Վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կլենտէյլի Սենթրըլ փողոցին վրայ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող շէնքին մէջ (422 S. Central Ave., Glendale) կը գործէ «Պերճ» հայկական գրախանութը, որուն սեփականատէրն է երկարամեայ տպարանատէր եւ գրախանութի տէր, հասարակական գործիչ եւ ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի սան Պերճ Տէր Սահակեան, որ իբրեւ ուսուցիչներ ունեցած է նախ իր հայրը՝ Աւետիս Տէր Սահակեանը, տպարանի հիմնադիր եւ սեփականատէրը, ապա Վահէ Վահեան, Համբարձում Գումրուեան, Օննիկ Սարգիսեան եւ այլ մեծանուն կրթական մշակներ:
«Պերճ» գրատունը գիրքերու հսկայ հաւաքածոյ մը ունի խանութին մէջ, բայց մանաւանդ՝ իր պահեստարանին մէջ: Գրական, հոգեւոր, արուեստի, պատմական, հայերէնի ուսուցման, խոհարարութեան գիրքեր, երգարաններ, բառարաններ, հայկական CD-ներ եւ այլն:
Գրատունը հանրածանօթ է հարսանեկան, ուրախ կամ այլ զանազան առիթներու համար հայկական գեղեցիկ հրաւիրատոմսեր պատրաստելով: Այս հրաւիրատոմսերուն համար Միացեալ Նահանգներու զանազան նահանգներէ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ պատուէրներ կ՛ըլլան։ Յաճախ Ամերիկայէն դուրս «Պերճ» գրատուն կը դիմեն՝ այդ նրբաճաշակ հրաւիրատոմսերը ապսպրելու համար: Տօնական մօտալուտ օրերուն առիթով, հաստատութեան մէջ կան հայկական մոթիւներով զանազան իրեր եւ նուէրներ, զորս կարելի է նուիրել ոեւէ անձի՝ անոր միտքն ու հոգին ազնուացնելով: Տակաւին աւելին, որքան հաճելի պիտի ըլլայ այս օրերուն իրարու գիրք, բառարան, երգարան, հայկական կերակուրներ պատրաստելու գիրքեր նուիրելը…
«Պերճ» գրատունը ոչ միայն հայերէնով եւ անգլերէնով տպուած գիրքերու կեդրոն է, այլեւ՝ հայ մտաւորականներու հանդիպման վայր: Արդարեւ, բազմաթիւ մտաւորականներու, գրողներու եւ արուեստագէտներու կը հանդիպինք այս կեդրոնին մէջ:
Ստորեւ՝ մեր հարցազրոյցը Պերճ Տէր Սահակեանի հետ:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Պերճ» գրատունը։
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Այս հարցումին պատասխանելու համար, արտօնեցէք, որ բաւական ետ երթամ:
1930 թուականին հայրս Հալէպի մէջ բանաստեղծ եւ նկարիչ Բիւզանդ Թօփալեանէն, որ իր ընկերը եղած էր եւ որոշած էր Փարիզ հաստատուիլ, կը գնէ անոր պատկանող տպարանը եւ զայն կը վերանուանէ «Տպարան Տէր Սահակեան». տպարանը կը գոյատեւէ մինչեւ 1949: Այդ տարի մեր ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը փոխադրուի նաեւ մեր տպարանը: Տասնեակ մը տպարաններու կողքին, «Տպարան Տէր Սահակեան»ը կը գործէ մինչեւ 1975, երբ ես արդէն տասը տարիէ ի վեր ստանձնած էի զայն: Այդ թուականի կէսերուն ծայր տուաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը. տպարանը գտնուելով քաղաքի կեդրոնական թաղամասը՝ կործանեցաւ: Ենթադրելով, որ այս պատերազմը կրնար երկար տեւել, որոշեցի նոր գործի ձեռնարկել: Կրկին տպարան մը հիմնելը անհնարին էր, որովհետեւ մեծ ծախսեր կ՛ենթադրէր, ուստի Լիբանանի Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասին մէջ հաստատեցի «Պերճ Գրատուն»ը, մասնագիտացած առաւելաբար ընթերցասէր հասարակութիւնը հետաքրքրող գիրքերով, բառարաններով, գրենական պիտոյքներով եւ դաստիարակիչ խաղալիքներով: Սակայն, դժբախտաբար, պատերազմը երկարեցաւ. գաղութը սկսած էր նօսրանալու, եւ մեր հայրենակիցները սկսած էին գաղթելու Մ. Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ: Մեր յաճախորդներուն մէկ մասը փոխադրուած ըլլալով Լոս Անճելըս՝ ես ալ 1987ին «Պերճ» գրատունը հաստատեցի հոս, սկիզբը՝ Հոլիվուտ, ապա՝ 1989ին՝ Կլենտէյլ, ուր կը գործէ մինչեւ օրս:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Հետաքրքրական է իմանալ, թէ հայկական գրախանութները ինչպէ՞ս կը բաւարարուին եւ կը գոյատեւեն, երբ ոչ մէկ պետական թէ միութենական օժանդակութիւն կը ստանան:
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Շատ տեղին հարցում է: Երեւանէն ետք՝ այս ամենահոծ հայկական գաղութը այժմ ունի միայն 3 գրախանութներ. նախապէս կային քանի մը այլ գրախանութներ եւս, որոնք սակայն փակուեցան. անոնցմէ գլխաւորը՝ «Շիրակ»ը՝ քանի մը տարի առաջ:
Ասոնց շարքին «Սարդարապատ»ը կը վայելէ միութենական հովանաւորութիւն: «Ապրիլ»ի եւ «Շիրակ»ի կողքին կը գործէին նաեւ տպարաններ, իսկ «Պերճ» գրատունը երկար տարիներէ ի վեր մասնագիտացած է հրաւիրատոմսերու տպագրութեան մէջ՝ հարսանեկան, մկրտութեան եւ այլ առիթներու. այսպէս է որ կը գոյատեւէ անիկա:
Հոս կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ բաղդատական մը ընել: Վերջերս ձեռքս անցաւ 1925ի «Ամերիկահայ Հանրագիտական Տարեգիրք»ը, ուր շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզուէր. յիշեմ՝ պարզապէս բաղդատական մը ընելու համար.
Եղեռնէն ուղիղ տասը տարի ետք՝ 1924ին, ամերիկահայ գործող գրախանութներն էին՝
Պոսթըն՝ 6 հատ, Ֆրեզնօ՝ 5, Նիւ Եորք՝ 3, Ռոտ Այլընտ՝ 4, Միշիկըն՝ 1:
Իսկ հայկական տպարաններուն թիւը՝
Նիւ Եորք՝ 9 հատ, Պոսթըն՝ 5, Ֆրեզնօ՝ 5, Ֆիլատելֆիա՝ 3, Միշիկըն՝ 2, Ռոտ Այլընտ եւ Նիւ Ճըրզի՝ մէկական:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ մշակութային միութիւններու կարգին, գրատունն ալ մշակութային դարբնոց մըն է, ուր գրողն ու գրասէրը իրարու հետ շփման մէջ մտնելով՝ կը ծառայեն ազգապահպանման գործին: Դուք էք որ հայերէն գիրքը հասանելի կը դարձնէք հայ ընթերցասէր հասարակութեան: Այդ ուղղութեամբ ի՞նչ է ձեր համագործակցութեան կապը վերոյիշեալ հաստատութիւններուն հետ:
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Պէտք է ըսել, որ գործնական կապ մը չկայ: Կարգ մը եկեղեցիներ ունին փոքր կրպակ մը, ուր Կիրակի օրերը կարգ մը կրօնական գիրքեր կը վաճառեն:
Ցաւօ՛ք սրտի, եկեղեցիները երբեմն մեր գոյութիւնն անգամ կ՛անգիտանան: Առաջնորդարանները գիրքեր կը հրատարակեն եւ մեզ՝ իբրեւ սպառման կեդրոն, նկատի չե՛ն ունենար: Կը կազմակերպեն գրական երեկոներ, նոր հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէսներ, գրողներու մեծարման երեկոներ եւ այլ նմանօրինակ հանդիսութիւններ, որոնցմէ մենք երբեմն տեղեակ անգամ չենք ըլլար:
Դպրոցներու պարագային, հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի քաջալերեն արտադպրոցային հայերէն ընթերցանութիւնը, սակայն աւելի գործնական ըլլալու համար, պէտք է կանոնաւորուի գիրքերու հայթայթումը՝ նշանակելով յարմար, ժամանակակից եւ բաւարար քանակութեամբ գիրքեր, որպէսզի չդժուարանայ ծնողներուն գործը:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Կրնա՞ք գաղափար մը տալ, թէ ընթերցասիրութիւնը այս օրերուն ինչպիսի՞ պատկեր կը ներկայացնէ:
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Ակնյայտ է, որ ընթերցանութիւնը ամէն կողմ նահանջի մէջ է: Վերջին տարիներու արուեստագիտութիւնը (technology) շատ բան փոխեց. մարդիկ կապուեցան Facebook-ին, iPad-ին, Youtube-ին եւ մէկ կողմ շպրտեցին հայերէն գիրքը. արարք մը, որ կը նպաստէ աւելի արագ այլասերման։ Թէեւ, Հայաստանի մէջ վերջերս որոշ բարեփոխում մը նկատելի է. մարդիկ կը վերադառնան գիրքին գլխաւորաբար երկու պատճառներով. նախ՝ կայ տաղանդաւոր երիտասարդ գրողներու փաղանգ մը եւ կան լաւ հրատարակչատուներ, որոնք կը քաջալերեն այս գրողները եւ կը հրատարակեն ու կը տարածեն անոնց գործերը, նաեւ՝ կը տպեն օտար դասական եւ ժամանակակից գրողներու թարգմանութիւններ՝ շատ ընտիր որակով: Ա՛յս է, զոր ընթերցողները լաւապէս կը գնահատեն:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Հոս ընթերցասէր հասարակութեան նախասիրութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ պատկեր կը պարզէ:
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Ընթերցասէր հասարակութիւնը բնականաբար կը բաժնուի երկու մասի՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ: Եթէ նախապէս համեմատութիւնը 50/50 էր, ապա հիմա 70/30 է՝ ի նպաստ արեւելահայ ընթերցողներուն:
Ընթերցողները միջին տարիքի են եւ գիրքերու պահանջարկն է առաւելաբար մանկական, գեղարուեստական, Սուրբ Գրային, բառարան, թարգմանչական, եւ այլն: Ընդհանրապէս պահանջուող հայ հեղինակներն են Յ. Թումանեան, Րաֆֆի, Պարոյր Սեւակ, Յովհ. Շիրազ, իսկ օտար գրողներէն՝ Ալեքսանտր Տիւմա, Բալզակ, Պաուլու Կոռելէու, եւ այլն:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Վերջապէս, աւելցնելիք խօսք մը ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:
ՊԵՐՃ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր ժողովուրդը, որ ընթերցասէր ժողովուրդ եղած է, վերադառնայ ընթերցելու այդ ազնիւ սովորութեան եւ օրական գէթ մէկ ժամ տրամադրէ գիրք կարդալու ու վայելէ այդ մտաւորական հաճոյքը: Իսկ վերջին խնդրանք մը՝ ԳԻՐՔ ՉԹԱՓԵԼ… Մի՛ փճացնէք մեր ազգային գանձերը. եթէ ընթերցող չէք, զայն նուիրեցէք մէկու մը կամ հաստատութեան մը:
Վերջերս, մենք կորուստէ փրկեցինք Լեւոն Սողոմոնեանի (Նովել) գիրքերը: Այս անունը կրնայ անծանօթ թուիլ ոմանց: Ան հեղինակ է եւ մեկենաս աւելի քան 120 գիրքերու՝ այլազան նիւթերով, ինչպէս՝ «Հայ Նշանաւոր Գերդաստաններ», «Երազահան», «Իմաստասիրութիւն», «Ժողովրդական Բժշկութեան Դեղատոմսեր», «Երեւանեան Մանրապատումներ», «Յանցանք եւ Պատիժ», «Բախտացոյց» եւ շատ այլ գիրքեր, որոնք գրուած են նոր ուղղագրութեամբ: Այս նիւթերով գիրքերը Նոր Տարուան առիթով ժողովուրդին տրամադրելի են շատ աժան գիներով, քաջալերելու համար ընթերցասիրութիւնը:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Շատ շնորհակալ ենք այս շահեկան խորհրդակցութեան համար: Իմ սրտագին մաղթանքն ու կոչն է, որ մշակութային մեր միութիւնները յատուկ շաբաթ մը կամ օր մը նշանակեն Հայ գիրքի տարածման համար՝ հայ գրախանութներու մասնակցութեամբ, մանաւանդ որ այս օրերուն հայերէնախօսութեան տարածման աշխատանք կը տարուի մեր գաղութէն ներս:
Նորանոր տարեդարձներ «Պերճ» գրախանութին: