«Թէեւ Բանաձեւը Շատ Կարեւոր Քայլ Մըն Է, Սակայն Միայն Առաջին Քայլն Է Դատը Առաջ Տանելու Համար»
Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Անշուշտ լաւ անակնկալ էր բոլորիս համար լսել, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը, մեծամասնութեան 405 ձայներով վաւերացուց թիւ 296 Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնցող բանաձեւը: Քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համադրած սոյն բանաձեւը, որ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Քոնկրեսին կողմէ, կայծակնային արագութեամբ ցնցեց ամբողջ Թուրքիան:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը կարծէք, այս վաւերացման յաջորդ քայլերը Ծերակոյտին եւ նախագահ Թրամփին կողմէ վաւերացման պիտի արժանանա՞ն:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Նախ պէտք է շեշտեմ, թէ թիւ 296 բանաձեւը, որ ընդունուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ անցեալ շաբաթ, միայնակ է եւ չի պահանջեր որեւէ այլ վաւերացում, ո՛չ Ծերակոյտին կողմէ, ոչ ալ նախագահ Թրամփին կողմէ: Թէեւ բանաձեւը շատ կարեւոր քայլ մըն է, սակայն միայն առաջին քայլն է դատը առաջ տանելու համար: Թէեւ Ծերակոյտին կողմէ նման յայտարարութիւն կամ գործողութիւն անհրաժեշտ չէ, բայց անշուշտ օգտակար կ՛ըլլայ եւ աւելի կը զօրացնէ մեր ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յառաջ տանելու: Շատ աւելի կարեւոր է ներկայ եւ ապագայ ամերիկեան վարչակազմերուն արտաքին քաղաքականութիւնը՝ կապուած Թուրքիոյ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան համահունչ ըլլայ Քոնկրեսի կամքին, որպէսզի Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբան շարունակենք, եւ ի վերջոյ հաշտութիւն ըլլայ հայերուն ու թուրքերուն միջեւ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Թուրքիոյ արտաքին գոծոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Ամերիկայի Քոնկրեսին որոշումը մեր ժողովուրդին համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ պատմութիւնը խաղաքարտի վերածուած է: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Իմ պատասխանը Չաուշօղլիին այն է, թէ ան կեղծաւոր է: Պարզ է, որ Քոնկրեսին կողմէ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր գործողութիւն ենթակայ է քաղաքական խաղերու: Տասնամեակներ շարունակ մենք ականատես եղանք Թուրքիոյ կառավարութեան եւ անոր աջակիցներուն կողմէ նման խաղերու, որոնք թոյլ տուին, որ այդ քաղաքական շահերը կեղծէն Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը: Այնպէս որ, կը կարծեմ, ան կը ջանայ չէզոքացնել 296 բանաձեւին նշանակութիւնը պարզապէս այն պատճառով, որ վերջապէս յառաջացան քաղաքական տրամադրութիւններ, որոնք համահունչ էին պատմական ճշմարտութեանը եւ բարոյապէս ճիշդ գործողութեան, այդ անձը պարկեշտ չէ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ծերակոյտին ղեկավարները կոչ ըրած են իրենց պաշտօնակիցներուն, որ նեցուկ կանգնին ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզի եւ Թետ Քրուզի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւին։ Կրնա՞ք մանրամասնութիւններ տալ այս մասին:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Այո՛, Ծերակոյտին թիւ 150 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին պէս է. ներկայիս, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւԾերակոյտի մեր համախոհները Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւին ընդունուիլը ապահովելու ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Ծերակուտականներուն թիւը աւելի քիչ է սակայն կան բազմաթիւ խոչնդոտներ։ Հետեւաբար դժուար ըլլայ համոզել ծերակուտականները, որ ապահովեն անհրաժեշտ թիւը: Այնուամենայնիւ, ներկայիս, Սուրիոյ վրայ յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք, Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամանքին պատճառով՝ պէտք է մենք շատ աշխատինք. կրնանք անգամ մը եւս յաջողութեան հասնիլ: Ամէն բան կարելի է:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Բացի Ցեղասպանութեան բանաձեւէն, քուէարկութեան դրուեցան նաեւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու բանաձեւներ, ինչպէս՝ վիզա չտրամադրել թուրք պաշտօնեաներուն, սառեցնել Ամերիկայի մէջ իրենց ունեցուածքը եւ այլն: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս մասին:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Հասկնալի էր, որ անցեալ շաբաթ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր թիւ 296 բանաձեւին վրայ, սակայն առաջարկուող օրէնքը, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուեցաւ նոյն օրը, թիւ 4695ը, նոյնքան կարեւոր էր, գուցէ նոյնիսկ առաւել եւս Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Թիւ 296 եւ թիւ 4695 բանաձեւներուն տարբերութիւնը այն է, որ թիւ 4695ը կը պահանջէ, որ Ծերակոյտը ընդունի զայն, ինչպէս նաեւ նախագահը վաւերացնէ, որպէսզի անիկա պաշտօնապէս ընդունուի, ուստի խոչնդոտները աւելի մեծ են: Բայց վերջնական արդիւնքը կրնայ ըլլալ, որ Միացեալ նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը պատժամիջոցներու ենթարկէ Թուրքիան եւ այլեւս չվաճառէ կամ զինամթերք չտրամադրէ անոր: Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ նման գործողութիւն մը կրնայ մղել Թուրքիոյ, որ վերջնականապէս ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ դադրեցնել յարձակումը Քիւրտերու եւ այլոց վրայ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան արդար ճանաչման համար ի՞նչ պիտի ըլլան մեր յաջորդ քայլերը:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Թիւ 296 բանաձեւը մեծ լծակ կու տայ յառաջ տանելու այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ուսուցումը եւ Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի կառավարական եւ սեփական ներդումներու հարցը, ուրեմն մենք պէտք է այս առիթը օգտագործենք: Նաեւ ամէնէն կարեւորը՝ մենք պէտք է Թուրքիոյ նկատմամբ Ցեղասպանութեան վերականգման եւ հատուցումներու ուղղութեամբ աշխատանք տանինք։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կրնա՞ք մանրամասնել այս քայլերը:
ՀԱՅԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Ինչպէս ըսի, բանաձեւին ընդունումը զարկ կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ դպրոցներու մէջ դասաւանդման աշխատանքին եւ կ՛ընդլայնէ զայն, նաեւ այլ ծրագիրներու, օրինակ՝ հատուցման հարցին եւ Divest Turkey արշաւին: