ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին կենաց եւ մահու բազմաթիւ գոյակռիւներ մղած է, ի խնդիր՝ ազատութեան, Հայրենիքի, հաւատքի եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան:
Վարդանանցը կազմաւորեց մեր ազգային նկարագիրը: Վարդանանց ոգին ուռճացուց մեր ժողովուրդին ապրելու իրաւունքը: Այդ ոգին յաջորդ սերունդներուն անեղծ փոխանցելու պատասխանատուութիւնը մեզի վստահուած է այսօր:
Վարդանանց պատերազմը մեր պատմութեան էջերը բարեզարդող պատմութիւն չէ միայն. այլ հայ ժողովուրդի քայլող ու շնչող զօրակիցն է:
Բաւարար չէ ոգեկոչել Վարդանանցը: Անհրաժեշտ է իւրացնել Վարդանի եւ անոր հետ ինկած նահատակներուն պատգամը:
Դժբախտաբար մութ ամպեր ծածկած են Սփիւռքն ու հայրենիքը…: Հայ ժողովուրդը՝ պետութիւն, եկեղեցի, քաղաքական հոսանքներ, բոլոր ժամանակներէ աւելի միասնական կեցուածք գործնապէս ցուցաբերելու խիստ հրամայականին առջեւ կը գտնուի այսօր: Հզօ’ր պետականութիւն. այ’ս պարտի դառնալ բոլորիս գաղափարախօսութիւնը եւ իտէալը:
Միւս կողմէ, նայեցէ’ք Ձեր շուրջ: Որքա՜ն անտարբերութիւն պիտի նշմարէք մեր համազգային արժէքներուն եւ ժառանգութիւններուն հանդէպ:
Անտարբերութիւնը կը խաթարէ մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, եւ կը փորձէ անդիմագիծ հաւաքականութեան վերածել մեզ:
Հաւատքէն կը բխին անհատներու եւ ժողովուրդներու մեծ գաղափարները: Եւ վերջապէս ին՞չ է հայրենասիրութիւնը եթէ ոչ, հաւատք դէպի ապագայ:
Յարգանք եւ պատիւ Աւարայրի նահատակներուն: