ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Զահլէի Ալեք Մանուկեան ակումբին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Թեմի Բարեջան առաջնորդ Նարեկ սրբ. Ալեմեզեանի ներկայացուցիչ՝ Տէր Ռուբէն Միսիսեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, երեսփոխան Սելիմ Աուն, նախկին երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպ եւ անդամներ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան Պեքաայի շրջանի պատասխանատուներ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Զահլէի թաղականաց խորհուրդի անդամներ, համայնքներու ներկայացուցիչներ, միութենականներ եւ բարեկամներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներով:
Բացման խօսքը արաբերէն լեզուով կատարեց Սուրէն Պետոյեան, հայերենով՝ Աւօ Փամպուքեան: Անոնք դատապարտեցին հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով դատապարտել Օսմանեան Թուրքիոյ յանցագործութիւնները՝ նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու մտահոգութեամբ:
Տեսաերիզի վրայ ցուցադրուեցան հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յատկանշող կարեւոր հանգրուաններ, իրադարձութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, պահանջատիրական պայքարը խորհրդանշող քայլեր: Գնահատանքով արձանագրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պետութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն մարդասիրական կեցուածքը: Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ կատարուեցաւ օրուան խորհուրդը հաղորդող ասմունք:
ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբը յաջորդաբար հնչեցուց ազգային-հոգեւոր երգեր:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Տէր Ռուբէն Մինասեանի պահպանիչով:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Զահլէի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ ոգեկոչման հանդիսութիւնը վերահաստատեց, թէ հայ ժողովուրդը յանձնառու կը մնայ իր իրաւունքներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն հետապնդման:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ