Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան քառասուն մասնագէտներ, աշխարհի ինը երկիրներէ, Մարտ 22-23 հաւաքուած էին Երեւանի մէջ, որպէսզի ռազմավարութիւն մշակէին գտնելու համար իրաւական հիմնաւորումներ ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու, թրքական ժխտողականութեան հակազդելու եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրներ ու թանգարանային ցուցադրութիւններ կազմակերպելու նպատակով: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան գիտաժողովին յղած իր ուղերձին մէջ ափսոսանք յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը ճանապարհ հարթած էր հրէական ողջակիզման համար: Ան յոյս յայտնած էր, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը առիթ պիտի հանդիսանայ ի ցոյց դնելու հայերու միասնականութիւնն ու հաստատակամութիւնը ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցով, ապահովելու արդարութեան վերականգնում եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պայքարի ու մաքառման նոր եղանակներ: Նախագահը ողջունած էր այն փաստը, որ թուրք հասարակութեան առաւել գիտակից տարրերը կը քանդեն լռութեան ու ժխտողականութեան պատը եւ քննադատաբար կը մօտենան իրենց երկրի մերժողական քաղաքականութեան: Նախագահը գիտաժողովին մասնակիցները յորդորած էր առաջարկներ ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին:
Ստորեւ ամփոփ կը ներկայացնենք վերոնշեալ գիտաժողովին մասնակցած փորձագէտներուն մեկնաբանութիւնները.
Իսրայէլցի գիտնական Եայիր Աուրոն քննադատեց Իսրայէլի պետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն համար, մատնանշելով, սակայն, որ Իսրայէլի հասարակութեան ստուար մէկ զանգուածը կ’ընդունի զայն: Ողջակիզումի ընթացքին նոյն ողբերգական ճակատագիրին ենթարկուած ըլլալով Իսրայէլը պէտք էր ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնը, ըսաւ փրոֆ. Աուրոն:
Լոս Անճելըսէն պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պետական յանձնաժողովին կոչ ուղղեց ձեռնարկելու գեղարուեստական եւ մշակութային քայլերու, փոխան ակադեմիական գիտաժողովներու, ամբողջ աշխարհէն աւելի մեծաթիւ մարդիկ ներգրաւելու համար: Ան առաջարկեց ստեղծել համահայկական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբ, որ պիտի շրջի աշխարհի մէջ, 2015 թուականի Ապրիլ 24-էն առաջ: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, որ թրքական կառավարութիւնը աւելի լաւ կը նախապատրաստուի հարիւրամեակի ձեռնարկներուն հակազդելու, քան հայերը` անոնց ձեռնարկման:
Պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան գիտաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց թանգարանի ընդարձակման ծրագիրները մինչեւ 2015 թուական:
Նիւ Եորքէն փրոֆ. Տատրեան վերլուծեց, որ երբ ուրացող պետութիւնը թոյլ է, անիկա աւելի դիւրութեամբ կ’ընդունի իր ոճիրները: Քանի դեռ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ ուժեղ երկիր, անիկա չ’ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նկատեց Տատրեան:
Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն գիտաշխատող Միհրան Մինասեան առաջարկեց, որ յիշատակման ձեռնարկները դիտարկուին յոյներու եւ ասորիներու հետ միասին: Ան նշեց, որ թուրք ուրացողները չեն մեղադրեր այս երկու ցեղական խումբերու անդամները ռուսական բանակին միանալու կամ զինուած խումբեր ձեւաւորելու համար, սակայն անոնք եւս զանգուածային բռնութեան եւ ցեղասպանութեան զոհ դարձան:
Երեւանէն փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեան բացատրեց, որ հակառակ տարածուած կարծիքի, ոչ թէ Ուրուկուէյը, այլ Օսմանեան կայսրութիւնը եղած է առաջին պետութիւնը, որ դատավճիռներով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1919-1926 թուականներուն: Ուրուկուէյի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1965 թուականին:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի միջազգային պայմանագրերու բաժնի վարիչ Վլադիմիր Վարդանեան նշեց, որ Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու հայեցակարգը առաջին անգամ օգտագործուած է 1915 Մայիս 24-ին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կողմէ հրապարակուած միացեալ հռչակագրին մէջ` թրքական իշխանութիւնները նախազգուշացնելով, որ անոնք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն հայկական ջարդերուն համար: Նոյն ձեւով, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք նիւրենպերկեան դատարանը պատերազմի նացիական յանցագործները մեղադրեց մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու, եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան իրագործման համար: Վարդանեան առաջարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծելու մնայուն կերպով գործող պետական մարմին` իրաւական հիմնաւորումներու հետազօտութեան եւ մշակման գծով` Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած պահանջները Թուրքիայէն միջազգային դատարաններուն մէջ հետապնդելու համար:
Պոլիսէն նշանաւոր թուրք իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքոլուն, որ յաճախ բանտարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր հրատարակելուն համար, խօսեցաւ “Թուրքիոյ մէջ աճող ժխտողական արտադրութեան մասին”: Ան դիտել տուաւ, որ ժխտողականութիւնը կը խրախուսէ ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ մէջ:
Իբրեւ ցեղասպանութեան գիտաժողովի մասնակիցի` իմ ելոյթս ծանրացաւ “Արդարութեան հետապնդման” վրայ, եւ ոչ թէ` “Ցեղասպանութեան ճանաչման”, որ արդէն յաջողութեամբ իրագործած ենք: Արդարութեան հայեցակարգը կ’ընդգրկէ հայ ժողովուրդին բոլոր պահանջները Թուրքիայէն` բարոյական, նիւթական հատուցում եւ տարածքներու վերադարձ:
Ես նաեւ առաջարկեցի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով որեւէ յատուկ քայլի ձեռնարկելէ առաջ, նախ պէտք է հանդէս գալ միասնական պատգամով եւ նպատակներով: Այլապէս մենք կրնանք խառն ուղերձներ յղել Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան` չյստակեցնելով, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը փափաքինք եւ կը ձգտինք իրագործել 2015-ի Ապրիլ 24-ին:
Ի վերջոյ, հայկական պահանջատիրութիւնը 2015-ին չ’աւարտիր: Հայերը պէտք է յամառօրէն հետամուտ ըլլան Թուրքիայէն իրենց արդար պահանջներուն` մինչեւ Հայ Դատի “արդարութեան” իրագործումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը