Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, միջինարեւելեան երկիրներու 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու միօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 ապրիլ 2013-ին,Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ։
Խորհրդաժողովը՝
Ա.-Քննարկեց իւրաքանչիւր երկրի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։
Բ.-Ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։
Գ.-Օրակարգի յատուկ կէտով քննարկեց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնմանիրաւական թղթածրարի պատրաստութեան համար համապատասխան ուղիներով առաջնորդուելու հնարաւորութիւնները։
Դ.-100-ամեակի տարուան նախապատրաստական աշխատանքներու ներկայացման շրջագիծին մէջ քննեցիւրաքանչիւր շրջանին մէջ նախատեսուած ծրագիրները եւ շեշտեց անոնցմէ ոմանց իրականացումը յանձնախումբերուն միջեւ համադրելու անհրաժեշտութիւնը։
Խորհրդաժողովը առաջադրեց.
Ա.-100_ամեակի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ պարբերական խորհրդաժողովներ կազմակերպել գաղութներու մէջ գործող հոգեւոր կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ՝ աշխատանքներուն համագաղութային տարողութիւնը իբրեւ աշխատանքի ուղղութիւն պահելու համար։
Բ.-Շարունակել նախաձեռնել պահանջատիրական պայքարի բոլոր դրսեւորումները հայ ժողովուրդի պատմական բոլո՛ր իրաւունքներուն վերականգնման համար։
Գ.-Նկատի ունենալով միջինարեւելեան երկիրներու գաղութներուն պատմական եւ ռազմավարական կարեւորութիւնը, պայքարիլ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ՝ տարբեր ճակատներու վրայ։
Դ.-Հետամուտ ըլլալ եւ սատարել Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, հատուցման եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան եւ ամբողջական արդարութեան վերականգնման բոլոր աշխատանքներուն։
Միջինարեւելեան Երկիրներու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողով
Անթիլիաս, 6 ապրիլ, 2013