Անցնող երկու կամ երեք տարիները, թէ՛ աշխարհի եւ թէ՛ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու եւ մասնաւորաբար արաբական երկիրներու համար եղան մասամբ ճակատագրական, ուր թէեւ կնքուեցան ու դեռ կը շարունակուի կնքուիլ նոր-նոր դաշինքներ եւ սակայն նոյն ժամանակաշրջանին մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս եւ ի՜նչ գինով հեռացուեցան ղեկավարներ, նախագահներ ու պատասխանատուներ, քանդուեցան արաբական շատ մը քաղաքներ, բանակներ, որոշ երկիրներու բարգաւաճած տնտեսութիւններ՝ առանց խղճահարութեան, ուր միշտ ալ զօրաւորը պարտադրեց իր կամքը՝ անշուշտ ցոյց տալով գաւազանի ծայր, որու արդիւնքով պատահեցաւ անպատահելին..:
Սակայն, պէտք է նկատի առնել, որ պատահեցաւ հակառակը եւս նաեւ… ցուցադրուած գաւազանը կամ մատը, տեղ-տեղ մնացին լոկ ցուցադրութիւն եւ սպառնանք… եւ գործնականին մէջ հարցերը ստացան տարբեր տարազ եւ լուծում… երբ աշխարհի վրայ նկատուեցաւ, թէ տիրող մենատիրութիւնը սկսած է դառնալ վտանգաւոր երեւոյթ, որու շարունակութիւնը վտանգ համարող կողմեր, սկսան շեղել աւանդական կողմնացոյցի սլաքին ուղղութիւնը, առաջարկելով երկխօսութիւն՝ ձեւաւորելու համար ներդաշնակութիւն, որու արդիւնքով կարգ մը հրատապ խնդիրներ կը սպասեն իրենց արագ լուծման կամ դասաւորման՝ եթէ կատարուի ակնկալուած ձիւնհալը՝ հակառակ տիրող անժամանակ տօդին..:
Մեր ընթերցողներու մեծամասնութեան ծանօթ է այն, թէ քաղաքական դաշտէ ներս, շրջանէ մը ի վեր կը տիրէ մակընթացութիւն… եւ երբեմն ալ դոյլ տեղատուութիւն, ուր նժարի զոյգ պնակներուն վրայ հսկող ծանօթ հսկաներ, կը փորձեն իրենց ամբողջ կշիռքը դնել՝ շահելու համար դրուած գրաւը եւ իրենց ագարակէն ներս խնջոյքի հրաւիրելու համար փոքր երկիրներ՝ ընդարձակելու համար իրենց հեղինակութեան դաշտը..:
Բոլորիս համար այլեւս յստակ է, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան և Արևելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին ընթացքին, տակաւին վերջերս կը նախատեսուէր «Ասոցացման» համաձայնագիր կնքել Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջև: Անշուշտ, այս լրատուութիւնը, որոշ չափով ուրախութիւն պատճառեց մեզի, քանի որ, օրին բարձր գնահատեցինք Եւրոպացիներու ուշ, բայց շարժիլ սկսած նոր բաց քաղաքականութիւնը՝ մեր հանդէպ:
Ասոր հետ միասին, լաւապէս գիտենք նաեւ, որ սեպտեմբերի 3-ին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նոր-նոր կազմաւորուող ու զարգանալ խոստացող Մաքսային Միութեան միանալու որոշումը և հետագային ալ Եւրասիական միութեան ձևաւորման մասնակցելու լուրջ մտադրութեան մասին իր թափանցիկ մտադրութիւնը:
Հայաստանի առած այս որոշումը սակայն, հազիւ արտասանուած բարձրախօսէն, տարօրինակօրէն ենթարկուեցաւ արագ ու սուր քննադատութեան՝ եւրոպական որոշ կառոյցներու ու փորձագիտական շրջանակներու կողմէ, որոնք աճապարեցին հրապարակաւ պատասխան տալ Հայաստանի նախագահին արտայայտութեան, յայտարարելով, որ «Հայաստանը գործնականին մէջ խզեց Եւրոպայի հետ բանակցութիւնները… երեւոյթ մը, որ անհնար կը դարձնէ Եւրոպական Միութեան հետ «Ասոցացման» համաձայնագրի նախաստորագրութիւնը… այս տարուայ նոյեմբերին Վիլնիւսի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան և Արևելեան գործընկերութեան ղեկավարներու գագաթնաժողովին ընթացքին»..:
Եւրոպացիներու բարձրաձայն քննադատութիւնը օրին լսուեցաւ Հայաստանի պատասխանատուներուն կողմէ, եւ սակայն հակառակ հնչող ըսի-ըսաւներուն, չորեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2013 -ին, ելոյթ ունենալով ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանի ժամանակ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ամենայն սառնասրտութեամբ յայտարարեց, որ Հայաստանը անպայման կը մասնակցի Վիլնիւսի գագաթնաժողովին և պատրաստ է ստորագրել «Ասոցացման» համաձայնագիրը Եւրոպական Միութեան հետ:
Արդարեւ, հակառակ Հայաստանի նախագահին բացայայտ ու անվերապահ արտայայտութեան, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի մամլոյ քարտուղար Փիթեր Ստանոն օրին յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջև ստորագրման համար ոչ մէկ փաստաթուղթ ներկայ դրութեամբ չէ պատրաստուած..: «Մենք կը փորձենք Հայաստանի հետ հետագայ համագործակցութեան ուղիներ գտնել` հիմնուելով առկայ նվաճումներու վրայ»,- ըսաւ Ստանոն:
Ընթերցելէ ետք վերեւ հնչող խօսքերը, կու գանք բարձրաձա՜յն մտածել, թէ Եւրոպական Միութիւնը, զարմանալիօրէն շատ գերզգայուն դարձած է վերջերս եւ կը ջանայ խաղալ «Տոն Քիշոթեան» նոր ու չնաշխարհիկ քաղաքականութիւն՝ հետապնդելով միակողմանի դիրքորոշում միայն, յենելով իր հովանաւորին, աշխարհագրական ամուր դիրքին եւ տնտեսական զօրաւոր ուժին: Եւ արդարեւ, Եւրոպական Խորհուրդը, մանրակրկիտ քննութենէ անցընելէ եւ լուսարձակի տակ առնելէ ետք ներկայիս Միջին Արեւելքէ ներս տիրող քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւնը, կը ջանայ նախկին Խորհրդային Միութեան, ինչպէս նաեւ Կովկասեան կարգ մը երկիրներ Առեւտուրի քօղի տակ ենթակայ դարձնել իրեն, զանոնք կամայ-ակամայ հակադրել փորձելով հետզհետէ իր հեղինակութիւնը վերագտնող Ռուսական Դաշնակցային Հանրապետութեան դէմ… յիշեցնելով պահ մը, թէ ո՞վ ըսաւ որ վերջացած է նախկին պաղ պատերազմի օրերը..:
Կասկած չկայ, որ Հայաստան շա՜տ լաւ գիտէ Արեւմուտքի ղեկավարներուն խաղցած «գաղջ» քաղաքականութեան ոճն ու արդիւնքը՝ 1895 -էն մինչեւ 1915 թուականները… մինչեւ Կիլիկիոյ պարպումը… եւ՝ նոյնիսկ Վիլսընեան սահմանները… որոնք դարձան նոր-նոր պիղատոսներ եւ հայու թափուած արեան մէջ լուացին իրենց մաքո՜ւր ձեռքերը: Կը խորհիմ, որ ազգերու խոստումնադրուժ քաղաքականութիւնը պատմութեան մէջ ամենաշատը համտեսած է հայ ժողովուրդը, որ լաւ գիտէ Եւրոպացիներու, ինչպէս նաեւ այլոց խաղցած տխուր դերն ու խաղը՝ մեր գլխուն:
Դժբախտաբար, Եւրոպական կարգ մը պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք աւելի շատ արկածախնդիր առաջնորդներ են քան թէ ազնիւ ու շրջահայեաց քաղաքագէտներ, այս պարագային գինովցա՜ծ ազերիական «սեւ ոսկիէն» ու «խաւիար»էն… կը ջանան իրենց դիւանագիտական խողովակներով, մեղմացնելու համար իրենց ջղայնութիւնը, կը ցանկան ձեւով մը «մեկուսացնել» Հայաստանը… շատ յաճախ Ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ արտայայտելով ոչ ամբողջական, այլ միակողմանի սխալ կարծիք… անոնցմէ շատեր մոռնալով իրենց նախահայրերուն մեղքը… հայ ժողովուրդի անճիտման ու տեղահանման ժամանակ:
Ցաւ ի սիրտ, միայն անունո՜վ քրիստոնեայ Եւրոպան, իր տհաս, որձեւէգ ու կողմնակալ քաղաքականութեան պատճառով, Միջին Արեւելքի մէջ ի՛նքն է որ աչք կը խփէ հոն ապրող քրիստոնեաներու տառապանքին, անուղղակիօրէն քաջալերելով տիրող ահաբեկչութիւնը, դառնալով գործիք՝ «փեթրոտոլարներ»ու տէր կարգ մը իշխանութիւններու, անշուշտ այս, ո՛չ թէ հիմա միայն… այլ Մեծ Եղեռնի օրերէն ի վեր՝ առանց խղճահարութեան, երբ մեզի օրին պարտադրեցին թափել երկաթէ շերեփը եւ որդեգրել «թուղթէ շերեփ»..: Մեր հաւատացած Եւրոպան, համոզուած եմ, որ քրիստոնէութիւնը հագած է որպէս շապիկ, միայն, … ան իւրաքանչիւր պատեհ առիթով պատրաստ է հանելու իր հագած քրիստոնէական շապիկը, պայմանով որ, իր բաճկոնի գրպանները լեցուին «խաւիար»ով կամ կանաչ տոլարներով..:
Հիմա, երբ յստակօրէն որոշ հանդարտութիւն եւ նաեւ որոշ անտարբերութիւն ու անորոշութիւն կը տիրէ Եւրոպական Խորհուրդի մօտ՝ Հայաստանի գործընկերութեան հարցի շուրջ, կը հաւատանք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, նկատի առած Միջին Արեւելքէ ներս տիրող քաղաքական բխրուն իրադրութիւնը, առաւել՝ նկատի առած Հայաստանի շրջափակման ենթարկուած ըլլալու պարագան, նաեւ՝ մեր երկրի տնտեսական կացութիւնը, շատ ճիշդ քաղաքական քայլ առաւ, որոշելով միանալ կազմաւորուող Մաքսային Միութեան, ապագային զարգացնելու համար իր յարաբերութիւնները Մաքսային Միութեան երկիրներու հետ, առաջին իսկ հերթին զարկ տալու համար երկրի տնտեսութեան, որուն այնքան կարիքն ունի մեր համբերատար ժողովուրդը:
Երբ կը խօսինք մեր երկրի եւ Մաքսային Միութեան տնտեսական յարակցութեան մասին, տնտեսութեան թղթածրարէն առաջ եւ վերջ, մեզ կը հետաքրքրէ առաջին հերթին Հայաստանի եւ ազատագրուած Ղարաբաղի անվտանգութեան հարցը, երբ մեր հարեւանը մինչեւ ակռաները կը զինուի, եւ օր ցերեկով կը սպառնայ պատերազմ յայտարարել… այս տիրող կացութեան առջեւ, թերագնահատել Ռուսիոյ այժմու դերը՝ Միջին Արեւելքէ ներս, համազօր է յիմարութեան:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ