– Փարիզի քաղաքապետարանին հանդիսութիւններու սրահին մէջ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումը: Միջոցառման ընթացքին խօսք առաւ Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տըլանոյէ: Ան շեշտեց, թէ յաջողութեամբ պէտք է պսակուի ժխտողականութեան դէմ պայքարը: Փարիզի քաղաքապետը ընդգծեց քաղաքի պատմութեան մէջ հայկական արմատներ ունեցող փարիզցիներու անգնահատելի դերը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանը:
– Պուլկարիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, Սոֆիայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Ահոյեան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդական տեղապահ Տէր Աբգար Յովակիմեան եւ պուլկարահայ համայնքի ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սոֆիայի հայկական գերեզմանատան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ: Նմանօրինակ միջոցառումներ տեղի ունեցան Վառնայի, Փլովիտիվի, Ռուսէյի, Պուրկասի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
– Ռումանիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներ: Մայրաքաղաք Պուքարեսթի Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յիշատակի հոգեհանգիստ, ապա ներկաները ծաղկեպսակ զետեղեցին Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին առջեւ: Ռումանիոյ խորհրդարանի փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամպուկչեան պահանջեց, որ Ռումանիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Ֆրանսայի հայաշատ Մարսէյ քաղաքի փողոցներով հոծ բազմութեամբ երթ մը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առիթով: Երթին մասնակիցները համախմբուեցան Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին մօտ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Երթին մասնակցեցան Մարսէյի քաղաքապետի գլխաւոր խորհրդական Քրիսթոֆ Մասը եւ փոխքաղաքապետ Տիտիյէ Փարաքեանը, Մարսէյի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշը, հոգեւորականներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:
– Մինսքի կեդրոնական զինուորական գերեզմանոցին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ Պելառուսի հանրապետութեան հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի նուիրուած արարողութիւն: Արարողութեան մասնակցեցան Պելառուսի լեհ, հրեայ, ռուս, եսիտի համայնքներու ներկացուցիչներ:
-Հոլանտայի Լա Հէյ քաղաքին մէջ բազմամարդ ցոյց մը տեղի ունեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանութիւն՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Ապրիլ 24-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ջահերով երթ՝ ի յիշատակ ցեղասպանութեան նահատակներուն:
-Մոսկուայի մէջ կառուցուող հայկական եկեղեցւոյ տարածքին տեղի ունեցաւ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին հանդիսութիւն մը: Հանդիսութեան մասնակցեցան Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանը, ՀԱՊԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արայիկ Բադալեանը, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, Մոսկուայի մէջ գործող հայկական հասարակական կառոյցներու եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, ուսանողներ:
-Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Սուրբ պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ միաբանութիւնը թափորով ուղղուեցաւ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա՝ բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մօտ թրքական դեսպանատան առջեւ՝ Թուրքիոյ վարած ուրացման քաղաքականութեան դէմ: