Հեղինակ` ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՐՏԱՇԷՍ
ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ ԳՈՐԾԱԾԱԾ ՏՈՄԱՐԸ
Հնդկահայերը գործածած են Ազարիա Ջուղայեցիի տոմարը։
Շմաւոնեան քահանայ այդ տոմարին ամսանուններով լոյս ընծայած է ԱԶԴԱՐԱՐ-ը։ Հետեւաբար պարտաւոր ենք հակիրճ կերպով անդրադառնալ այդ տոմարին։
ԺԶ. դարուն, տոմարագէտ Ազարիա Ջուղայեցին կը պատրաստէ հայ տոմարին երրորդ շրջանը (առաջինը պատրաստուած էր Զ. դարուն, երկրորդը՝ ԺԱ. դարուն)։ Տարին բաժնած էր 12 ամիսի՝ 30-ական օրով, 13-րդը՝ յաւելեաց ամիս, 5 օրով։ Նահանջ տարիներու 12-րդ ամիսը կ’ունենար 31 օր։ Տարուան առաջին օրը կը սկսի գարնանային գիշերահաւասարի օրը՝ Մարտ 21-ին։ Ամսանունները մեծ մասով արաբական են։ Կու տանք բաղդատական տախտակը հռոմէական (Յուլեան) տոմարին հետ, որ ծա-նօթ է հին տոմար անունով.
Շամս 1 Մարտ 21
Ադամ 1 Ապրիլ 20
Շբաթ 1 Մայիս 20
Նախա 1 Յունիս 19
Ղամար 1 Յուլիս 19
Նադար 1 Օգոստոս 18
Թիրա 1 Սեպտեմբեր 17
Դամա 1 Հոկտեմբեր 17
Համիրա 1 Նոյեմբեր 16
Արամ 1 Դեկտեմբեր 16
Ովդան 1 Յունուար 15
Նիրհան Փետրուար 14
Յաւելեաց 1 Մարտ 16
Մեր այսօրուան գործածածը կը կոչուի Գրիգորեան տոմար (նոր տոմար)։ Յուլեան եւ Գրիգորեան տոմարներուն տարբերութիւնը ԺԸ. դարուն 11 օր էր։ Յուլեանին վրայ պէտք է աւելցնել 11 օր, ունենալու համար անոր համապատասխանող այսօրուան մեր՝ Գրիգորեանին ճշգրիտ օրը։
ԱԶԴԱՐԱՐ-ի Ա. թիւին ճակատին գրուած է ԱԶԴԱՐԱՐ, Թիրայ ամսոյ, որ կ’ընդգրկէ սեպտեմբեր 17 հոկտեմբեր 16-ի օրերը։ 18-րդ դարուն մենք կը հետեւէինք Յուլեան տոմարին։ Կարգ մը բանասէրներ տեղեակ եղած են, որ ԱԶԴԱՐԱՐ-ը լոյս տեսած է Թիրա ամսոյն վերջին օրերը, ատոր համար ալ այդ ամսոյն վերջին օրը՝ հոկտեմբեր 16-ը (հին տոմարով) նկատած են անոր լոյս ընծայման՝ ծննդեան օրը։ Լէօ եւ Մարգարիտ Մխիթարեան կը նշեն զայն։
Կը կասկածինք որ հոկտեմբեր 16-ին հրապարակ ելած ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ ԱԶԴԱՐԱՐ-ի առաջին թիւին վերջին էջերուն մէջ (էջ 43) տպուած են Ուրախակից Բարեկամին շնորհաւորանքի՝ ուրախակցութեան կարճ նամակը եւ քերթուած մը։ Նամակը կը կրէ «Թիրա 30» թուականը, այսինքն՝ 16 հոկտեմբեր։ Նամակը, քերթուածը եւ անոնց հետե¬ւող օրացոյցը կը գրաւեն եօթը էջ (ամբողջ թիւը 48 էջ)։
Տպարանը կրցա՞ւ այդ էջերը շարել, տպել, պրակները հաւաքել, թիւը կազմել եւ հրա¬պարակ հանել նոյն օրը՝ հոկտեմբեր 16-ին։ Կը կասկածինք։ Կ’ենթադրենք որ հոկտեմբեր 16-ին վրայ պէտք է աւելցնենք 1-2 օր, վերոյիշեալ աշխատանքներուն ամ-բողջացման համար։ Հետեւաբար, լոյս տեսած ըլլալու է հոկտեմբեր 17-18-ին։ Նոր տոմարով 28-29 հոկտեմբերին։