Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու հեռակայ ծրագիրի ներկայացում: Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներ եւ հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուողներ:
Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան գոհունակութիւն յայտնեց տրուած առիթին համար, որուն ընդմէջէն «փաուըր փոյնթ»-ով մանրամասնօրէն ներկայացուց ծրագիրը` բացատրութիւններ տալով անոր յաջորդական հանգրուաններուն մասին: Ան ըսաւ, թէ սոյն ծրագիրի մշակման հիմնական նպատակն էր կարելիութիւն ընձեռել համայնքին, նաեւ այն անձերուն, որոնք կ՛ուզեն հայոց պատմութեան մարզին նորութիւններուն հետ քայլ պահել առանց ժամանակ կորսնցնելու, առանց լքելու իրենց բնակավայրը, առանց մեծ գումարներ ծախսելու եւ ստանալ համալսարանական մակարդակով գիտելիքներ:
Աւարտին ներկաները ծրագիրին մասին ստացան բացատրողական թերթիկներ:
Նշենք, որ Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու հեռակայ ծրագիրը կ՛իրագործուի համագործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններու եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու հանդիպում պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Հանդիպումին, համալսարանի դասախօսները ներկայացուցին դասապահերու ընթացքին կատարուած դիտարկումներու արժեւորումները: Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութիւնը մեծապէս գնահատեց սփիւռքի իրականութեան մէջ հայ ուսուցիչին կատարած մեծ ու նուիրական աշխատանքը: