«Նոր յառաջ»-ը հարցազրոյց մը ունեցած է Հայ դատի եւրոպայի գրասենեակի նախկին նախագահուհի, Ռոն-Ալփի շրջանային Խորհրդական, Ֆրանսա-Հայաստան միջազգային ցանցի համանախագահուհի Հիլտա Չոպոյեանի հետ: Ստորեւ հարցազրոյցը.
«Նոր Յառաջ» – Դուք շատ խորհրդանշական FAIR (*) (Ֆրանսա–Հայաստան Միջազգային Ցանց – ՖՀՄՑ) անունը ընտրած էք ձեր կազմակերպութեան համար, մօտ՝ ֆրանսերէն faire բառին, որ կը նշանակէ ընել։ Արդ, տնտեսութիւնը որեւէ յաջողութեան ձգտող ընկերութեան հիմնական լծակն է եւ յատկապէս Հայաստանի համար ամէն ոք համաձայն է տնտեսական զարգացման անհրաժեշտութեան, բայց գործնականին մէջ քիչեր կը շարժեն իրենց մատը։ Ի՞նչ է ձեր կազմակերպութեան նպատակը, ընկերային զարգացման իր ծրագիրը եւ որո՞նք են իր գործունէութեան միջոցները։
Հիլտա Չոպոյեան – Ի տես ՖՀՄՑ-ի միջազգային կոչումին մենք նկատի ունինք նաեւ FAIR բառին անգլերէն իմաստը որ միաժամանակ կը նշանակէ թէ՛ Տաղաւար եւ թէ Արդար. երկու եզրեր, որոնք կրնան միջազգային տնտեսական աշխուժութեան գաղափար մը փոխանցել։ Այլ խօսքով զանազան ախտաճանաչումներ մեզ մղած են նման քայլի մը դիմելու։
Ներկայ դարը սկիզբ առած է համաշխարհայնացման միջավայրի մը մէջ, ուր ականատես ենք նոր Սփիւռքներու գոյացման։ Կ՚ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր Սփիւռքները տակաւին կ՚ընկալուին որպէս գործող ազդակներ, ոչ միայն ազգային եւ միջազգային ոլորտներու մէջ, այլ նաեւ որպէս ընկերութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ կամուրջներ նետելու կարողականութիւնը ունեցող ուժեր։ Անոնք դարձած են միջազգային տնտեսական փոխյարաբերութիւններու կարեւոր դերակատարներ։
Կրնանք հաստատել որ 21րդ դարը պիտի ըլլայ Սփիւռքներու դարը։
Արդ, Հայերը մեծ փորձառութիւն ունին որպէս Սփիւռք։ Անոնք, այս առումով կանխած են համաշխարհայնացումը, ստեղծելով – գէթ վերջին շրջանին – գաղափարական եւ միջ-պետական ցանցեր, իրենց քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցւոյ եւ մշակութային ու ընկերային կազմակերպութիւններու, ու վերջերս նաեւ՝ միջ-արհեստակցական ցանցերու միջոցաւ։
Անհրաժեշտ է ուրեմն այժմէականացնել մեր Սփիւռքի տեսիլքը։
21-րդ դարը կը յատկանշուի նաեւ թուայնացման յեղափոխութեամբ եւ տեղեկատւութեան ու հաղորդակցութեան արհեստագիտութեամբ։ Այս յեղափոխութիւնը մեր առօրեային մաս կը կազմէ եւ համասփիւռքեան կառոյցներով մեր համայնքներն են որ այսօր հաղորդակցութեան մէջ են։
Գիտակից ըլլալով տնտեսութեան ընկերային, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ ունեցած կշիռքին, մենք կը ձգտինք ՖՀՄՑ-ի միջոցաւ ստեղծել տնտեսական ենթահող մը որ պիտի կապէ եւ ուղղակի ու անուղղակի կերպով պիտի ամրապնդէ Հայկական Սփիւռքի ազդեցութիւնը տեղական եւ միջազգային հասարակական կեանքի մէջ։
Նոր ցանցերու ստեղծումով նախ եւ առաջ կը միտինք տնտեսապէս կազմակերպել Սփիւռքը բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր հայկական տնտեսական կարողականութիւնը ստորագնահատուած է, յաճախ բոլորովին անտեսուած։ Արդարեւ տարօրինակ է նկատել որ ձեռներէցութեան մարզը – որ ամէն տեղ գրեթէ Հայերու մասնագիտութիւնն է – միակն է որ կազմակերպուած չէ։
Իրաւ այս կացութեան մէջ անհրաժեշտ է ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան նոր տեսլական մը։ Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի միջեւ սեղմուած, Ռուսաստանի մականին տակ գտնուող փոքր երկիր մը այս ձեւով չի կրնար գոյատեւել։ Ահա այս պատճառով ՖՀՄՑ-ը կ՚առաջարկէ Հայաստանը վերածել կամուրջի մը եւ գործարարութեան հարթակի մը՝ շրջանակի շուկաներուն համար։
«ՆՅ» – Ուրիշ նախաձեռնութիւններ ալ գոյութիւն ունին ինչպէս՝ G2iA-ն, Մարսիլիոյ եւ Փարիզի առեւտուրի գրասենեակները, Նիսի Հայեւֆրանսական գործառնութեան ակումբը։ Որո՞նք են ՖՀՄՑ–ի առաւելութիւններն ու յատկանիշները։
Հ.Չ. – Մեր առաջնահերթ փափաքն է հաստատել Ֆրանսայի, Սփիւռքի (իր ամենալայն առումով) եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները կազմաւորող ցանց մը, որ կ՚ընդգրկէ ֆրանքեւհայկական ձեռներէցներու տնտեսական գործակիցները, հաստատութիւնները։ Մեր թիրախը միայն Ֆրանսայի Հայերը չեն։ Մեր համակարգին մէջ արդէն ունինք դրամատուներ, ներդրողներ եւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ գործող զանազան մասնագէտներ, որոնք հետաքրքրուած են ՖՀՄՑ-ի նախաձեռնութիւններով։
Ծրագրած ենք աշխատիլ երեք առանցքներու շուրջ.-
– Հաստատել Ռոն-Ալփի եւ շուտով Օվէրն-Ռոն-Ալփի եւ ապա ամբողջ երկրի ֆրանքեւհայկական ներդրողներու եւ անոնց բոլոր գործակիցներու միջեւ ցանց մը, Ֆրանսայի մէջ տնտեսական զարգացման համար։
Ռոն-Ալփի շրջանը – որու Շրջանային Խորհուրդին մաս կը կազմեմ – Ֆրանսայի տնտեսական աշխուժութեան երկրորդ կեդրոնն է։ Ան նաեւ վերջերս դարձաւ յանձանձող կառոյց Եւրոպական Հիմնադրամի, որ 2014-2020 շրջանի համար կը ներկայացնէ 1,3 միլիառ եւրօ եւ որ կ՚ընդգրկէ շրջանային տնտեսական զարգացման Հիմնարկը, որու նպատակն է սատարել յարատեւ աշխատանքի, տնտեսական զարգացման հետախուզութեան եւ նորարարութեան։
ՖՀՄՑ-ը կը յաւակնի կապ հաստատել ձեռներէցներու եւ տնտեսական զարգացման պատասխանատու մարմիններու միջեւ, ինչպէս օրինակ՝ մարզերը եւ հիւպատոսական մարմինները։
– Այս ցանցը տարածել ամբողջ Սփիւռքի մէջ՝ Արեւելքէն Արեւմուտք եւ Հիւսիսէն Հարաւ։
– Զարգացնել Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները անոր կացութեան բարելաւման համար, բայց մանաւա՛նդ որպէս յառաջապահ այն լայն տարածքին մէջ որուն մաս կը կազմէ Պարսկաստանը։ Կամուրջներ հաստատել Հայաստանի ձեռներէցներուն հետ, որպէս բանալիներ շրջանի եւ նախկին Սովետական Հանրապետութիւններու երկիրներու շուկաներուն։
«ՆՅ» – Սեպտեմբեր 23-ին, Լիոնի շրջանի ձեռներէցներու հոծ ներկայութեամբ տրուած ՖՀՄՑ–ի սկիզբը մեծ յաջողութիւն մըն էր։ Արդեօք Հայաստանի տնտեսական եւ իրաւական գետինը պատրա՞ստ է համապատասխան թռիչքի մը։
Հ.Չ. – Հայաստանը նախաձեռնած է առեւտուրի ոլորտի մրցակցութեան բարելաւման միտող բարեփոխութիւններու, Եւրոպական Միութեան Դրացիական Քաղաքականութեան արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ։ Այսուհանդերձ ան տակաւին չէ յաջողած յստակ փոխանցում մը կատարել դէպի բաց եւ ազատ տնտեսութիւն։ Ասոր յաջողութեան համար ան պէտք է լաւ արշաւի մը ձեռնարկէ կաշառակերութեան դէմ, ապահովելով արդարադատութեան անկախութիւնը, վարչական դանդաղութեան եւ մենաշնորհներու վերացումը։
Այս բարեկարգումները յաջողցնելու համար անհրաժեշտ են՝ զօրաւոր քաղաքական կամք, իշխանութիւններու իրական տարանջատում եւ պետութեան մակարդակին իսկական հակակշիռ ուժ։
ՖՀՄՑ-ի անդամ են գործատէրեր, որոնք ներդրումներ կատարած են Հայաստանի մէջ եւ գոհ են իրենց համար ստեղծուած միջավայրէն։ Կան նաեւ ոմանք որ մեզի ծանօթ պատճառներով նուազ գոհ են։
ՖՀՄՑ-ը – ինչպէս Հայաստանէն դուրս գործող բոլոր դերակատարները – չի յաւակնիր դառնալ մշակութային այս յեղափոխութեան հիմնական տարրը։ Սակայն ան կրնայ մղիչ դեր խաղալ քաջալերելով բարեփոխումները եւ անոնց գործադրութիւնը՝ գործակցութեամբ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բոլոր առողջ ուժերուն։