79 տարեկանին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, օփերայի նշանաւոր երգիչ Վահան Միրաքեանը:
Անցեալ դարու 50–70ական թուականներուն հայկական օփերային արուեստը ունեցաւ բազմաթիւ տաղանդաշատ երգիչներու աստղաբոյլ, որոնց կարգին նաեւ փայլեցաւ Վահան Միրաքեանի աստղը: Անոր մարմնաւորած իւրաքանչիւր նոր դեր կը դառնար երաժշտագէտներուն, թատերագիրներուն եւ օփերայի արուեստի երկրպագուներուն հիացմունքին եւ գնահատանքի առիթ:
Անոր համբաւը շատ արագ դուրս եկաւ Հայաստանի սահմաններէն. նշանաւոր թենորը բազմաթիւ այցելութիւններ տուած է զանազան երկիրներ՝ տարածելով հայ վոկալ արուեստի փառքը Եւրոպայի, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ան արժանացած է բազմաթիւ պատուոյ գիրերու եւ մետալներու։
1980ական թուականներէն ետք Վ. Միրաքեան իր բեղմնաւոր գործունէութիւնը շարունակեց Վիեննայի, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր մահացաւ։
Վահան Միրաքեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ 26 Մայիսին, Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: