Նոր Տարուան տօնական օրերու նախօրէին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ահրամճեանի տեղական վարչութիւնը յղացած էր գնահատելի նախաձեռնութիւն մը:
Արդարեւ,Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ահրամճեանի վարչութեան անդամները այցելեցին Թռչնոց Բոյն: Պէտք է ընդունիլ, որ տեղւոյն հայ որբերու այսօրուան պայմանները զգալապէս կը տարբերին անոնց կսկծալի երէկէն: Սակայն, կարեկիցներ մեր ուրախութիւններուն մասնակից դարձնելու յանձնառութիւնը կը բխի Ահրամճեանականներու ազգային, միութենական համոզումներէն:
Ահրամճեանի վարչութիւնը Թռչնոց Բոյնի մուտքին դիմաւորեց հաստատութեան տնօրէնուհի Ռիթա Գալինճեանը: Ան, հիւրերուն ընկերակցեցաւ դէպի նորակառոյց թանգարանը, մեծ հայասէր Մարի Ճեքըպսընի դամբարանը: Ապա, Ահրամճեանի վարչականները այցելեցին աշակերտներուն դասարանները (թիւով՝ 36), ծանօթացան մանուկներու առօրեային եւ լսեցին անոնց երգերը, արտասանութիւնները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ահրամճեանի վարչութեան անդամները շնորհաւորեցին մանուկներուն Ամանորը, փոխանցելով իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները: Այս ուրախ առիթով, Ահրամճեանի վարչականները Թռչնոց Բոյնի աշակերտներուն բաժնեցին արժէքաւոր նուէրներ եւ վայելեցին մանուկներուն ուրախութիւնը, ապա հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան Պէյրութ: