ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի հիւրը` «Լիբանան… Ընտրութիւններ եւ ընտրանքներ» յայտագիրին շրջագիծին մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Հաւասարակշռուած
Քաղաքականութեամբ Լիբանանի Համար Կարիք Է
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 1943-էն ի վեր Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութիւնն է հիմնական պատճառը, որ ան քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ լուրջ հարցեր եւ հակադրութիւններ չունի:
«Իր կեցուածքներուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի ինքնուրոյնութիւն եւ կը տարբերի այլ կուսակցութիւններէ, սակայն թշնամանքով չէ, որ կը տարբերի ուրիշէն եւ ոչ ալ կարծր բառամթերք կ՛օգտագործէ, կամ բարձր նշաձողերով կը խօսի: Մենք մեզ կը նկատենք հանդարտեցնող տարր, հաւասարակշռուած քաղաքական ուժ, որուն կարիքը ունի երկիրը, ուր տասնեակ տարիներէ ի վեր ներքին քաղաքական եւ զինուորական հարցեր ու բախումներ կան», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ միշտ պէտք է ի մտի ունենալ հայ ժողովուրդին փորձառութիւնը` հայրենիք կորսնցնելու իմաստով: «Մեր ընտրանքն էր Լիբանան հաստատուիլ եւ զայն ընդունիլ իբրեւ հայրենիք: Երբ ժողովուրդ մը գիտէ հայրենիքին արժէքը, եւ գիտէ, թէ որքա՛ն ցաւալի է հայրենիք կորսնցնելը, ապա իսկապէս սիրտս կը թողայ այլ հայրենիք մը կորսնցնելու համար: Այդ պատճառով է, որ մենք մնայուն կերպով կը յորդորենք բռնութենէ, ցեխարձակումներէ, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններէ եւ աւելորդաբանութիւններէ հեռու մնալ: Մենք մեզ կը նկատենք քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ լիբանանեան տարբեր կողմերը իրարու կամրջել, որովհետեւ Լիբանանը բոլորին հայրենիքն է եւ կրնայ բոլորը ընդգրկել իր մէջ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ընտրական Համամասնական Օրէնքը
Նպաստաւո՞ր Է
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը վաւերացուեցաւ ընտրական օրէնք մը մշակելու խորհրդարանական յանձնախումբի 8 տարուան աշխատանքէն ետք:
«Իբրեւ այդ յանձնախումբին մաս կազմած անդամ` վկայած եմ վէճերու, բազմաթիւ տարակարծութիւններու, եւ քանի մը անգամ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելէ ետք, 2017-ին կարելի եղաւ վաւերացնել այս օրէնքը, որ համաձայնեցուած ընտրական օրէնք մըն է, որ մեր ձգտումներուն չի համապատասխաներ:
Այս օրէնքին նպատակն էր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել: Թերեւս կարգ մը համայնքներուն համար առաւելութիւններ ունի, սակայն հայ համայնքին համար` ոչ: Հայութեան համար այս օրէնքը աննպաստ էր, մինչդեռ մեծամասնական օրէնքին համաձայն, հայ համայնքը աւելի ճշգրիտ կերպով ներկայացուած էր խորհրդարանին մէջ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով այն ամբաստանութեան, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ համայնքին քուէներուն մենաշնորհը կը փափաքի ունենալ եւ այդ պատճառով կը նախընտրէ մեծամասնական օրէնքը, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հաստատ այդպէս չէ իրականութիւնը, այլ այդ ամբաստանութիւնը տպաւորութիւն է, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ համայնքին մեծագոյն կուսակցութիւնն է: Նուազագոյնը 1972-էն ի վեր Հայկական երեսփոխանական պլոքը բաղկացած է երեք հայկական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներով, կամ անոնց մօտիկ անձնաւորութիւններով, այսինքն` ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի երեսփոխաններէն, ինչպէս նաեւ` անկախներէ: Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ մէկ կուսակցական թեկնածուով ներկայացած է ընտրութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է միայն մէկ կուսակցական երեսփոխանով»:
«Ժողովուրդը Մեզ Ալ Կը Ճանչնայ, Փոլան Ալ»
Պատասխանելով հրաժարեալ երեսփոխան Փոլա Եագուպեանի կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք որոշած է չպատասխանել Փ. Եագուպեանին: «Մենք կը կարծէինք, որ ինք հայկական երեւոյթ մըն է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հետ հարց ունի, հակառակ անոր որ մնայուն կերպով եւ հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր հայրը դաշնակցական եղած է: Իմ հայրս դաշնակցական չէ եղած, եւ եթէ հօր, զաւկին ու այլ բաներով պիտի հպարտանանք, երկրին բարգաւաճում ապահոված չենք ըլլար: Հակառակ իմ որոշումիս` անոր չպատասխանելու, կրնամ ըսել, որ ժողովուրդը մեզ կը ճանչնայ, նաեւ կը ճանչնան զինք` ըլլան անոնք հայեր կամ ոչ հայեր: Մեզ ճանչցողները լաւ գիտեն, որ 131 տարիէ ի վեր ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչ ըրած է հայ ժողովուրդին համար ընդհանրապէս, լիբանանահայութեան համար յատկապէս` առանց յարանուանական խտրութիւններու, այսինքն` ներառելով հայ առաքելականը, հայ կաթողիկէն ու հայ աւետարանականը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանին համար: Բոլորը գիտեն նաեւ, որ ան եւ անոր զօրակցողները ի՛նչ կատարած են եւ ի՛նչ կը կատարեն», ըսաւ ան:
Իսկ հաղորդավարին կողմէ այն հաստատումին, թէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ Փոլա Եագուպեանի յաղթանակը նախատեսուած է, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ո՛վ որ ի նպաստ անոր պիտի քուէարկէ, պէտք է նկատի ունենայ, որ ան տարի մը ետք կրնայ հրաժարիլ, եւ զինք ընտրողներուն ներկայացուցչութիւնը վերջ կը գտնէ խորհրդարանին մէջ»:
Հիւսիսային Մեթնի Մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան
Ընտրական Դաշինքին Մասին
ՀՅԴ-ի գոյացուցած ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրական այս տարօրինակ օրէնքը, որ ինքնասիրութեան օրէնք է, կը մղէ, որ նոյնիսկ նոյն ընտրացանկին վրայ գտնուողները իրարու դէմ մրցին վարկանշային քուէ ստանալու համար:
«2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ն ընտրական դաշինք ունէր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ, որ ներկայացուած էր ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչով: Բոլորին թեկնածուները նոյն ընտրացանկին վրայ կը գտնուէին, սակայն դժբախտաբար ան ձախողեցաւ, որովհետեւ կարելի չեղաւ Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին բաւարար քուէ ապահովել:
Հիւսիսային Մեթնի մէջ մեր թիւերն ու գոյացնելիք միջինները սերտեցինք, 2018-ին մեր ընտրացանկը կրցաւ 4 միջին ապահովել եւ 4 թեկնածուներ յաջողեցան:
Այս տարուան ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Մեթնի մէջ առաջադրած է երեք կուսակցականներ, եւ կայ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն, հետեւաբար կա՛մ Ազգային ազատ հոսանքի թեկնածուներէն մէկը եւ կա՛մ ՀՅԴ-ի թեկնածուն պիտի ձախողին: Ո՛չ ոքի շահերուն կը ծառայէ այդ իրականութիւնը: Թերեւս քաղաքական աւելի մեծ ուժեր կրնան հանդուրժել մէկ կուսակցականի ձախողութիւնը, սակայն երեք անդամ հաշուող Հայկական երեսփոխանական պլոքը յատկապէս Մեթնի շրջանին մէջ նման պարտութիւն չի հանդուրժեր: Հետեւաբար համաձայնութիւն գոյացաւ տարբեր ընտրացանկերով ներկայանալ Մեթնի մէջ, իսկ նոյն ընտրացանկին վրայ` Պէյրութի Ա. եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կազմուած ընտրացանկերը եւ ընտրական դաշինքները հիմնուած են հաշիւներու եւ գոյանալիք միջիններուն վրայ:
Քաղաքական Այլ Ուժերու Հետ ՀՅԴ–ի
Յարաբերութիւնները
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւնները լաւ են քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն հետ: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան ըսաւ, որ անոնք քաղաքական բնական եւ դրական յարաբերութիւններ են: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումին Յ. Բագրատունի տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Պասիլի հետ յարաբերութիւնները ամուր են, բնականոն, հաւասարէ հաւասար յարաբերութիւններ, փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ` ընտրանքներու եւ ինքնուրոյն որոշումներու հանդէպ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ:
Պասիլը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախ Պասիլ պէտք է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յայտարարէ, եւ ապա կարելի կ՛ըլլայ որոշել, «անշուշտ իմանալով նաեւ մրցակից թեկնածուն»:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանի անդամներուն ձայներով չէ, որ կ՛ընտրուի, այլ` արտաքին համաձայնութեան գոյացումէն ետք:
«Համիտ Ֆրենժիէի օրինակը առնելով` կրնանք ըսել, որ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին ան քնացաւ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, յաջորդ օր Քամիլ Շամուն ընտրուեցաւ նախագահ: Այս նոյնն էր հարցը նաեւ զօր. Միշել Աունի պարագային, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշեց որդեգրել անոր թեկնածութիւնը, իսկ Սամիր Ժահժահ յանկարծ զօրակցեցաւ զօր. Աունի թեկնածութեան: Վստահաբար արտաքին համաձայնութիւններ գոյացան` Ծոցի երկիրներուն, Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ այլ կողմերու միջեւ, որովհետեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ոչ միայն Լիբանանի վրայ, այլ Սուրիոյ հետ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային իրավիճակին եւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Քաղաքացիական Ընկերութեան Հետ ՀՅ Դաշնակցութեան
Կապերն Ու Գործակցութեան Կարելիութիւնները
Քաղաքացիական ընկերութեան հետ ՀՅ Դաշնակցութեան կապերուն եւ գործակցութեան կարելիութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 17 հոկտեմբեր 2019-ին ինք կոչ ուղղած է երիտասարդներուն` ուղղուելու ցոյցի, աւելցնելով, որ ինք անձամբ կը փափաքէր մասնակցիլ այդ ցոյցերուն: «Սակայն «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսը պատճառ դարձաւ, որ ինքզինքս չպարտադրեմ օրին այսպէս կոչուած յեղափոխութեան, որ ես կը սիրեմ կոչել «ժողովրդային ցասում եւ պոռթկում»: Դժբախտաբար ցոյցերէն քանի մը օր ետք երիտասարդները այցելեցին ինծի եւ հաստատեցին, որ այդ շարժումը յեղափոխութիւն չէ, փոփոխութիւն չէ, այլ` քաղաքական շահեր, որոնք մեզի չեն նմանիր, մեր տեսակին անյարիր են: Մենք պիտի հեռանանք հրապարակներէն», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այս փողոցը ոտքի հանողը նոյն կողմն է, որ առեւանգած է այդ փողոցը: «Առաջին երկու կամ երեք օրերուն ընթացքին ամբողջ ժողովուրդը նոյն պահանջներուն մասին կը խօսէր, որոնք արդարացի պահանջներ էին: Սակայն քանի մը օր ետք «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսը վերածուեցաւ «Բոլորը, այսինքն` բոլորը, բացի իմ ղեկավարէս» կարգախօսին: Այսպէս ըսուած, յեղափոխութեան դրդապատճառը Ուաթցափի 6 սենթի յաւելումն էր: Երկու երեք շաբաթ ետք, երբ տոլարը 2000 լ. ոսկիի բարձրացաւ, 100 հազար մարդ բողոքի ցոյցի մասնակցեցաւ, այսօր տոլարը 26.000 լ. ոսկի է, եւ ոչ ոք կը խօսի այդ մասին, նոյնիսկ` տեղեկատուութեան մարզն ու լրատուամիջոցները»:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզն ու լրատուամիջոցները իրենց կարգին մեղսակից էին ժողովրդային շարժումին, օրին կը վճառուէին` անդրադառնալու այդ ցոյցերուն եւ մթնոլորտ շիկացնելու, այսօր կը վճարուին` չանդրադառնալու եւ մթնոլորտը սառեցնելու: «Վստահաբար այս յայտագիրին համար ոչինչ վճարած եմ «Մայատին»-ին», կատակեց Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան մաս կազմող միութիւններ, որոնց անուններուն չի փափաքիր անդրադառնալ, այցելած են «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ առաջարկած են գործակցիլ` հաստատելով, որ հակառակ իշխանութեան մաս կազմելուն` ե՛ւ խորհրդարանին մէջ ե՛ւ գործադիր իշխանութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը փտածութեան մաս չէ կազմած:
Փտածութեան մէջ թաթխուած ըլլալու իմաստով ՀՅ Դաշնակցութեան դաշնակից ուժերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Պէտք է անոնց հարց տալ», աւելցնելով, որ ինք ոչ ոք կ՛ամբաստանէ` առանց շօշափելի փաստաթուղթերու վրայ հիմնուելու:
«Ի վերջոյ ես դատաւոր չեմ, եւ կրնաք հարց տալ դատաւորներուն ու դատախազներուն, որ 2005-էն ի վեր քանի անգամ Յ. Բագրատունին խնդրանք մը ունեցած է կամ փորձած է անարդար միջամտութիւն խնդրել: Անշուշտ չենք միջամտեր, եթէ թմրեցուցիչի կամ գողութեան հարցեր կան, սակայն եթէ 24 ապրիլին կատարուած ցոյցի մը ընթացքին թրքական դեսպանատան բողոքին հիման վրայ հայ երիտասարդ ձերբակալուի, ապա կը միջամտենք, որովհետեւ անիկա Հայ դատին նուիրուած աշխատանք է, մեր ժողովուրդին դատն է: Հետեւաբար ոեւէ գործիչ, որ իր ժողովուրդին իրաւունքը կը պահանջէ, կարելի չէ արգելափակել», հաստատեց ան:
Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն Մասին
Արտերկրի լիբանանահայ քուէարկողներու թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արտերկրի մէջ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուած են 3200 լիբանանահայեր, մինչ 2018-ին անոնց թիւը միայն 1980 էր:
«Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրութեան համար ճշդուած ժամկէտին ընթացքին գոյութիւն ունէր շփոթ մը, թէ անոնք 128 երեսփոխաններու ընտրութեա՞ն պիտի մասնակցին, թէ՞ արտերկրի վեց յաւելեալ երեսփոխանները պիտի ընտրեն: Հոս կ՛ուզեմ ընդգծել, որ 2017-ին, երբ ընտրական այս օրէնքը վաւերացուեցաւ, մենք անոր դէմ էինք, որովհետեւ արտերկրի մէջ լիբանանահայութեան հսկայական թիւ մը կայ եւ մեր իրաւունքն է նաեւ ներկայացուիլ արտերկրի մէջ, ինչպէս` մնացեալ համայնքները: Հետեւաբար արտերկրի մէջ լիբանանահայը ոչ մէկ մղում ունէր ընտրելու իր ներկայացուցիչը` հայ ներկայացուցիչը, այդ պատճառով ալ ան չքաջալերուեցաւ, նաեւ յստակ չէր օրին, որ ընտրութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարուի: Բաւական ուշ խորհրդարանը վաւերացուց, որ արտերկրի լիբանանցիները սովորական խորհրդարանի երեսփոխանները պիտի ընտրեն», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ արտերկրի մէջ արձանագրուած լիբանանահայերը հարիւր տոկոսով ՀՅ Դաշնակցութեան ի նպաստ չէ, որ պիտի քուէարկեն, եւ այս բնական երեւոյթ է:
«Պէտք է նշել, որ կան հարցեր, յատկապէս` անցագիրներու առումով, որովհետեւ Ընդհանուր ապահովութիւնը անկարող է անցագիրները ապահովել: Սակայն, այո՛, կայ խանդավառութիւն Միցաեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ` ընտրութիւններուն մասնակցելու: Կան նաեւ լիբանանահայեր, որոնք ամիսներ առաջ ձգած են երկիրը, սակայն շրջանէն չեն հեռացած: Անոնք փափաք արտայայտած են այցելելու Պէյրութ եւ մասնակցելու ընտրութիւններուն», հաստատեց ան:
Անհատ Հայ Թեկնածուներ …
Անհատ հայ թեկնածուներուն հանդէպ անհանդուրժողութեան, անոնցմէ վախնալու եւ հայկական այլ կուսակցութիւններու թեկնածուները նախընտրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Չենք վախնար»:
Ան աւելցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը սովորաբար իր քարոզներուն մէջ քաղաքական հարցերու մասին չի խօսիր այլ հոգեւոր պետերու նման: «Սակայն Ս. Զատկուան տօնին առիթով ան զարմացուց մեզ, երբ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Արամ Ա. կաթողիկոսը հաստատեց ընտրութիւններուն մասնակցելու քաղաքացիական պարտաւորութեան կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ հայութիւնը` իբրեւ Լիբանանը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն մէկը, պէտք է պաշտպանէ իր իրաւունքները: Ան հաստատեց, որ ոեւէ հայ, որ անձնաթուղթով հայ է եւ հայկական յարանուանութեան կը պատկանի, բաւարար չէ, որ կարենայ հայ համայնքը ներկայացնել: Հայ երեսփոխանը պէտք է ներկայացնէ համայնքը եւ ծառայէ անոր, ինչպէս կը ծառայէ եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանին», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ իբրեւ լիբանանահայ երեսփոխան` ինք լիբանանեան քաղաքացիութեան կողքին կը ներկայացնէ նաեւ հայկական ինքնութիւնը, ոչ միայն իբրեւ համայնք, այլ` ազգութիւն: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` համոզուած ենք, որ կուսակցութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն համայնքը, իրենց թեկնածուներով պէտք է մասնակցին ընտրութիւններուն, որովհետեւ նուազագոյնը գիտենք, որ կուսակցութեան կողմէ հաշուետուութիւն կը պահանջուի անոնցմէ: Իսկ այն իրականութիւնը, որ անհատ մը, որուն բարեկամը դրամատէր է, կամ գործարար մարդ, կը փափաքի երեսփոխան ըլլալ եւ թեկնածութիւն կ՛առաջադրէ` ներկայացնելու համայնք մը, որուն անունը կը կրէ, սակայն անոր մօտ չէ: Տակաւին կայ երկրորդ անհանդուրժելի եւ անընդունելի երեւոյթ մը, որն է` հայու մը թեկնածութիւնը առաջադրել` ամբողջացնելու համար ընտրացանկը: Անշուշտ բոլորին մասին չեմ խօսիր, սակայն մեծաւ մասամբ այդպէս են, կը ճանչնամ զիրենք, մեր շրջանակէն եղած են: Օրինակ կայ մէկը, որ անձամբ կը ճանչնամ, հանդիպեցաւ եւ ըսաւ. «Ընկեր Յակոբ, ինծի այս հագուստը հագուիլ տուին եւ ըսին` թեկնածութիւնդ պիտի առաջադրես, մինչդեռ ես խորհրդարանին ճամբան չեմ գիտեր»: Մերժելի են այս բոլոր արարքները: Կարելի չէ համայնքը նման ձեւով խայտառակել, նման ձեւերու կարելի չէ դիմել ՀՅ Դաշնակցութիւնը կամ Յակոբ Բագրատունին պարտութեան մատնելու: Կարելի չէ այս ձեւերուն դիմել` արտաքին ծրագիրներ իրականացնելու», ընդգծեց ան:
Արաբական Երկիրներուն Հետ Լիբանանի
Յարաբերութիւններուն
Եւ ՀՅԴ–ի Տեսակէտներուն Մասին
Արաբական երկիրներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն եւ այս իմաստով ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Լիբանանէն սուրիական ուժերուն հեռանալէն երեք տարի ետք, 2008-ին էր, երբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Սուրիա: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումին ընթացքին անոր յայտնեցինք, որ թերեւս ուշացած ենք մեր այցելութեան մէջ, սակայն անոր պատասխանը եղաւ այն, որ դուք օր մը օրանց Դամասկոս չէք այցելած, ո՛չ շահեր ունիք, եւ ո՛չ ալ բնակարաններ յանձնած ենք ձեզի, ո՛չ ալ Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճամբան ջուրի ճամբու վերածած էիք: Կ՛ուզեմ հաստատել նաեւ, որ սուրիական գաղտնի սպասարկութեան պետ Ղազի Քանաանը, որ Այնճարը ընտրեց իբրեւ նստավայր, մեզմէ բացի` քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները կ՛ընդունէր, մինչդեռ հարուածները մենք կը ստանայինք Այնճարի մէջ, յատկապէս սպանութեան, պայթումի եւ տարբեր տեսակի սպառնալիքներու առումով: Հետեւաբար կարելի չէ պատմական այս իրողութիւնները մէկդի դնել եւ յանկարծ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սուրիամէտ քաղաքական ուժ նկատել», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ Սուրիոյ պարագային հայութիւնը ունի այլ գործօն մը, որ իր գոյութեան շարունակութեան գործօնն է: «Մենք հաւատարիմ ժողովուրդ ենք: Մեզի համար սուրիական հողը հայոց թափած արիւնով շաղախուած է, Տէր Զօրի եւ Մարկատէի մէջ ինկած հայ նահատակներուն արիւնով շաղախուած է: Սուրիա իր դռները բացաւ իր հողերէն բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն դիմաց, Սուրիայէն հայերը հասան Լիբանան: Անկարելի է, որ հայ ժողովուրդը սուրիացի ժողովուրդին բարիքները մոռնայ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ իբրեւ լիբանանցիներ մտածենք, ունինք երկու հարեւաններ, մէկ կողմէ Իսրայէլը, իսկ միւս կողմէ` Սուրիան: «Ի՞նչ է նախընտրութիւնը, Սուրիոյ դէմ դռները փակել եւ Իսրայէլի հե՞տ գործակցիլ», հարց տուաւ ան եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի բնական տեղը արաբական երկիրներուն հետ ամրապնդուած եւ հեզասահ յարաբերութիւններ ունենալուն մէջ է, «ինչպէս նաեւ իր հարեւան արաբական երկրին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ` առանց առանցքներու մաս կազմելու», շեշտեց ան:
Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութեան մասին հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ յարաբերութիւնները լաւ են եւ կայ փոխադարձ գործակցութիւն` նկատի ունենալով, որ թէ՛ Նապաայի, թէ՛ Զաայթրիէի, թէ՛ Մեթնի, Պյաքութի եւ այլ շրջաններու մէջ կայ շիի բնակչութիւն, որոնք հինէն ի վեր այդ շրջաններուն մէջ կ՛ապրէին:
«Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն մենք օժանդակած ենք անոնց, որ Պուրճ Համուտի մէջ ողջ մնան եւ միլիսներուն փամփուշտներուն զոհերը չերթան», հաստատեց ան:
Ան նշեց, որ Զահլէի մէջ ընտրական դաշինք կայ Ազգային ազատ հոսանքի, Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ:
Լիբանանահայ Քաղաքացիին Դիմագրաւած
Դժուարութիւնները
Եւ ՀՅԴ–ի Ընտրական Ծրագիրը
Լիբանանահայ քաղաքացիին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանահայը իր կարգին կը տառապի երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային սուր տագնապէն, աւելցնելով, որ ան հերոսաբար կը տոկայ այս դժուար պայմաններուն:
«Հայկական կուսակցութիւնները, միութիւններն ու եկեղեցիները կը գտնուին լիբանանահայութեան կողքին: Անոնք լաւ գիտեն այս մասին, հետեւաբար այս իմաստով ոչինչ ունիմ աւելցնելիք», ըսաւ ան:
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական ծրագիրին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ժողովուրդին տարրական իրաւունքները ապահովելուն վրայ կը կեդրոնանայ, որովհետեւ այդ իրաւունքներուն հիման վրայ է, որ պետութիւնը կը կերտուի: «Մենք միշտ ժողովուրդին հետ պիտի մնանք», եզրափակեց ան: