«ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀՐԱՆԴ, ՀԱՄԲՈՒՐԷ՛ ՕՐՀՆԵԱԼ ՃԱԿԱՏՆԵՐԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՆԱՀԱՏԱԿԻ ՈՒ ՀԵՐՈՍԻ, ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԸՍԷ՛, ՈՐ ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՔԱԼԵԼ ԻՐԵՆՑ ՍՐԲԱԶԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԷՆ»:
ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԱԿԱՆ ԼՈՐԻ ԵԹԵՐԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, այսօր` Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւՀայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջՀայաստանի դեսպանատան կցորդ պրն. Արամազդ Մուրատեանի, պետական երեսփոխան պրն.Շանթ Չինչինեանի, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ. Ծ. Վ. Եղիայեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու եւ մեծաթիւ բազմութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սանտրա Չէօլմէքեան, որ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպնութենէն 98 տարիներ ետք, ապրիլեան հանդիսութիւնները լաւագոյն առիթներն են վերանորոգելու մեր ազգային յիշողութիւնը ու աշխատանքը շարունակելու ուխտը: Ան աւելցուց, որ 98 տարիներ ետք տակաւին հայ դատը իր արդար լուծումին չէ արժանացած, եւ մենք պէտք է պահանջենք մեր իրաւունքները` բարձր պահելու հայութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը:
Ապա խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սիամանթոյին «Խեղդամահը», որմէ ետք Կասիա Լեւոնեան ֆլիւթով նուագ մը ներկայացուց: Վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ուխտ եմ արել» եւ «Պիտի գնանք» երգերը: Խումբին գեղարուեստական ղեկավարն է տիկին Գարմէն Աճէմեան:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն` անպատիժ մնացած անմարդկային ոճիր» խորագրով տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ օրուան բանախօս Մեսրոպեան վարժա-րանի անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտ Լորի Եթերեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ Հրանդ Տինք, դուն գտած ես անոնց, որոնց մենք կորսնցուցած ենք 98 տարիներ առաջ: Խնդրե՛մ, յարգանքով ու պատիւով համբուրէ օրհնեալ ճակատները իւրաքանչիւր նահատակի ու հերոսի, եւ անոնց ըսէ՛, որ մենք պիտի շարունակենք քալել իրենց սրբազան ճանապարհէն»:
Ան նշեց, որ այսօր ու ան աշակերտութենէն ու երիտասարդութենէն պահանջուած է համախմբել հայութեան ուժերն ու կարողականութիւնները, շարունակել ճանաչման աշխատանքները, ճանաչումէն անցնիլ հատուցումի հանգրուան, համախմբել փաստաթղթերը եւ հայութեան հարցը ներկայացնել միջազգային դատարաններուն մէջ, հետապնդել եկեղեցապատկան կալուածներ ու հարցերը եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերուն: Լորի Եթերեան շեշտեց, որ Ապրիլ 24-ը հայութիւնը համախմբող ու առաջնորդող ուղեցոյցը պէտք է ըլլայ, եւ աշխատանքը պէտք չէ սահմանափակուի մէկ օրով, այլ տարածուի ամբողջ տարուան ընթացքին:
Օրուան պատգամին յաջորդեց խմբային ասմունք, որմէ ետք Սեւան Ղարիպեան ջութակով նուագեց «Աւէ Մարիա»ն, մինչ վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ պրն.Մանուէլ Քէշիշեանի, երգեց հայրենասիրական երգերու շարան մը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանի վերակազմուած «Շուշի» պարախումբի իւրայատուկ կատարումով, որուն պարուսոյցն է տիկին Սարին Արթինեանը:
Աշակարետական ներկայացումներու աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ մեսրոպեանական աշակերտները վայելուչ եւ պատշաճ կերպով փոխանցեցին իրենց պահանջատիրական պատգամը: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց, որ ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքով պէտք է դիմաւորել հարիւր ամեակը:
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիեանի պատգամով: Ան ըսաւ, որ պէտք է յիշել ցեղասպանութեան արհաւիրքը, յիշեցնել օտարներուն, թէ թուրքը տակաւին ոճրագործ կը մնայ, այնքան ատեն, որ չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը, եւ պահանջել հայութեան հողային եւ մարդկային արդար իրաւունքները:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ