունդ «եան» չունի: Միջավայրը շատ կարեւոր է, հետեւաբար եթէ մեր միջավայրին մէջ ազգանուններու աղաւաղումը չազդեր, ապա ոչ հայկական միջավայրի մէջ անպայմանօրէն պիտի ազդէ եւ ժխտապէս: Նոյնիսկ կան դէպքեր, երբ կ’ըսեն, թէ ինչու՞ պէտք է փոխեմ, այսպէս լաւ է, տարբերութիւն չկայ, «եան»-ով չէ, որ պէտք է որոշուի իմ հայկականութիւնը: Այլ գաղափարներ ալ կան:
– Շատ երկիրներու մէջ մարդիկ ազգանունը կը փոխեն տուեալ հասարակութեան աւելի հեշտ ընդելուզուելու համար: Կը կարծեմ` սա եւս մտահոգիչ է:
– Սա եւս խնդիր է: Օրինակ` ռուսահայերու պարագան ուրիշ է, բայց մենք Ցեղասպանութենէն բխած վիճակ ունինք եւ հետեւաբար պէտք է հակադրուինք ձուլման: Հայրենալքութիւնը նոյնպէս կը վտանգէ ինքնութիւնը, հայրենալքութիւնը կը համարուի մերժողական ինքնութիւն: Ես կը ժխտեմ այսպիսի ինքնութիւն:
Սփիւռքահայու պարագային այդպէս չէ, Ցեղասպանութեան հետեւանքով մենք դուրս դրուած ենք մեր հայրենիքէն: Այս երկուքը ամբողջովին տարբեր են, մեկնակէտերը տարբեր են: Հետեւաբար դժուար է հաւասարաչափ զուգահեռներ գծել:
– Ձեր կարծիքով ` «եանը» շա՞տ բան կ’որոշէ:
– «եանը», թէկուզ ձեւականօրէն, շատ բան կ’որոշէ, երիտասարդներու պարագային յատկապէս: Երեւի բոլորս տարբեր տեղերու մէջ, օրինակ` շարժանկարներու խորագրերուն «եան»-ով վերջացող ազգանուններ կը փնտրենք: Կարծես այս քայլով կը փորձենք մեծի, հզօրի մաս կազմել, կ’ուզենք առնչուիլ, պատկանիլ, կ’ուզենք շարունակել:
– Վերջաւորութեան կը փափաքէի, որ նշէիք, թէ որո՞նք են ինքնութեան հիմնական խնդիրները:
– Ես կը կարծեմ, որ այսօրուան դրութեամբ հայկական ինքնութեան մեծագոյն խնդիրը ինքնութեան վերաթարմացումն է, որովհետեւ հայութեան, մեր բոլորիս իրար կապող օղակը կարծես աւելի շատ մեր անցեալն է, այլ ոչ թէ ներկան: Եթէ այդպէս է, ապա այդ շատ վտանգաւոր երեւոյթ է: Եթէ ես, դուք մեր անցեալը շատ մակերեսօրէն գիտենք, հետեւաբար մեր կապը շատ մակերեսային կ’ըլլայ: Հետեւաբար, մեր կապը այսօրուան հիման վրայ պէտք է ըլլայ, հայկական ինքնութեան այսօրուան բաղադրիչներ պէտք է յառաջացնենք, այլ ոչ թէ այդ բաղադրիչները միայն անցեալին պէտք է պատկանին:
Զրուցեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ