Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) Լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներուն նպաստելու նպատակով, , յատկացուցած է սկզբնական յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը ի լրումն տարեկան իր շօշափելի օժանդակութիւններուն:
Այս յաւելեալ օժանդակութեամբ ԱՀԱԸը կու գայ անգամ մը եւս հաւաստելու իր յանձնառու աշխատանքը եւ Լիբանանահայութեան նկատմամբ իր յատուկ հոգածութիւնը, Ընկերակցութեան առաքելութեան 102-ամեայ ուղիին ընթացքին:
Դիւան ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմնի
Պէյրութ, 21 Մայիս 2020