ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
«Արմենիուզ» առցանց թերթը կը գրէ, թէ Հայ դատի գործիչներու դէմ Մաքսիոմ Կոէնի դատական հալածանքները կը շարունակուին։ «Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողը, որ բուն դատը կորսնցնելէ ետք վեց անգամ ալ վերաքննութեան դատը կորսնցուցած էր Արա Թորանեանի եւ Սամ Թիլպեանի դէմ՝ դիմած է նոր դատի. նիստը տեղի պիտի ունենայ 10 Դեկտեմբեր, ժամը 13.30-ին Փորթ տը Գլիշիի մէջ նոր կառուցուած Փարիզի Առաջին իրաւասութեան դատարանի 17-րդ ատեանին մէջ։ Կոէն այս դատը բացած է «Նուվէլ տ՚Արմենի մակազին»-ի տնօրէն եւ CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեանի ու «Ֆրանս-Արմենի»-ի նախկին խմբագրապետ եւ Հայ դատի Պրիւսէլի գրասենեակի նախկին տնօրէն Լօռան Լէյլէքեանի դէմ», կը նշէ առցանց թերթը։
Ըստ «Արմենիուզ»-ի այս նոր դատին պատճառաբանը եւս, ինչպէս նախորդներուն՝ անուանարկութիւնն է, նոյնիսկ եթէ հոս խնդրոյ առարկայ արտայայտութեանց հեղինակները ո՛չ Թորանեանն է եւ ոչ ալ՝ Լէյլէքեանը։
Հարցը հետեւեալն է.-
Թորանեանի դէմ Կոէն դատ բացած է որպէս հրատարակութեան տնօրէնը «Արմենիուզ»-ի, որու «յանցանք»-ն է 2014 Հոկտեմբերին կայքի իր էջին արձագանգած ըլլալ զուիցերացի ընկերվարական երեսփոխան Գարլոս Սոմարուկայի եւ Կոէնի թուիթըրեան առցանց վէճի վերջին բաժնին։ Վէճը իր ամբողջութեան մէջ ընթացած է հետեւեալ ձեւով. Սոմարուկա գրած է.- «Զուիցերիա այցելութիւնը վերջ գտաւ։ Ս.[ելահաթթին] Տեմիրթաշ (HDP-ի համանախագահ քիւրտ առաջնորդը, որ ներկայիս դաժան պայմաններու մէջ կը գտնուի բանտը – «ՆՅ») ժողովրդավարութեան, օրինաց երկրի եւ խաղաղութեան ի խնդիր իր պայքարը պիտի շարունակէ Պոլսոյ մէջ»։ Թուիթըրի այս առաքման Կոէն պատասխանած է գրելով. «Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան ի խնդիր իր պայքարը»։ Իսկ Սոմարուկա իր կարգին պատասխանած է (այս բաժինն է, որ «Արմենիուզ» ատենին հրապարակած է եւ որ ներկայիս Կոէնի բողոքին հիմք կը հանդիսանայ) «Երբ նկատողութիւնը կու գայ թրքական իշխանութեան գործակալէ մը, ձեզ նման Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողէ մը, [արդէն] ամէն ինչ ըսուած է»։
Իսկ Լէյլէքեանի դէմ յարուցուած մեղադրանքը այն է, որ ան ալ վերստին թուիթ ընելով՝ բաժնած է խնդրոյ առարկայ այս առաքումը։ Տասնեակ ուրիշներ եւս նոյնը ըրած են, բայց Կոէն միայն Լէյլէքեանը թիրախ առած է։ Ինչ կը վերաբերի զուիցերացի երեսփոխան Սոմարուկային, պաշտպանուած ըլլալով խորհրդարանական անձեռնմխելիութեամբ՝ ան զերծ կը մնայ դատական այս հետապնդումէն։ ■