Կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական ազգային հանդէսին, երեքշաբթի, 31 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի մահուան 20-րդ տարելիցին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան նկատել տուաւ, որ մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան աւելի քան կէս դար իր հայրենասէր առաքելութեամբ ծառայած է լիբանանահայ համայնքին հանդիսանալով ո՛չ միայն հայ կարկառուն դէմք մը, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական անուանի դէմքերու ու լիբանանեան ընկերային կեանքին մէջ բոլորին կողմէ սիրուած, յարգուած, մեծարուած անձնաւորութիւն մը: Յ. Տիւնեայեան նաեւ յայտնեց, որ սոյն յուշ-երեկոյին առիթով մեթր Սեդրակեանի կինը` Մարլեն Մելքոնեան-Սեդրակեան Միացեալ Նահանգներէն ուղարկած է ողջոյնի գիր ու գնահատանք, նաեւ Սեդրակեանի աշակերտներէն Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեան իր կարգին փոխանցած է ողջոյնի գիր ու գնահատանք:
Այնուհետեւ տեսերիզի ընդմէջէն ցուցադրուեցան մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի ձայնէն յորդող, տպաւորիչ եւ ջերմ խօսքեր, որմէ ետք Յ. Տիւնեայեան կարդաց ողջոյնի գիրերը:
Օրուան բանախօսն էր երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Բ. Թորոսեան, որ իր նիւթը ներկայացուց «փաուըր փոյնթ»-ով: Ան նկատել տուաւ, որ պատմութիւնը միայն պատերազմներու եւ յաղթանակներու մասին չէ, այլ նաեւ մարդոց մասին, որոնք կարեւոր հետք ձգած են իրենց ետին, աւելցնելով, որ լիբանանահայ գաղութը մեծ բան կը պարտի մեթր Սեդրակեանին:
Բանախօսը իր ներկայացման ընդմէջէն անդրադարձաւ մեթր Սեդրակեանի ծնունդին, Եոզկաթի մէջ, 1916-ին, անոր ընտանեկան կեանքին, ուսանողական տարիներուն: Բանախօսը նաեւ ըսաւ, որ մեթր Սեդրակեան եղած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի համալսարանականներու ուսանողական միութեան հիմնադիրներէն: Ան նաեւ 1946-1948 տարիներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է ներգաղթի մէջ, երբ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով ընտանիքներ
ներգաղթեցին Հայաստան: Թորոսեան անդրադարձաւ նաեւ մեթր Սեդրակեանի` ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի շրջանակներուն մէջ ունեցած ներդրումին` աւելցնելով, որ ան կարեւոր գործունէութիւններ ունեցած է լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Թորոսեան խօսեցաւ մեթր Սեդրակեանի նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, անոր պարգեւատրումներուն, ստացած գնահատագիրներուն եւ մետալներուն, նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններու անոր հանդէպ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:
Բանախօսութեան աւարտին Յակոբ Տիւնեայեան յուշանուէր մը յանձնեց Պետրոս Բ. Թորոսեանի` առ ի գնահատանք անոր ազգային հասարակական կեանքին մէջ ունեցած գործունէութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Թուխիկ Աւետիսեան, որ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ մարդ էլ» քերթուածները:
Աւարտին Յակոբ Տիւնեայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն յուշ-երեկոյի յաջողութեան: