Մայիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ աշխարհահռչակ ձեւաւորող Մայքլ Արամի մետաղեայ-ձեւաւորումներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը:
Մայքլ Արամի գործունէութեան 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը պիտի գործէ մայիս 26-28:
Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Շնորհաւորելով արուեստագէտը ցուցահանդէսի բացման առիթով, նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհաւորում եմ Մայքլի առաջին այցը հայրենիք, որը նշանաւորւում է նրա ստեղծագործութեան 25 ամեակին նուիրուած այս գեղեցիկ ցուցահանդէսով: Մետաղը տիզայներական նոր որակի հասցնելով` Մայքլը հայ մարդու անունն ու գործը ներկայացնում է աշխարհին: Նրա ստեղծած «Նուռը» տեսնելով` պատկերացում է ստանում հայկական որակների ու հայկականութեան մասին: Օգտուելով առիթից` ուզում եմ Մայքլին պարգեւատրել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով եւ նուիրել «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» հաւաքածուն» :
Ելոյթ ունեցան ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Խաչատրեան, ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի ոսկեղէնի եւ նուէրներու «Le Papillon» խանութի տնօրէն Նազ Աթիկեանը եւ այլք:
Մայքլ Արամի աշխատանքները` սպասքէն մինչեւ կահոյք, կը վաճառուին աշխարհի տարբեր ցուցասրահներու մէջ եւ 600-է աւելի մասնագիտացուած խանութներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած եւ ապրած, բայց ազգային արժէքներուն հաւատարիմ արուեստագէտի աշխատանքներուն մէջ յաճախ կարելի է նկատել հայկական խորհրդանիշներով նմուշներ: Յատկապէս տպաւորիչ են նուռով, խնձորով, թիթեռներով, արեւածաղիկներով հաւաքածուները: Անոր բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներէն է «Ellis Island» շքանշանը, որ ստացած է 2011 թ. Ամերիկայի մշակոյթին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար:
Մայքլ Արամը կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ. ան Հայկական մանկական հիմնադրամի եւ «Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոկեաներու կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է: