25 Սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբերի միջեւ կայացաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն` նախակրթարանի, երկրորդականի եւ, հուսկ, մանկապարտէզի վերամուտը, որ խանդավառօրէն նշելու համար գործադրուեցան համապատասխան ձեռնարկներ:
Նախակրթարանի եւ երկրորդականի վերամուտի օրը կայացաւ աւանդական հաւաքը վարժարանի բակին մէջ` ծնողներուն ներկայութեան: Աշակերտներ բարձրացուցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշները` Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին կողքին, կարճ բացատրականներ ներկայացնելով երկու երկիրներուն մասին` որպէս լիբանանահայ աշակերտի ինքնութեան զոյգ սիւներ: Այնուհետեւ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան կատարեց աղօթք մը` վերամուտին առիթով, մաղթելով բոլորին բարեյաջող կրթական տարի:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ մեսրոպեանականի կերպարին վրայ` շեշտելով մանաւանդ աշխատասիրութեան եւ բոլոր գործերուն մէջ հետեւողականութեան եւ կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը, որպէս երաշխիք յաջողութեան: Ան ըսաւ, որ անցած տարեշրջանի մեսրոպեանական խումբ մը աշակերտներ այս տարի իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ. Կ. Գալուստ դիտել տուաւ, որ այսպիսով, մեսրոպեանականներ իրենց հայրենասիրական ու քրիստոնէաշունչ կազմաւորումը կրնան հաղորդել հայրենի միջավայրին ու հասակակիցներուն: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց նաեւ, որ այս տարի վարժարանը ունի 73 նորեկներ, որոնց մէկ մասը կու գայ կրթական ոչ հայկական միջավայրէ. ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս երեւոյթին համար եւ վստահեցուց, որ վարժարանը պիտի գործադրէ առաւելագոյն ջանքերը` ազգային միջավայրին անոնց համարկումին համար:
Վերամուտին առիթով յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ նախակրթարանի առաջին դասարան մուտք գործող 53 աշակերտներուն համար` դպրոցական առաջին օրը վերածելով տօնի: Նոյնպիսի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ 56 բողբոջ-աշակերտներուն համար, որոնք այս տարի մուտք գործեցին մանկապարտէզ:
Մանկապարտէզի վերամուտը եւս յատկանշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ. փոքրիկները դասարաններ ու խաղավայր մտան իրենց ծնողներուն ուղեկցութեամբ` առաջին օրը անցընելով խաղերու, տօնական ներկայացումներու եւ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ: Մանկապարտէզը բոլորին ներկայացաւ վերաթարմացած տեսքով` շնորհիւ ամրան ընթացքին կատարուած հիմնաւոր նորոգութեան եւ վերաձեւաւորումներուն:
Վերամուտի Սուրբ Պատարագ
4 Հոկտեմբերին Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի վերամուտի սուրբ պատարագը, զոր մատուցեց եւ քարոզեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը` ընթերակայութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին անդամները` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Աշակերտութեան հետ միասին ներկայ էին` տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Իր քարոզին մէջ քահանայ հայրը շեշտեց երեք անհրաժեշտութիւններ. ուրախ պահել հոգին, նոյնիսկ` դժուար պահերուն, որովհետեւ նման մօտեցումն է, որ մեզի կ՛օգնէ վառ պահելու շնորհակալութեան ոգին` ի տես կեանքի պարգեւին: Երկրորդ` սիրել մերձաւորն ու ընկերը, որովհետեւ սէրը մեծագոյն շնորհքն է` տրուած մարդուն, որպէսզի ան անշեղ մնայ Աստուծոյ ճամբուն մէջ, եւ երրորդ` աղօթել ու միշտ աղօթել, ձգտելով միշտ մնալ Յիսուս Քրիստոսի բարեկամութեան մէջ:
Պատարագի ընթացքին աշակերտներ ներկայացուցին զանազան պատկերներ` վերամուտին առիթով: