Ցաւակցութիւն` «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնի
Պայթումին Պատճառած Զոհերուն Ընտանիքներուն
«Հզօր Լիբանան» համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Հզօր Լիբանան» համախմբումը կը զգուշացնէ հրաժարած կառավարութեան կողմէ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները իւրացնելու պատրաստ ֆաթուաներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերէն, եթէ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կարելի չըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Համախմբումը հաստատեց, որ նման փորձեր կտրականապէս մերժելի են եւ անոնք սահմանադրական քաոսի դիմաց դռներ կրնան բանալ:
Համախմբումը պահանջեց, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմուի եւ ոչ ոք նախաձեռնէ երկրին սահմանադրութիւնը հարուածելու արկածախնդրութիւններու:
Համախմբումը խստիւ դատապարտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցչութիւնը զոհելու պատրաստակամութիւնը` ի հեճուկս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան: «Օրին` 1990-ին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն գտնուած էր հանրապետութեան նախագահութեան լիազօրութիւնները զիջելու` ի հեճուկս զօր. Աունի», նշուեցաւ համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ «Հզօր Լիբանան» համախմբումը ցաւակցութիւն յայտնած է Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցւոյ հրդեհին, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն: