Ինկանք, բայց չկոտրեցանք.
Պիտի վերականգնինք կրկին,
Անկասկած։
Պիտի մեր շարքերէն ծնին նոր հերոսներ,
Մշակոյթի նոր տիտաններ, ու հանճարներ,
Մաքրենք պիտի մեր հոգիներուն մուրն ու ժանգը,
Սիրենք մեր լեզուն ու հայրենիքը`
Որպէս սբազան արժէք եւ գերագոյն նպատակ,
Պիտի քարը վերածենք յարութեան կոթողի,
Հողը`բաբախող շունչի ու երգի,
Եւ արեւուն շողերը` նոր երազանքներու երկունքի։
Մենք հա~յ ենք, հպա´րտ ու անվեհե´ր,
Մեր կամքն է զօրեղ ու հուրը մեր սրտին` մի´շտ վառ,
Պիտի կրկին նայինք ոսոխին աչքերուն, հպարտօրէն,
Յիշեցնենք ու պահանջենք գինը արեան`
Մեր երէկի բոլո~ր նահատակներուն,
Պիտի աշխարհին ցոյց տանք թէ մենք`
Ապրո~ղ ազգ ենք, յամա´ռ ու աններո´ղ…։
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Ապրիլ 2021
անտիպ