ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ
Շաբաթ, 18 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8ին, ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ 1 ժամ 40 վայրկեան, ժողովրդային լեզուով ասած՝ խնդալէն մեռանք: Անգլիացի թատերագիր, farce-ի վարպետ Ռէյ Գունիի գրիչէն ելած՝ «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» երկրորդ մասը («Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ»ի առաջին մասը 2003-ին դարձեալ ներկայացուած էր Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրութեամբ, «Արտաւազդ» թատերախումբին կողմէ) ընթացաւ, այս անգամ farce-ի՝ զաւեշտի նոյնքան վարպետ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական անուրանալի տաղանդին ոյժով: Փիէսի աշխոյժ, տինամիք, մէկ վայրկեանէն միւսը փոփոխուող կացութիւնները, անոնց հետեւող յանկարծաբանութիւններն (improvisations) ու հնարքները, թիփիք հայեցիութեամբ պոռթկուն արտայայտութիւնները թատերախաղին եւրոպական եւ հայկական մթնոլորտ ու երանգ կը բերէին: Այնպէս որ, անգլիացի Ռէյ Գունի եւ հայ Գրիգոր Սաթամեան միացած՝ երկու հեղինակ, մէկ թատերախաղ դարձած էին: Կը կարծեմ, թէ ասիկա հեռուէն հեռու իրարու տրուած աղուոր հաճելի յարգանք (compliment) մըն է:
Բացի թատերական արուեստին բերած նպաստեն, «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» փիէսը օգտակար է նաեւ աողջապահական առումով ալ: Արդարեւ, երբ 1 ժամ, 40 վայրկեան ծիծաղի, խնդուքի թերափիի (therapy) բուժումի ենթարկուիս, աւելի լաւ կը զգաս, աւելի վերանորոգուած ու աշխուժացած կը զգաս: Իսկ մեր՝ հայութեան պարագային, մարդկայինին առընթեր ազգայինն ալ կայ: Ոչ ոքի գաղտնիք է, որ մենք ազգապահպանման մտահոգութիւններ ունինք. մեր արմատները, ինքնութիւնը պահպանելու, իբրեւ հայ մեր գոյութիւնը պահելու պէտք ունինք այս օտար ափերուն վրայ: Իսկ այդ պայքարի յաղթական ելքին մէջ ամենակարեւորը հայ լեզուն պահելը, հայերէն խօսիլը, գրելը, կարդալը, հասկնալը, հայ մշակոյթը ծաղկեցնելն ու տարածելը ամէնէն կարեւոր զէնքերն են: Շատ ճիշդ կ՛ըսէ ՀԲԸՄ-ի «Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանը, երբ այս փիէսի առիթով պատրաստուած գրքոյկի՝ «Մեր Խօսքը» բաժինին մէջ կը գրէ. «Մեր բազմավաստակ եւ ականաւոր բեմադրիչին՝ Գրիգոր Սաթամեանի առաջնորդութեամբ, տարբեր սերունդի ու փորձառութեամբ դերասաններով, մեր թատերախումբը չի յաւակնիր չափուելու արհեստավարժ միաւորներու հետ: Մեր հիմնական խնդիրը լեզուի՝ արեւմտահայերէնի հարցն է անկասկած: Հետեւաբար, հայապահպանում՝ ամէն բանէ առաջ լեզուի պահպանում է: Իսկ լեզուները կը պահուին գործածուելով: Մենք այդ է որ կը ձգտինք իրագործել բեմ հանելով հայալեզու ներկայացուցներ»: Էհ, ի՞նչ ըսել իրաւ խօսքին:
Չեմ ուզեր «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ»ի նիւթը ներկայացնել այստեղ: Արդէն ձեւով մը հասկցաք, թէ Հայկազ Զաքարեան (Ռուբէն Հարմանտայեան) անուն խաբեբայ թաքսիի վարորդ մըն է, որ ճարպիկ կերպով կրցած է Կլենտէյլ ապրող Թամարը (Արփի Սամուէլեան) եւ Փասատինա ապրող Արփիկը (Նարինէ Աւագեան) միաժամանակ իր կինը դարձնել: Արփիէն ունեցած է Սեւակը (Փիթըր Նշան), իսկ Թամարէն՝ Շուշիկը (Ալիսըն Քէշիշեան): Երկու ջահելները համացանցի վրայ իրարու ծանօթանալով, իրար համակրած են, առանց գիտնալու, թէ քոյր-եղբայր են, իսկ խաբեբայ հայրը գիտնալով ճշմարտութիւնը, ամէն գնով կ՛ուզէ արգելք ըլլալ իրենց հանդիպումին:
Զաւակներուն՝ Սեւակի դերով Փիթըր Նշան եւ Շուշիկի դերով Ալիսըն Քէշիշեան, իրենց անմեղ սիրով եւ ըմբոստ ու վճռական խաղարկութեամբ շատ հաճելի ներկայութիւն մը եղան բեմին վրայ: Երկուքն ալ բեմական շնորհով օժտուած են ապագային համար:
Գալով երկու կիներուն՝ Թամարին եւ Արփիին, իրենց կարգին այնպիսի բնականութեամբ խաղցան իրար իբր թէ չճանչնալը, Հայկազին խաբեպատիր ճարպիկութիւններուն սկիզբէն տեղեակ ըլլալը, բայց անտեղեակութիւն ձեւացնելը: Կարճ ասած, թէ՛ Արփիկի դերով Նարինէ Աւագեան եւ թէ Թամարի դերով Արփի Սամուէլեան՝ «Երկու Էրիկ, Մէկ Կնիկ» ըսուած այլանդակ մեքենային շարժիչ ուժերը եւ զայն խաղաղութեան նաւահանգիստը հասցնող օժտեալ մեքենավարները եղան բեմին վրայ:
Այս բոլորին մէջտեղը կայ Յակոբը (Արամ Մուրադեան), խաբեբայ հօր՝ Հայկազ Զաքարեանի իբր թէ անմիտ վարձակալը: Եթէ փիէսը տեսնէք, այն ատեն կը հասկնաք, թէ բուն անմիտը ով է, Յակո՞բը թէ Հայկազը: Սկիզբէն մինչեւ վերջ, Ռուբէն Հարմանտայեանի հետ Արամ Մուրադեան եղաւ փիէսին պատրաստաբան ու յանկարծաբան, հնարամիտ բայց իբր թէ ոչ մէկ բանէ տեղեակ միամիտ Յակոբը:
Տեղին ու պահին համաձայն արձակուած իր սրամիտ, անսպասելի չքմեղանքներով, խօսելու իր ծիծաղաշարժ եղանակներով յաճախակիօրէն սրահէն քրքիջներ կը խլէր: Ունի դերասանական մեծ շնորհք, զոր իր տարբեր դերերուն մէջ ալ ցոյց տուած է անցեալին: Եթէ փիէսին ներկայ ըլլաք, Յակոբը ձեզ կրնայ ուրիշ, բաւական մեծ անակնկալի մը առջեւ դնել:
Պապիկի դերով Գէորգ Քէօշկէրեան, հակառակ յարաբերաբար պզտիկ իր դերին, շատ թիփիքօրէն ցոյց տուաւ վաստակաւոր դերասանի իր վարպետ խաղարկութիւնը: Դերին բերումով քիչ մը ուշ երեւնալով, ամէն վայրկեան տակնուվրայութիւններով եռացող բեմին վրայ իր մտացրիւ, ինքնամփոփ, տիրող կացութենէն բան չհասկցող ապշած ծերուկի տեսքով, առաջին իսկ վայրկեանէն արժանացաւ սրահի անզուսպ քրքիջին: Իսկապէս, իր քիչով շատ-շատ բան բերաւ բեմին Գէորգ Քէօշկէրեան:
«Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ»ի բուն, կեդրոնական դէմքը՝ Հայկազի դերով Ռուբէն Հարմանտայեանն էր: Դերին պարտադրած այլանդակ սուտերուն, հիւանդագին ձեւացումներուն, խաչաձեւ կացութիւններէն դուրս գալու ստայօդ հակազդեցութիւնները, զգացական լաբիւրինթոսային պահերէն դուրս գալու իր ջղաձիգ ապրումները, ֆիզիքական այլանդակ ձեւերով իբր թէ հիւանդացած, նոյնիսկ մահացած վիճակներէն անմիջապէս յառնելով, սպառնալից եղանակներով իր տղուն, աղջկան, իր խաղալիքն ու պաշտպանը եղող Յակոբին՝ պահին համաձայն ապուշ կամ շատ խելացի գնահատելը, եւ դեռ շատ ուրիշ բաներ բեմական վարպետ խաղերով ներկայացնելով ան հաստատեց, որ տակաւին շատ տալիք ունի հայ բեմին:
Իսկ ի՞նչ ըսել աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր թէ՛ իբրեւ դերասան եւ թէ իբրեւ բեմադրիչ, Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա հայ բեմին անխոնջ եւ աննահանջ նուիրումով ծառայած ու ծառայող, ՀԲԸՄ-ի «Սաթամեան» թատերախումբի ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի մասին, անոր աւելի քան 30 թատերական ներկայացումներու բեղուն վաստակին, գումարած նաեւ նոյնքան մըն ալ անհատական ելոյթներուն: Մէկ խօսք՝ Վարձքդ կատար, տաղանդդ անսպառ, սիրելի Գօգօ:
Ի հարկէ, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արժանի են նաեւ բեմավար Ռիթա Թոխմանեան, տեքորի (բեմայարդարութեան-Խմբ.) շինութեան եւ կահաւորման պատասխանատու՝ Մանուկ Սաթամեան, երաժշտութեան եւ լոյսի համար՝ Վիգէն Պալապանեան, բեմի առարկաներու պատասխանատու Լիւսի Պալապանեան, յուշարար Ռիթա Դալար Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ Սաթամեան թատերախումբին միշտ սատարող Շաքէ Թուխմանեան, Աւօ Մարգարեան, Հրանդ Վարձպետեան, Ազնիւ Սապունճեան եւ Սերժ Նաւեան:
«Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» ներկայացման յաջորդ թուականներն են՝ 7-8 Ապրիլ , 14-15 Ապրիլ: Առիթը մի փախցնէք, ներկայ եղէք այս յոյժ ծիծաղաշարժ թատերախաղին: